ՆԿԱՐ Հայկական Ս. Գրիգոր համանուն կուսանաց վանքին մուտքը
Տեղեակ էի, որ Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մէջ հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անունին ձօնուած եկեղեցի մը գոյութիւն ունի եւ այնտեղ դարերէ ի վեր կը պահպանուին մաս մը անոր հրաշագործ մասունքներէն£ Ցաւօք, տակաւին մինչեւ վերջերս կարելիութիւնը չէի ունեցած գտնուելու Նափոլի£ Սակայն քանի մը շաբաթ առաջ բախտը վիճակուեցաւ շրջագայութեան մը առթիւ մեկնելու հոն եւ այցելելու հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ իտալերէնով ուղղակի ՙLa Chiesa di S. Gregorio Armeno՚ [բառացի թարգմանութեամբª Ս. Գրիգոր հայ եկեղեցի] կը կոչուի£ Տպաւորութիւնս ցնցող էր, որովհետեւ պատկերացումէս շատ աւելի հզօր էր իրականութիւնը, ոչ միայն անոր համար, որ Իտալիոյ այս կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկուն մէջ մեծ սուրբին շնորհիւ հայոց անունը մնայուն ներկայութիւն մըն է, այլեւ հսկայակառոյց եկեղեցիին պատերուն վրայ հանճարեղ նկարիչներ իրենց վրձինով յաւերժացուցած են Հայաստան աշխարհի դարձի լուսապսակ հեղինակութեան կենդանագիրըª չարչարանաց պատմութիւնը, քարոզութիւնը, Տրդատ Գ. թագաւորին դարձը, հայոց մկրտութիւնը, Լուսաւորիչիª Կեսարիոյ մէջ Ղեւոնդիոսէ եպիսկոպոս օծուիլը եւ այլն£
ՆԿԱՐ Ցուցատախտակը, որուն վրայ արձանագրուած է փողոցին հայաբոյր անունը
Քաղաքին կեդրոնական եւ բազմամարդ փողոցներէն մէկը, ուր Ս. Գրիգոր (Լուսաւորիչ) հայ եկեղեցին կը գտնուի, նոյնինքն եկեղեցիին անունով ՙVia S. Gregorio Armeno՚ կը կոչուի£ Հպարտութեամբ տոգորուած եւ տեսակ մը երախտագիտութեան զգացումով ուղեկիցներուս հետ կը փութամ փողոցին կեդրոնը, կանգ կ՛առնեմ եկեղեցիին մուտքին առջեւ, կը բարձրանամ քարապատ սանդուխէն, զգուշութեամբ կը բանամ մուտքին դուռը եւ երկիւղածութեամբ կը խաչակնքեմ երեսս եւ սքանչացումով կը դիտեմ անոր ոսկեթոյր հսկայական նաւը£ Ի՜նչ լաւ է, որ եկեղեցին վերածուած չէ զբօսաշրջիկներու պարզ թանգարանի մը, այլ ունի միանձնուհիներու միաբանութիւն, համայնք, որ այդ պահուն ջերմեռանդ կը հետեւէր իտալերէնով մատուցուող սուրբ պատարագի արարողութեան£ Պատարագը կը մատուցուէր ժողովրդական խորանին վրայ, որուն ետին կը գտնուի գլխաւոր խորանըª Giovanni Bernardo Lamas-ի վրձինէն Յիսուսի Համբարձման 1574 թուականին ստեղծագործուած փառահեղ նկարով£
Պատարագի աւարտին մօտեցայ միանձնուհիներէն մէկուն, պարզեցի ինքնութիւնս եւ քանի մը տեղեկութիւններ խնդրեցի եկեղեցիին մասին£ Շահեկանութեան իմաստով զանոնք պիտի ուզէի ներկայացնել ստորեւ.
ՙՍրբազան աւանդութեան մը համաձայն, հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հիմնուած է Ը. դարուն, երբ պատկերամարտութեան Բ. շրջանին խումբ մը հայ միանձնուհիներ Բիւզանդիայէն փախուստ տալով կը հասնին Նափոլիի նաւահանգիստը£ Անոնք իրենց հետ կը բերեն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները, որոնց ջերմեռանդութեան եւ աղօթասաց ծառայութեան նուիրած էին իրենց կեանքը£ Հայ միանձնուհիները գալով քաղաքին այս նոյն վայրը, մեծ հաւանականութեամբ, գտած են նախնական եկեղեցի մը, որուն կից կառոյցներէն մին իրենց համար դարձուցած են վանք եւ Ս. Բարսեղ Կեսարացի հայրապետին վերագրուող կանոններով առաջնորդած են իրենց միաբանութիւնը£ Սակայն ժամանակի հոլովոյթին մէջ անոնք հայկական ծագում ունեցող միանձնուհիներու նոր կոչումներ չունենալովª իրենց տեղը զիջած են տեղացի կամ օտար միանձնուհիներու, որոնք իրենց վանական կեանքը շարունակած են Ս. Պենետիկտոսի կանոններով£
Այսօրուան առկայ եկեղեցիին շինարարութիւնը սկսած է 1574 թուականին, նախաձեռնութեամբ եւ անձնական ծախսով աբբայուհի Donna Giulia Caracciolo-ի, նաեւ Vincenzo Della Monica եւ Giovan Battista Cavagna շնորհալի ճարտարապետներու նախագիծով£ Կառոյցը ամբողջապէս աւարտելէ ետք, եկեղեցին կ՛օծուի 1579 թուականին ու պաշտօնապէս կը ձօնուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբակրօն անունին£
Բացի մատուռներէն, միանաւ եկեղեցւոյ պատերուն վրայ առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանի են նկարչական ստեղծագործութիւնները նափոլիցի տաղանդաւոր Luca Giordano-ի (1634-1705), որոնք իրագործած է եկեղեցւոյ կառուցման 100-ամեակին առթիւª 1679 թուականին£
ՆԿԱՐ Հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նաւը`
խորանի մօտ մատուցուղ պատարագի ժամանակ
Հայ միանձնուհիներու Նափոլի ժամանումը երեք դրուագներով պատկերուած են մուտքի պատին վրայ£ Առաջին դրուագը կը ներկայացնէ միանձնուհիներուն նաւով ժամանումը Նափոլիի նաւահանգիստը£ Երկրորդ դրուագը կը ցուցադրէ հայ միանձնուհիները սպիտակ կապաներով եւ սեւ շղարշներով,- հաւանաբար Բարսեղեան կրօնաւորութեան այդ ժամանակուան իրենց համազգեստներով,- Նափոլի կը փոխադրեն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքերը պարունակող մասնատուփը£ Իսկ երրորդ դրուագը աբբայուհին է, որ ափ դուրս կու գայ եւ մասնաւոր բարեպաշտութեամբ կը դիմաւորուի նափոլիցիներուն կողմէ£
Բնականաբար, եկեղեցւոյ պատերն ու մատուռները զարդարուած են բազմաթիւ որմնանկարներով եւ սուրբգրային, նաեւ եկեղեցական տարբեր դրուագներու եւ սուրբերու պատկերներով£ Սակայն այստեղ մեզ աւելի հետաքրքրողը հայկական մասն է, որ գերազանցապէս կը ներկայացնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքէն եւ քարոզչութեան պատմութենէն դրուագներ, որոնք ներկայացուած են համապատասխան նիւթերու յաջորդականութեամբ. Տրդատ Գ. վարազի կերպարանքով, հայոց թագաւորին մկրտութիւնը ձեռամբ Ս. Գրիգորի, Լուսաւորիչի տեսիլքը, հայոց դարձի եւ մկրտութեան տեսարանը, Տրդատ կը մեծարէ Ս. Գրիգորը, Ս. Գրիգոր եպիսկոպոսական կոչումը կը փոխանցէ իր որդւոյնª Արիստակէսին, Ս. Գրիգորի ճգնակեացութիւնը Մանեայ այրքին մէջ, անոր վախճանումը, հրեշտակաց երկնային դասուն մէջ ընդգրկուիլը, ապա Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչª իր քահանայապետական փառահեղ տեսքով£
Հետաքրքրական է, որ իտալացի այս գեղանկարիչըª Luca Giordano, ինչպէս նաեւ ուրիշներ, կարդալով Ագաթանգեղոսի ՙՊատմութիւն Հայոց՚ երկի միջնադարեան լատիներէն թարգմանութիւնըª քաջածանօթ դարձած են Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի վարքին, ու անկէ ներշնչուելով կրցած են թռիչք տալ իրենց երեւակայութեանª ստեղծելով վերոնշեալ հրաշալի ստեղծագործութիւնները£
ՆԿԱՐ ԱՋ: Տրդատ Գ. վարազի կերպարանքէ
Ս. Գրիգորէն բուժում կ՛աղերսէ
ՆԿԱՐ ՁԱԽ: Ս. Գրիգոր Խոր Վիրապ կը նետուի
Ի դէպ, պէտք է նաեւ նշել, որ եկեղեցւոյ նաւուն աջ եւ ձախ կողմերը ունին չորս մատուռներ, որոնցմէ երրորդը կրկին նուիրուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին£ Այնտեղª խորանին վրայ, պատկերուած է հայոց մեծ սուրբը մեծղի գիրք մը կարդալու ընթացքին, մինչդեռ կողքի նկարներըª մին Տրդատ Գ. թագաւորն է վարազի կերպարանքով եւ թախանձաւոր դիրքով, իսկ միւս կողմը նորէն Ս. Գրիգորն էª պատկերուած զինք ՙArtetax՚ լիճը նետելու տեսարանով£ Սոյն նկարներուն հեղինակը նափոլիցի ականաւոր նկարիչ Francesco Fracanzano-ն (1612-1656) է, որուն անդրանիկ ստեղծագործութիւններէն են այս եկեղեցիին մէջ պահպանուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին վերաբերող նկարները£ Թերեւս թիւրիմացութիւն մըն է վերեւի նշումը, թէ սուրբը նետուած ըլլայ ՙArtetax՚ լիճը£ Կը թուի, թէ Տրդատ թագաւորի եւ հայոց արքունի այրերուն մկրտութեան պատմութենէն հատուած մըն է ներկայացուածըª Նպատ լերան ստորոտը, Արածանի գետի ակունքներուն մօտ£
Այստեղ առանձնապէս յիշատակութեան արժանի է եկեղեցւոյ հսկայ նաւը ծածկող փայտէ ոսկեզօծ ձեղունը, որ ինքնին արուեստի գլուխ-գործոց մըն էª զարդարուած նափոլիցի վարպետներու փորագրութիւններով 1580-1582 թուականներուն ընթացքին, ուր կեդրոնական դիրքով զետեղուած են չորս իրարայաջորդ նկարներ, որոնք ստեղծագործութիւններն են ֆլամանցի (Պելճիքա) գեղանկարիչ Teodoro d՛Errico-ի (1542/44-1618)£ Ձուաձեւ շրջանակներու մէջ առնուած այդ նկարներէն,- եկեղեցւոյ մուտքէն դիտուած,- երրորդը կրկին կը ներկայացնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, որուն առջեւ ծնրադիր եւ բարեպաշտ դիրքով հանդէս կու գան Տրդատ Գ. թագաւորը եւ Աշխէն թագուհին՚£
Անդրադառնալով Նափոլիի հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հոյակերտ եկեղեցիինª ի զուր չէ, որ իտալացի հեղինակ մըª Չելանօ, ըսած է. ՙԵրկրի վրայ դրախտէն կտոր մը՚£ Արդարեւ վայր մը, ուր երբ ներս կը մտնես, սրբութեան մը զգացումով ներշնչուելու, կեանքի առօրեայ հեւքէն թեթեւնալու, ներսիդիդ ծանրաբեռնուած խիղճդ հանդարտեցնելու եւ, ամենակարեւորը, մեղքերէ սրբուելու տպաւորութիւնը կ՛ունենաս£ Ակամայ կը սկսիս աղօթել եւ դիմել Տիրոջը իր անսահման ողորմածութեան համար£ Եթէ երբեք թէկուզ պահ մը անկեղծ գտնուիս անձիդ հետ եւ խոստովանիս, թէ նոյնիսկ աղօթել չես գիտեր, ապա ձեւով մը արդէն իսկ աղօթած ու հեղ մը եւս մօտեցած կ՛ըլլաս Աստուծոյ£
ՆԿԱՐ ՁԱԽ: Եկեղեցւոյ ոսկեզօծ ձեղունը
ՆԿԱՐ ԱՋ: Տրդատ Գ. եւ Աշխէն թագուհի ծնրադիրª Ս. Գրիգորի առջեւ
Երբեք չէի ապրած պահ մը, որ օտար երկրի մը երկինքին տակ պատմութիւնը հայոց իր հեռաւոր անցեալով այսքան անընդմիջելիօրէն գիտակցութեանս մէջ պիտի դառնայ ներկայ£ Հայոց փառահեղ անցեալի հզօր դէմքերը պիտի տողանցէին երեւակայութեանս մէջ այնքան հարազատօրէն ու ջերմացնէին սիրտս Ս. Գրիգոր Պարթեւի լուսապսակ ներկայութեամբ, Տրդատ Գ. Արշակունիի յաղթապանծ իշխանութեամբ, Աշխէն թագուհիի օրինակելի առաքինութեամբ եւ իշխանուհի Խոսրովի֊դուխտի ճշմարիտ սրբակրօնութեամբ£
Յիրաւի՛, արդար է պարծանքը հայութեան, որ ըլլալով փոքր ածու մը հզօր ազգերու ընտանիքին մէջª առաջինը հանդիսացած է ճիշդ գնահատելու ժամանակին հրամայականը եւ ունեցած է հեռատեսութիւնըª հռչակելով քրիստոնէութիւնը հայոց աշխարհի պետական կրօն£ Բայց այդ ժամանակ մեծ երկիր մըն էր Հայաստան եւ ունէր կայացած պետականութիւն, նաեւ հզօր բանակª Սասանեան արքունիքի խարդաւանքներուն դիմակայելու եւ հռոմէացիներու կայսերապաշտական նուճողականութեան դէմ առճակատելու կամ համապատասխան ռազմաքաղաքական դաշինքներ կնքելու համար£
Բայց, աւա՜ղ, աւերակ առ աւերակ կործանեցան անոր շէն ու շքեղ քաղաքները եւ վաչկատուն արնախում ցեղեր իրենց յորդաներով թառեցան Նայիրեան մեր երկրին վրայ£ Ինչե՜ր եւ ի՛նչ մշակութային աւանդներ չունեցաւ հայը օտար երկինքներու տակ, թէկուզ իր բնօրրանէն դուրս, անոնց քաղաքակրթութեան գանձարանին խառնելով իր ցեղին բարձրագոյն արժանիքները£ Եւ դարձեալ, հակառակ իր թափած ծով արիւնին, արցունքին ու կրած ցաւին, ան մարդուն դէմ երբեք չդառնացաւ, չանիծեց իր դժխեմ ճակատագիրը եւ պատմութեան մէջ չչարացաւ, այլ առաւել եւս վերապրելու, տոկալու, յարատեւելու եւ համբերելու յոյսով զօրացաւ£ Ան իր բնատուր եւ ոսկի սէրը ատելութեան ժանգ պղինձով չփոխեց, այլ մնաց տոկուն իր կրանիտեայ հաւատքով դէպի յաղթանակը բարիին£
ՆԿԱՐ ՁԱԽ: Տրդատ Գ. եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ
ՆԿԱՐ ԱՋ: Հայոց թագաւորը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ
Հետեւաբար իւրաքանչիւր հայ, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուի եւ մեծաթիւ ո՛ր ժողովուրդին ու ժամանակակից գերիշխող մշակոյթներուն մէջ ալ բնակի, պէտք է հպարտ զգայ, որ ան արժանաւոր զաւակն է աստուածաշնչական Թորգոմեան ցեղին, ազատատենչ Հայկ նահապետին, ալեհեր եւ ստեղծագործ այն ժողովուրդին, որ չէ եղած բնաւ քանքարաթաքոյց ազգ մը եսասէր, այլª քաղաքակիրթ եւ միանշանակ քաղաքակրթող, ունի պատմութիւն եւ բազմադարեան մշակոյթ, գիր ու գրականութիւն, եզակի ինքնութիւն, բնածին ու տոհմիկ բարութիւն եւ ծով մարդասիրութիւն£
Ուրկէ հայն է անցած, ոչ թէ իր ետին մահ ու աւեր սփռած է, այլ բաշխած է կեանք եւ աւելիով կեանք£ Ան եղած է անսահման երախտապարտ հանդէպ այն ժողովուրդներուն, որոնք հիւրընկալած են զինք, ուստի չէ զլացած անոնցմշակոյթի գանձարանին մէջ իր ամբողջ մտքովը, սրտովն ու էութեամբը ներդնելու այն բոլոր նիւթաբարոյական արժանիքները, որ ունի£ Վկայ հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ Նափոլիի սրտին մէջ 13 երկար դարերէ ի վեր է ու կը մնայ ըլլալ իբրեւ գործուն, աստուածային եւ կենսաբաշխ զօրութիւն մը, արժանաւոր ընդունարան եւ միաժամանակ վկայարան մը քրիստոնէական հաւատքի ճշմարիտ կեանքին, որուն կենսական ուժը անսպառ է ու յաւիտենական£
ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Ժընեւ