Դամասկոսի թեմիս բարեջան առաջնորդ Տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի հովանաւորութեամբ եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Սուրիոյ Հարաւային շրջանի Վարիչ մարմինի կազմակերպութեամբ եւ ենթավարչութիւններու, Ուրբաթ, 16 Յունիս 2023-ին, հնչակեան քսան ռահվիրաներուն պանծալի ոգեկոչումը տեղի ունեցաւ նախ առաւօտեան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ պատարագի ընթացքին հոգեհանգստեան արարողութեամբ, ապա Ապրիլեան յուշակոթողին առջեւ, Մարտիրոս քսաններուն հոգեհանգիստ կարդացուեցաւ:
Իսկ երեկոյեան գնահատական ներկայութեամբ, Դամասկոսի ՀՄՄ-ի ակումբին մէջ փառաւոր կերպով ոգեկոչուեցաւ անոնց անմահ նահատակութիւնը: Հանդիսութիւնը կը պատուէին Տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Տիգրան Գէորգեանը, ՀՀ խորհրդական տիար Ազատ Խաչատուրեանը, ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տոքթ. Ընկ. Վազգէն Համալեանը, ՍԴՀԿ-ի Սուրիոյ հարաւային շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Ընկ. Խորէն Չարըքեանը եւ շարքային ընկերները: Ներկայ էին քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր: Յայտագիրը բաժնուած էր երկու մասերու: Նախ սրահին մէջ պաշտօնական բաժինը ներկայացուեցաւ, ապաª ժողովրդային:
Հանդիսութիւնը, երեկոյեան Ժամը եօթին, սրահին մէջ սկսաւ յոտնկայս յարգանքի տուրքովª ապա Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, որոնք փառքով եւ պարծանքով հնչեցին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ընկ.հի Անոյշ Մարաշլեան: Փոքրիկն ասմունքող Փառամ Անուշեան գեղեցիկ առոգանութեամբ կատարեց Միքայէլ Նալպանտեանիª ՙԵրգ Ազատութեան՚ բանաստեղծութիւնը: Տիկ. Անի Պալասանեան Գոճայեանի աշխատանքով խումբ մը սկաուտներ տպաւորիչ եւ նորարար ոճով կենդանի պատկեր մը ներկայացուցին: Օրուան բանախօսն էր հալէպահայ յայտնի ուսուցիչ, թարգմանիչ եւ հրապարակախօս Օրդ. Սալբի Գասպարեանը: Ան Քսաններու համազգային հրամայական եւ անժամանցելի պատգամը փոխանցեց անոնց նահատակութենէն 108 տարի ետք. տէր կանգնիլ Հայրենիքին, հողին, լեզուին, մշակոյթին եւ մեր դարաւոր պատմութեան արժէքային համակարգին: Տէր կանգնիլ մեր դատին, որ տէր կանգնինք ու տէրը ըլլանք մեր ինքնութեան եւ ազգային կենսակերպին…Այս էր Քսաններու մղած ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութեան հաւատամքը… Ապա պատմական ակնարկ մը նետեց Քսաններու հարցաքննութեան, բանտարկութեան, դատավարութեան, վճիռին եւ օտար մամուլի անդրադարձը Քսաններու կախաղան բարձրացման…
Օրուան բանախօսը անձնապէս ի խորոց սրտի ցանկաց քսաններու աճիւնները ամփոփել եռաբլուրի մէջ, որպէս նահատակներ ճնշուած ու հալածուած ժողովուրդներուն…
Լո՛յս անոնց երկնային յաւերժ ճանապարհին…
Իսկ դասախօսութեան ընթացքին Անոյշ Մարաշլեան երգեց ՙԻ վերին Երուսաղէմ՚ շարականը.
Տոքթ. Ընկ. Վազգէն Համալեան ներկաներուն փոխանցեց Կեդրոնական վարչութեան խօսքը: Ան անդրադարձաւ Հայաստանի երեք հանրապետութիւններու պատմականին, Քսաններու նման այնպիսի՛ քաղաքական գործիչներու կարեւորութեան, որոնք նուիրուած էին գաղափարին: Անոնք հաւատացած էին, որ Հայրենիքի շահերը ամէն ինչէ վեր է, իտէալական ազատ, անկախ Հայաստանի գոյատեւման եւ զարգացման հաւատացած քաղաքական գործիչներ էին: Ան անդրադարձաւ Հայաստանի մարտահրաւէրներուն, որոնց ամենակարեւորըª հողերու ամբողջականութեան, արցախահայութեան անվտանգութեան ու Հայաթափումը կանխելը:
Յայտագիրի առաջին բաժինի աւարտինª Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը յայտնեց. ՙ… Այսօրուան դասախօսութիւնը, որ մենք ունեցանքª պատմական ծալքերուն մէջէն անցնելով, տեսանք այնտեղ քաջարի մեր դիւցազուն յեղափոխականներուն տեսիլքը, որոշումը, յանձնառութիւնը, բայց նաեւ դաւադրաբար դաւաճանին խարդաւանքը, որ կասեցուց այս բոլորը: Անոնք նահատակուեցան եւ անոնց նահատակութիւնը մեզի համար դարձաւ պարտադիր պատգամ մը, տեսիլք մը եւ այդ տեսիլքը մենք կ’ապրինք այսօր: Անոնք տեսիլքը ունեցան թէ ապագային ԱՐՇԱԼՈՅՍԸ պիտի գայ կրկին, ուր պիտի ծածանի հայկական դրօշը ազատ, անկախ եւ ընկերվարական եւ Սոցիալիստական Հայաստանին մէջ: …Քսանները կ՛երթային այն գիտակցութեամբ, որ հանգիստ մնալ իրենցը չէ: Բայց այն գիտակցութեամբ, որ իրենց նահատակութիւնը սկիզբ մը պիտի դնէ Հայաստանի անկախութեան հիմնաքարը դառնալու:… Պէտք է իրենց յիշատակութիւնը կատարուի համահայկական, համազգային մակարդակով եւ ներկայութեամբ: …Հայոց պատմութեան, ազատագրութեան պատմութեան լուսանցքի մէջ դժբախտաբար մնացած են այս նահատակները, որոնք իրենց հիմնական աւանդը ունին ազատագրական պայքարի վերջին հարիւրամեակին…:
Երկրորդ բաժինը արուեստագէտ, վաստակաւոր ասմունքող եւ ՙԱրարատ՚ օրաթերթի խմբագիր Ընկ.հի Անի Եփրեմեանի ասմունքի վիտէոյով սկսաւ, ապա Ընկ.հի Սեւան Շահպէնտէրեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ: Մէրի Տրդատեան ՙՄիայն թէ մայրս՚ երգը նուագեց երգեհոնով: Բոլոր շրջաններէն ողջոյններու խօսքեր դիտուեցան: Աննալի Մանբուրեան երիտասարդներուն խրատական խօսք մը կարդաց: Մէրի Տրդատեան եւ Լիւսի Սէմէրճեան ՙՔսան վկաներուն՚ բանաստեղծութիւնը կատարեցին: Խումբ մը սկաուտներ երգեցին ՙՍարդարապատ՚ երգը: Անոյշ Մարաշլեան ապրումներով արտասանեց Յովհաննէս Շիրազի հայրենասիրական բանաստեղծութիւններէնª նուիրուած Արարատին: Սկաուտներէն Ճորճ Մարաշլեան թիւթիչ ձայնով երգեց ՙԳաղափարակից ընկեր՚ երգը: ՀՄՄ-ի խումբը նուագեցª ՙՀայորդիք՚ եւ ՙԱրդեօք ովքեր են՚, որուն մասնակցեցան գայլիկներն ու արծուիկները: Քրիստիան Գէորգեան կարդաց ՙԽրատական՚: Ներկաները մասնակցեցան ազգային եւ յեղափոխական երգերուն եւ յուշատօնը վերջ գտաւ Սրբազան հօր պահպանիչով եւ կուսակցութեան ՙՀեռաւոր երկիր՚ քայլերգով: