Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՌԱՋԱՏԱՐ ԹԵՔՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԷՆԸ

June 20, 2023
in Գաղութային
0
ԱՌԱՋԱՏԱՐ ԹԵՔՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԷՆԸ

 

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը համագործակցի Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն բազմաթիւ մասնագէտներու հետ` աջակցելու լեզու եւ թեքնաբանութիւն ոլորտին մէջ անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններու իրականացումին: Ասոնց շարքին են` հայերէնի համընդհանուր ուղղագրիչները, հայերէնի բառակազմութիւնը վերլուծող կայքէջերն ու տուեալներու շտեմարանները, համապատասխան յաւելուածները, հայերէնի քերականութիւնը վերլուծող հարթակները, թուայնացուած հրատարակութիւններն ու հայերէնով որոնելի առցանց գրաւոր նիւթերը: Հաշուի առնելով հայերէնի գործածութիւնը բարելաւելու մեր առաքելութիւնը, այս բաց եւ հասանելի թուային աղբիւրներն ու գործիքները դրուած են ամէնօրեայ ընթերցողներու, հետազօտողներու, լեզուն սորվողներու եւ զայն գործածողներու տրամադրութեան տակ:

Լեզու-թեքնաբանութիւն ոլորտին մշտական եւ արագ զարգացումները նկատի առնելով, եւ համաձայն Հիմնարկութեան նոր հնգամեայ ծրագիրին, Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը եւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ստեղծագործութիւններու կեդրոնը կազմակերպեցին աշխատանքային հանդիպում մը հայերէնին վերաբերող թեքնաբանական աշխատանքները ծրագրելու համար: Հանդիպումին ներկայ եղան աշխարհի տարբեր տեղերէ աւելի քան քսան մասնագէտներ, որոնք 30 եւ 31 Մայիս 2023-ին հանդիպեցան ԹՈՒՄՕ Երեւան` երկօրեայ աշխատաժողովի մը համար:

Հանդիպումին նպատակն էր ախտորոշել ներկայ պահանջքները եւ ստեղծել անհրաժեշտ գործիքները` լեզուի կիրարկութիւնը աւելի ընդլայնելու եւ անոր կենսունակութիւնը ապահովելու համար: Քայլ պահելով թեքնաբանական յառաջընթացին հետ, հանդիպումը կը միտէր ուսումնասիրելու ոլորտին ամենահեռանկարային գաղափարները եւ նախաձեռնութիւնները, եւ քննարկելու ներկայ առանցքային հարցերը. որո՞նք են անհրաժեշտ գործիքները հայերէնը թեքնաբանութեան առաջնագիծ բերելու համար: Ի՞նչ հնարաւորութիւններ եւ սպառնալիքներ կրնան յառաջանալ արհեստական բանականութեան վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ: Ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել հայերէնի իմացութիւնը արհեստական բանականութեան զանազան գործիքներուն մէջ:

2023-ի այս աշխատանքային հանդիպումին յստակացան որոշ կիրարկելի քայլեր, ներառեալ` թուային տուեալներու մեծ եւ կենդրոնացած շտեմարաններու գոյացումը, բաց եւ հասանելի քոտերով. քերականական գործիքներու, առցանց թարգմանիչներու, խօսքէն-գրութիւն եւ գրութենէ-խօսքի վերածող գործիքներու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ խորհրդատուական մարմինի ձեւաւորումը, որ փորձագիտական խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրէ նշեալ նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ:

Այս հանդիպումը հիմնուած է 2015 թուականին կայացած աշխատաժողովի արդիւնքներուն վրայ, որ տեղի ունեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան եւ ԹՈՒՄՕ-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ: Հիմնարկութիւնը հայերէնին վերաբերող լեզու-թեքնաբանութիւն ոլորտի իր հետագայ ծրագրաւորումը մեծ մասամբ կազմած էր հիմնուելով 2015-ի այդ հաւաքին վրայ: 2023 թուականի Մայիսի հանդիպումը նոյնպէս հիմք պիտի հանդիսանայ այս ոլորտին մէջ Հիմնարկութեան գործունէութեան ծրագրաւորումին` վերջերս մեկնարկուած Բաժանմունքին 2023-2027 հնգամեայ ծրագիրին ծիրին մէջ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար` այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին` https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԶՈՀԵՐ ԺԸՆԻՆԻ ՄԷՋ

Next Post

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ` ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՒ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Next Post
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ` ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՒ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ` ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՒ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.