Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

June 15, 2023
in Տնտեսական
0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

 

 

 

ԼԻԲԱՆԱՆ

ՊԱՐՏՔԻՆ ՉԱՓԸ

17 Հոկտեմբեր 2019-ին սկսած տնտեսական տագնապի ամենայատկանշական հետեւանքներէն մէկն էր լիբանանեան ոսկիի արժեզրկումը: Լիբանանեան ոսկին արժեզրկուեցաւ 1500 լիբանանեան ոսկիէն հասնելով ներկայի 94 հազար ոսկիին: Ճիշդ է որ լիբանանեան ոսկիով փոխ առնուած երկրի պարտքին արժէքը ԱՄՆ տոլարով նուազեցաւ, սակայն տնտեսութեան անկումը պատճառեց նաեւ այդ պարտքին տոկոսը եւ դրամագլուխը վճարելու միջոցներու նուազումը: Դրամատուներու ներկայ վիճակը եւ կառավարութեան բացասական քաղաքականութիւնը իր վրայ վերցնելու պատասխանատուութեան իր բաժինը մեծ դեր խաղացին այս պարագային: Ճիշդ է որ պարտքին գումարը նուազեցաւ 134 միլիառ ԱՄՆ տոլարէն 2017 թուականին, 35 միլիառ ԱՄՆ տոլարի 2023 թուականին: Այս գումարը նուազեցաւ որովհետեւ պարտքին մեծ մասը լիբանանեան ոսկիով էր: Սակայն, նկատի ունենալով որ երկրին եկամուտն ալ նուազեցաւ, պարտքին տոկոսը երկրի եկամուտի համեմատութեամբ, պարտք-եկամուտ համեմատութիւնը աւելցաւ 150 առ հարիւրէն 183,5 առ հարիւրի:

 

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄԻՆ ԾԱՆՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումէն ի վեր 1991 թուականին, երկիրը կը գտնուի թրքացեղ երկիրներու շրջափակումին տակ: Թուրքիա սկիզբէն դիւանագիտական յարաբերութիւն չհաստատեց Հայաստանի հետ Արցախի կարգավիճակին պատճառով: Ատրպէյճանն ալ փակեց իր սահմանները նոյն պատճառով: Բաց կը մնային Վրաստանի եւ Իրանի հետ երկրին սահմանները: Իրականութեան մէջ Վրաստանն էր միակ բանուկ սահմանը, որովհետեւ Իրանի վրայ Արեւմուտքի պատժամիջոցներուն պատճառով Հայաստան չէր կրնար բնականոն յարաբերութիւն մշակել իր հարաւի ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող դրացիին հետ: Հայաստանի ղեկավարութեան դերն ալ դրական չէր այս պարագային: Հայաստանի բոլոր ղեկավարները առաջին օրէն վարեցին Արեւմուտքը չնեղացնելու քաղաքականութիւն: Արդիւնքը եղաւ շրջապատուած երկիր մը, տնտեսական զարգացումի շատ սահմանափակ առիթներով: Իրականութեան մէջ, եթէ հարցերը դիտենք աշխարհաքաղաքական անկիւնէն, մենք մեզմէ հեռու պահեցինք մեզի վստահող միակ դրացինª Իրանը, հազարաւոր քիլոմեթր հեռու գտնուող Արեւմուտքի մեր տէրերը գոհացնելու համար: Դիմացը ի՞նչ ստացանք: Ներկայիս ճիգ կը թափուի զիջում կատարելու Թուրքիոյ, Արցախը յանձնելով: Դիմացը ի՞նչ պիտի ստանանք: Ինչո՞ւ այսքան սպասելէ ետք ներկայիս կ’աճապարենք: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր շահը: Արդեօ՞ք մեր վնասը շահէն աւելի պիտի չըլլայ: Կ’արժէ մտածել այս ուղղութեամբ որեւէ ճակատագրական քայլի դիմելէ առաջ:

 

 

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ

ՏՈՒՊԱՅ ԵՒ ՔԱՐԻՒՂԻՆ ԳԻՆԸ

2008 թուականին սկսած համաշխարհային տնտեսական տագնապին պատճառով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայի իշխանութիւնները տնտեսական պատճառներով դադրեցուցած էին աշխատանքը Ժէպէլ Ալի շրջանի ՙՓալմ՚ շինարարական ծրագիրին մէջ, որ կ’ընդգրկէ արմաւենիի ձեւով արուեստական կղզիներ: 2040 թուականին աւարտելիք ծրագիրը պիտի ընդգրկէ 80 պանդոկ, 35 հազար ընտանիքներու ծովեզերեայ կեցութեան վայր: Ներկայիս Տուպայ կը վայելէ անշարժ գոյքի պահանջարկի յաւելում:

Քարիւղի գինը սկսաւ բարձրանալ միջազգային շուկային վրայ, Սէուտական Արաբիոյ որոշումէն ետք օրական մէկ միլիոն տակառով կրճատելու իր արտադրութիւնը: Տակառին գինը բարձրացաւ 2 առ հարիւր համեմատութեամբ, հասնելու համար 77,89 ԱՄՆ տոլարի:  Իսկ քարիւղ արտադրող երկիրներու կազմակերպութիւնը որոշեց նուազեցնել արտադրութիւնը օրական 40,46 միլիոն տակառի: Այս կազմակերպութեան անդամ երկրիները կ’արտադրեն Աշխարհի քարիւղի արտադրութեան 40 առ հարիւրը եւ իրենց որոշումը կարեւոր է ճշդելու համար քարիւղին գինը:

 

 

ԵՒՐՈՊԱ

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԴԱՆԴԱՂԵՑՈՒՄ

Եւրոպական միութեան տնտեսական ցուցանիշը ցոյց տուաւ, թէ 2023 տարուան առաջին ամիսներուն գօտիին տնտեսութիւնը ցոյց տուաւ դանդաղութեան նշաններ բարձր ուժանիւթի գինին եւ հետեւաբար բարձր սղաճի պատճառով: Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատունը նկատեց, թէ սղաճը թէեւ որոշ չափով զսպուեցաւ, սակայն տակաւին կը մնայ բարձր եւ ժխտական ազդեցութիւն կ’ունենայ մարդոց կեանքին վրայ: Պահանջարկը կը նուազի եւ ճարտարարուեստի արտադրութեան պահանջարկն ալ սկսած է նուազումի նշաններ ցոյց տալ:

Իր եկամուտը աւելցնելու համար, Թուրքիա աւելցուց Պոսֆոր եւ Տարտանէլ նեղուցները օգտագործող նաւերուն անցքի տուրքը 8,3 առ հարիւր համեմատութեամբ: 1 Յուլիս 2023-էն սկսեալ այդ յաւելումը ուժի մէջ պիտի մտնէ: Այս համեմատութիւնը յաւելեալ 900 միլիոն ԱՄՆ տոլար պիտի ապահովէ Թորքիոյ համար:

Թուրքիոյ եւ Ռուսական Դաշնութեան միջեւ առեւտուրին ծաւալը կ’աւելնայ տարուէ տարի եւ ներկայիս կրնայ հասնիլ 100 միլիառ ԱՄՆ տոլարի: Ըստ Թուրքիոյ Տեղեկատուութեան գրասենեակին, Ռուսիա կը գրաւէ առաջին դիրքը Թուրքիոյ ապրանք եւ ծառայութիւն տրամադրող երկիրներու շարքին, 15 առ հարիւր համեմատութեամբ: Չինաստան, Գերմանիա, Իտալիա եւ ԱՄՆ կը գրաւեն յաջորդ դիրքերը: 2022 թուականին, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալը հասաւ 62 միլիառ ԱՄՆ տոլարի:

 

 

ԱՄՆ

ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Աշխարհի զարգացող երկիրներու ՊՐԻՔՍ խմբաւորումը սկսաւ իր շուրջ համախմբել Հարաւային Ամերիկայի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ շատ մը զարգացող երկիրներ: Այս կազմակերպութեան քաղաքականութիւնը հիմնուած է երկու կողմերու շահին հիման վրայ: Այսինքն, թէ՛ պարտք ստացող երկիրը պիտի շահի եւ թէ՛ ՊՐԻՔՍ-ի դրամատունը: Մինչ Արեւմուտքի կողմէ հովանաւորուող Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը կ’աշխատէր Արեւմուտքի երկիրներու շահին համապատասխան ոտնակոխելով զարգացող երկիրներու իրաւունքները: Արեւմուտքի տնտեսական արտաքին յարաբերութեան վերատեսութեան ժամը արդէն հասած է: Հակառակ պարագային, Արեւմուտքը մօտ ատենէն պիտի չգտնէ որեւէ երկիր որ իր խիստ պայմաններով պարտքի դրամ կ’առնէ:

 

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ ԵՒ ՊՐԻՔՍ

Արժանթին, որ կը տառապի կանխիկ գումարի պակասէն, որոշած է դիմել ՊՐԻՔՍ-ի դրամատան, պարտքի դրամ ստանալու համար: Դրամատան կառավարիչ, Պրազիլի նախկին նախագահ Տիլմա Ռուսէֆ յայտնեց, որ դրամատան Տնօրէններու խորհուրդը ընդունած է Արժանթինի թղթածրարըª անդամակցելու համար դրամատան: Ընդունման առաջին պայմանն է, որ Արժանթին գնէ դրամատան պարտամուրհակներէն (bonds) 250 միլիոն ԱՄՆ տոլար արժէքով: Սէուտական Արաբիա պիտի դառնայ ՊՐԻՔՍ-ի դրամատան 10-րդ անդամը:

Այս դրամատան նպատակներէն մէկն է ցած տոկոսով պարտքի դրամ տալ զարգացող տնտեսութիւններուն: Նաեւ քաջալերել եւրոյէն եւ տոլարէն տարբեր դրամանիշերով առեւտուր կատարելը: Հիմնադիր հինգ երկիրներուն միացան Պանկլատէշ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եգիպտոս, Ուրուկուէյ եւ Սէուտական Արաբիա որպէս դրամատան անդամներ: Ցարդ դրամատունը 96 ծրագիրներու համար 33 միլիառ ԱՄՆ տոլարի պարտքի դրամ տուած է:

Գերմանիոյ ամենամեծ դրամատունըª ՙՏէօյչէ Պանք՚ը նախատեսած է, որ 2023 տարին պիտի ըլլայ դժուարութիւններու տարի մը Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի ընկերութիւններուն համար: Սնանկացումը եւ անգործներու թիւի յաւելումը սպասելի են: Պարտքի դրամին նուազումը եւ տոկոսի բարձրացումը ժխտական դեր պիտի ունենան ընկերութիւններու պարագային: Արդէն Եւրոպայի ամենամեծ տնտեսութիւնըª Գերմանիան, մտած է տնտեսական անկումի (recession) փուլ մը:

 

 

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ

ԴՐԱՄԻ ԾԱՒԱԼ (Quantity theory of money)

Շուկային մէջ գտնուող կանխիկ դրամի ծաւալը ընդհանրապէս պատճառած է սղաճ (inflation): Ընդհանուր թեզը սա էª դրամի ծաւալը բազմապատկուած դրամի շրջանառութեան արագութեամբ հաւասար է գինին բազմապատկուած առեւտուրի ծաւալով: Ուրեմն, որքան դրամի ծաւալը մեծ ըլլայ շուկային վրայ եւ դրամը շուտ դառնայ այնքան աւելի հաւանականութիւն կայ սղաճի, այսինքն գինի յաւելումի: Իսկ եթէ դրամի ծաւալը մնայ կայուն եւ դրամը աւելի շուտ դառնայ շուկային վրայ, այդ մէկն ալ կրնայ ստեղծել սղաճ:  Դրամատուներ զսպելու համար սղաճը կը դիմեն դրամի ծաւալի նուազեցումին կամ դրամի շրջանառութեան դանդաղեցումին, պարտքի տոսկոսը բարձրացնելով:

 

 

 

Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ՍԳԱՀԱՆԴԷՍԸ

Next Post

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԻՍՏԸ

Next Post
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԻՍՏԸ

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԻՍՏԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.