Դժուար է ճշդել, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր է առաջին անգամ նշուած հնչակեան Քսան Կախաղաններու յիշատակին ձօնուած սգահանդէսը£ 1915 թուականին Հնչակեան Կեդրոնէն տրուած կարճ հեռագիր մը կը գուժէ իր գաղափարի քսան առաջնորդներուն կախաղանի մահուան դատապարուիլը. ՙՊօլսէն ֆրանսական թերթերու քաշուած հեռագիրները Քսաններու կախաղան հանուիլը կը հաղորդեն՚[1]£ ՙՀնչակ՚ առաջիններէն է, որ 1915 թուականի Օգոստոսին ՙՊոլսոյ Կախաղանները՚ խորագրով իր խմբագրականին մէջ հանգամանօրէն կ՛անդրադառնայ մահասարսուռ եղելութեան ու հերթաբար կը նշէ նահատակ ընկերներուն անունները.
- Փարամազ (Մատթէոս Սարգիսեան)
- Վանիկ (Գեղամ Վանիկեան)
- Ռուբէն Կարապետեան (Վահան Պօյաճեան)
- Տօքթ. Պէննէ (Պետրոս Թորոսեան)
- Արամ Աչքպաշեան[2]
- Հրանտ Բեղավեան[3], բժշկական ուսանող
- Երուանդ Թօփուզեան (Բանուոր), ուսուցիչ
- Յովհաննէս Բէրղազարեան[4], ուսուցիչ
- Թովմաս Վահան Թովմասեան
- Մուրատ Ղազարեան[5]
- Մինաս Քէշիշեան (Սարը Խաչիկ)
- Սմբատ Գլըճեան
- Աբրահամ Մուրատեան[6]
- Մկրտիչ Երէցեան
- Յակոբ Պասմաճեան
- Գարեգին Պօղոսեան
- Պօղոս Պօղոսեան
- Երեմիա Մաթոսեան[7]
- Գառնիկ Պօյաճեան
- Արմենակ Համբարձումեան
ՙՀնչակ՚ կը նշէ նաեւ օսմանեան ռազմական ատեանին կողմէ քսան մահապարտներուն դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնը. ՙՇանթահարող մահագոյժը հասաւ Պոլիսէն£ Իթթիհատ Թէրաքքը կոչւած աւազակ ոճրագործներու խմբակը յունիս 2/15ին կախաղան հանեց մեր քսան անձնուէր ընկերները ՙանկախ եւ ինքնավար Հայաստան մը կազմելու եւ կայսերական երկիրներէն մաս մը օսմ. Կառավարութենէն անջատելու՚ ամբաստանութեամբ՚[8]£
Արդարեւ, Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ իրագործուած եղեռնագործութիւնը իր ազդու անդրադարձը կ՛ունենայ նաեւ եւրոպական մամուլին մէջ, որ, օգտուելով թրքական ՙԹանին՚-ի եւ Կ.Պոլիս հրատարակուող ֆրանսատառ ՙԼլոյտ Օթթոման՚ թերթերու հաղորդագրութենէն, մանրամասն կը նկարագրէ քաղաքական մասնաւոր նշանակութիւն ունեցող դէպքը£ Հետաքրքրական է, որ այս ուղղութեամբ բողոքի ուժգին ձայն կը բարձրացնեն նաեւ Զուիցերիոյ մէջ հրապարակուող սոցիալիստական ՙԼա Սանթինել՚, ՙՊեռներ Թակվախթ՚ եւ ՙՖոլքսրեխթ՚ թերթերը, որոնք իրենց էջերուն մէջ 7 եւ 13 Օգոստոս 1915 թուականին ֆրանսերէնով եւ գերմաներէնով լայն տեղ կու տան Արշակ Զուրաբովի գրչէն ՙԴահիճը կ՛իշխէ՚ եւ ՙԹարմ հողակոյտերուն առջեւ՚ խորագրերով յօդուածներուն[9]£ Սոյնը հիմք կը ծառայէ նոյնանման յօդուածի մը, որ իտալերէնով կը հրապարակուի ՙAvanti՚ թերթի 16 Օգոստոս 1915-ի թիւին մէջ£ Զուրաբով իր սոյն յօդուածով վեր կը հանէ Երիտթուրքերու իշխանութեան կողմէ կանխամտածուած ոճիրին ամբողջ գռեհկութիւնը, միաժամանակ իրաւացիօրէն կը ձաղկէ Կայսերական Գերմանիոյ վարած երկդիմի քաղաքականութիւնըª զայն մեղադրելով Օսմանեան Կայսրութեան հետ հայաջինջ գործողութիւններու մեղսակցութեամբ[10]£
Ընդամէնը տարի մը ետք, 16 Յունիս 1916 թուականին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Ամերիկայի շրջանի Գործադիր յանձնախումբը Փրովիտենսի մէջ ՙԵրիտասարդ Հայաստան՚-ի տպարանէն կը հրապարակէ ՙՔսան կախաղաններ՚ խորագրով 171 էջերէ կազմուած գրաւոր յուշակոթող մը, որ մեծաւ մասամբ ձօնուած է Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացած գաղափարի նահատակ ընկերներուն, նաեւ Վանի հնչակեան նահատակներունª Ասոյի (Տիգրան Օտեան), Կայծունիի (Աբրահամ Բրուտեան), Արտաշէս Սօլաքեանի, Կարապետ Տանթէեանի եւ Հայկակ Էրէմիշեանի յիշատակին£ Յառաջաբանէ բացի, առկան անուն առ անուն կը ներկայացնէ Քսաններուն համառօտ կենսագրականները եւ իւրաքանչիւրին վերաբերեալ զանազան հեղինակներ հանդէս կու գան բարեբանական յօդուածներով, յուշապատումներով, այլեւ անոնց յիշատակին ձօնուած բանաստեղծութիւններով£
1918 թուականին, Շիքակոյի մէջ ՙԵրիտասարդ Հայաստան՚-ի տպարանը լոյս կ՛ընծայէ ՙՔսան կախաղաններ. Դրամա չորս արարուածª մէկ պատկերով՚ Սեդրակ Շահէնի 92 էջերէ բաղկացած թատերական ստեղծագործութիւնը£ Հեղինակը գիրքին սկիզբը ձօնին մէջ կը նշէ. ՙՍոյն գրութիւնը, կը խնդրեմ, նկատուի Յուշարձանª բոլոր անոնց յիշատակին, որոնք անձնուիրաբար ինկան փոքր ազգերու ազատութեան համար մղուած մաքառումներու ընթացքին՚[11]£
Տարակոյս չկայ, որ հնչակեան մամուլը մինչեւ Ա. Աշխարհամարտին աւարտը տարբեր վայրերու մէջ պարբերաբար անդրադարձած ըլլայ Քսան Կախաղաններու յիշատակին, սակայն այս բոլորը տակաւին այն յուշահանդէսը չէ, որ հետզհետէ մեր ազգային տօնացոյցին մէջ 15 Յունիս իր անշարժ թուականով պիտի վերածուէր առանձնայատուկ սգատօնի մը£ Հետեւաբար հարցը կրկին պիտի տրուի, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր առաջին անգամ նշուած ըլլալու է հնչակեան Քսան Կախաղաններու յիշատակին ձօնուած սգատօնը£
Այնպէս կը թուի, որ ան ազգային տօնախմբութեան մը մակարդակով, ըլլայ թէկուզ սգահանդէսի մը երեւոյթով, իրականացած է 1919 թուականին Կ.Պոլսոյ մէջ, երբ միջին ուժերըª գերմանա-աւստրիական ռազմական խմբաւորումը արդէն 1918 թուականի Նոյեմբերին ջախջախիչ պարտութիւն կը կրեն համաձայնական պետութիւններուª Անթանթի ռազմաքաղաքական դաշինքը ներկայացնող ուժերուն կողմէ£ Պարտուած պետութիւններու շարքին էր նաեւ Օսմանեան Կայսրութիւնը, որուն իշխանութիւնը կը ղեկավարէր Իթթիհատականներու դիւախումբ եռապետութիւնը£
Մինչ այդ, 2/15 Յունիս 1915 թուականի Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ Քսան Կախաղաններուն ոճիրը պատահած էր սահմռկեցուցիչ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր բովանդակ ազգի մը հոգեւոր, մտաւորական եւ քաղաքական սերուցքը կ՛անճիտուէր ու հայութիւնը կը տառապէր Ապրիլ 24-ի սրտամորմոք օրերէն£ Ոչ ոք կրնար այդ ժամանակ սուգի կամ բողոքի ձայն բարձրացնել, գէթ ողբալ սեփական մեռելներուն վրայ, քանզի ազգը ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքով մահու աքսորի ճամբաներուն տարագրուածª կը բնաջնջուէր Մի֊ջագետքի մահատարած վայրերուն եւ Տէր Զօրի անջրդի աւազուտներուն մէջ£
Պատերազմի աւարտին, համաձայն 24 Մայիս 1915 թուականի Անթանթի ուժերուն կողմէ Օսմանեան կառավարութեան ներկայացուած ազդարարութեան, թէ ՙմարդկայնութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւն՚-ներու մեղադրանքով պատերազմի յանցագործները անձնապէս պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին, Ֆրանսա եւ, առաջին հերթինª Մեծն Բրիտանիա, Կ.Պոլսոյ գրաւումէն ետք ճնշում կը բանեցնեն Օսմանեան նոր կառավարութեան վրայª ընթացք տալու Երիտթուրք պարագլուխներու դատավարութեան£ Սոյնը կ՛իրականանայ 28 Ապրիլէն մինչեւ 25 Յունիս 1919 թուականին£ Յիրաւի, այժմ համեմատաբար բարենպաստ ժամանակ մը թեւակոխած էր Գողգոթան վերապրած հայութեան մնացորդացը, ուստի ազգային բնական պահանջ մըն էր իւրացնել մարդկային արժանապատուութեան այն անկապտելի իրաւունքըª գէթ սգալու սեփական մեռելներուն վրայ£ Թէպէտ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ձօնուած առաջին սգահանդէսները տեղի ունեցած էին 28 Հոկտեմբեր 1918-ինª Դամասկոսի, ապա 20 Յունուար 1919-ինª Հալէպի, եւ 25 Մայիս 1919-ին Պաղտատի մէջ[12], այնուամենայնիւ հայագիտութեան մէջ կարծիք ձեւաւորուած է, թէ Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած 24 Ապրիլի առաջին նշումը տեղի է ունեցած 1919 թուականին Կ.Պոլսոյ մէջ£ Արդարեւ, քանի մը մտաւորականներէ ու անոնց հետ Ցեղասպանութենէն վերապրած անձերէ կազմուած ՙԱպրիլ տասնըմէկի սգահանդէսի յանձնախումբը՚ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Զաւէն Արք. Տէր Եղիայեանի նախագահութեամբ կը կազմակերպէ սգահանդէս մը, որ մասնաւորաբար կը ձօնուի հայ նահատակ մտաւորականներու յիշատակին£ Այս առթիւ նաեւ տեղի կ՛ունենայ Թէոդիկի եւ քանի մը գրողներու մասնակցութեամբ պատրաստուած ՙՅուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի՚ գիրքին շնորհահանդէսը£ Պէտք չէ բացառել, որ այս ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած մարմարէ յուշակոթող մըն ալ կանգնեցուած է Պոլսոյ Փանկալթը թաղամասի հայկական գերեզմանատան մէջ, որուն լուսանկարը Թէոդիկ արտատպած է վերոնշեալ ՙՅուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի՚ յուշահատորի կողքին վրայ£
Բոլորովին անհաւանական չէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ, ուր փրկութեան առագաստ բացած էր տարագրուած հայութեան մնացորդացը, արդէն աւելի վաղ նշած ըլլար հնչակեան Քսան Կախաղաններու յիշատակին նուիրուած սգահանդէսը£ Այսպէս, Հնչակեան Կուսակցութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղը 15 Յունիս 1919 թուականին կը նշէ Քսան Կախաղաններուն նուիրուած ընդհանրապէս առաջին սգահանդէսներէն մէկը[13]£ Այնուամենայնիւ, սակայն, ինչպէս պարագան Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակի վերոգրեալ առաջին նշումներուն կը վերաբերի, այստեղ ալ Քսան Կախաղաններու յիշատակին ձօնուած պաշտօնական առաջին սգահանդէսներէն մին պէտք է նկատել Կ.Պոլսոյ մէջ 15 Յունիս 1919 թուականին կազմակերպուած միջոցառումը£ Հետաքրքրականը այն է, որ Կ.Պոլիս Քսաններուն նահատակութեան վայրը ըլլալէ բացի, տակաւին կը պահպանէր հայ մտաւորականութեան ստեղծագործ կաճառը ներկայացնելու հանգամանքը, ու այստեղ ազգին բոլոր խաւերը, առանց յարանուանական տարբերութիւններու եւ կուսակցական զանազան պատկանելիութիւններու, իրենց անսակարկ եւ գործուն մասնակցութիւնը կը բերեն հնչակեան Քսան Կախաղաններու յիշատակին ձօնուած այս սգահանդէսին£ Սոյնը անգամ մը եւս կը բացայայտէ այն ճշմարտութիւնը, թէ կեանքի մէջ առկայ բազմազան երեւոյթները, նոյնիսկ սէրը հայրենիքին ու ազգին հանդէպ, երբ անկարող կը դառնան միաւորելու մարդկային, մինչեւ իսկ ազգային անհաշտելի տարբերութիւնները, սուգը զարմանալիօրէն իր մէջ կը պարունակէ այն ուժը ի մի բերելու բոլոր տարբերութիւնները, ներդաշնակելու գաղափարական համոզումներու այլազան երանգաւորումները, հաշտեցնելու քաղաքական գործելաոճերու հակասութիւնները, վերացնելու ներքին տրոհումները եւ միաւորելու ազգը թէկուզ գոնէ պահ մը, օր մը, կարճատեւ ժամանակամիջոց մը այն սուգին հանդէպ, որ ստոյգ ամէնուն կը վերաբերի ու կը ճմլէ անհատ մարդոց եւ նոյնիսկ հաւաքականութեան մը քարացած սրտերը£
Այս իրողութեան պերճախօս վկայութիւններէն մին կը հանդիսանայ Կ.Պոլիս հրապարակուող Հ.Յ.Դաշնակցութեան ՙՃակատամարտ՚ օրաթերթին մէջ տպագրուած հաղորդագրութիւնը, որ իսկապէս արժէ ամբողջութեամբ մէջբերել, պարզապէս ցոյց տալու համար, թէ Հնչակեան Կուսակցութեան մեծագոյն մարտիրոսացումինª կախաղաններու տխուր ստուերին շուրջ ինչպէ՛ս կը համախմբուին զանազան պատկանելիութիւններու, միութիւններու, եկեղեցական եւ մշակութային տարբեր անդամակցութիւններու պատկանող ազգային, կուսակցական եւ եկեղեցական յարանուանութեանց ներկայացուցիչները.
ՙՔՍԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՍԳԱՀԱՆԴԷՍԸ
Կիրակի կէսօրէ վերջ Իւնիօն Ֆրանսեզի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սգահանդէս մըª 15 Յունիս 1915-ին կախուած Հնչակեան նահատակներու յիշատակին£ Սրահը ամբողջովին լեցուած էր£ Ներկայ էին Պատրիարքը, Քաղաքական կուսակցութիւններու, մամուլի եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, եւ պոլսահայ մտաւորականութենէն կարեւոր մաս մը£ Բեմին վրայ դրուած էին ծաղկեպսակներª վերապրող ընկերներէ, Տիկ. Ա. Պօյաճեանէ, Ժիրայր խումբէն, Աշխատանք մասնաճիւղէն եւ այլն£ Սգահանդէսը բացուեցաւ Շօփէնի մահերգով£
Օրուան ատենախօսները ծանրացանայն կէտին վրայ թէ այս սգահանդէսը աւելի փառահանդէս մըն է, թէ ճշմարտութեան ու արդարութեան յաղթանակին համար նահատակուողները մեռած չեն, այլ կ՛ապրին անոնց մէջ որ բարձր կը պահեն մեռնողներու դրօշը£ Գոյամարտի կռիւը վերջ գտած չէ եւ դեռ շատ բան կայ ընելիք, զգետնելու համար ցղին թշնամին£
Լ. Կանտ ի վեր հանեց հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը, հակառակ կախաղաններուն որ կը սպասեն իր ճամբուն վրայ£
Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ ընկեր Ամատունի բացատրեց թէ պայքարը որ յայտարարուեցաւ հայ ժողովուրդի գոյութեան դէմª միջցեղային կռիւ մը չէր. խաւարն էր որ լոյսին դէմ կը կռուէր, մակաբոյծ ժողովուրդ մը կ՛ուզէր ոչնչացնել աշխատաւոր ցեղ մը, տիրանալու համար անոր հարստութեան£ Նահատակները զոհերն են ոչ միայն հայ ազգային ազատագրութեան, այլ եւ ռահվիրանները տիեզերական արդարութեան յաղթանակին£
Ռամկավարներու կողմէ Աղաճանեան շեշտեց թէ պէտք չէ սգալ նահատակները որ զոհ գացին գաղափարի ճամբուն վրայ, այլ սգալ անոնք որ կ՛ապրին բայց մեռած են, անոնք որ կը շնչեն, բայց չեն հետաքրքրուիր նահատակներու պարզած դրօշով£
Սուրեան (Վեր. Հնչ.).- Տեւտոնեան-Մոնկոլեան միացեալ վոհմակը ուզեց ջնջել մեր գոյութիւնը, բայց համ միտքը կ՛ապրի դեռ£
Բնակունի (Ս.Դ.Հ.).- Պատմութեան մէջ այն ազգերը միայն կ՛ապրին որոնք կը դիմագրաւեն փառաւոր խաչելութիւններ£
Հմայեակ Խեսրովեան (ազատական).- Ի՞նչ պիտի կտակենք մեր զաւակներուն£ Քսենոփոն կը նկարագրէ աղքատ Հայաստան մը, ուր գէթ կար իւղը, մեղրը ու հայ կոյսերու այտերու կարմրութիւնը. դժբախտաբար ասոնք անգամ չպիտի գտնենք այսօրուայ Հայաստանին մէջ£ Մենք կու տանք անոնց աւերակներով եւ խլեակներու կոյտի մը հետ կորով, կամք եւ աշխատութիւնª վերաշինելու համար հարուստ Հայաստանը£
Փակման խօսքը արտասանեց Զաւէն Պատրիարքը որ գլխաւորապէս ծանրացաւ այն կէտին վրայ թէ ՙՉէզոք ազգերը ապրելու իրաւունք չունինՙ. պէտք էր յարձակողական ըլլալª պայքարին մէջէն ողջ դուրս գալու համար£ Երբ մենք ձեռքերնիս ծալլած նստեր ենք, վստահ ըլլալով թէ Դաշնակիցներու յաղթանակով շահուած է նաեւ մեր դատը, անդին մեր ցեղին թշնամին կը գործէ յարատեւ, անոնց կիներն անգամ շարժումին մէջ նետուած են. անոնք կը հպատակին վերէն եկող հրամաններուն եւ պարզ սաթըճին ու նպարավաճառը կը վերցնեն հայ որբեր, գիտնալով որ այսպէսով կ՛ապահովեն կրկնակ շահ, զօրացնել թրքութիւնը եւ տկարացնել հայ տարրը£
Բանախօսութիւններու ընթացքին Պրն. Սարեան արտասանեց Սիամանթօէն երկու կտոր՚[14]£
Գում-Գաբուի քահանայ հայրերէն Տ. Գալուստ Յ. Պօղոսեան, որ կախաղաններու նախօրեակին վերջին ականատեսն էր հնչակեան հէգ մարտիրոսներուն, մահապատիժի գործադրումէն քիչ առաջ անոնց խոստովանանքի ծիսական կարգը կը կատարէ, ապա շիշ մը ջուր խնդրելով կ՛օրհնէ զայն ու զերթ փոխարկուած կենսառողջ գինիª մեղսաքաւիչ զօրութեամբ կը մատուցէ Քսաններուն£ Ան իր այնքան ցնցող եւ վաւերական յուշերուն մէջ կը վկայէ, թէ արարողութիւնը աւարտելէ ետք, գրեթէ վերջին վայրկեաններուն, Արամ Աչըգպաշեան իրեն դիմելով խստիւ կը պատուիրէ, որ ան ՙիրենց մարմինները առանձին-առանձին չթաղէ, այլ բոլորը միասինª մէկ փոսի մէջ՚£ Գաղափարով միացած եւ համախումբ հայոց ազատագրական պայքարի կարմիր ճամբաներուն վրայ, Քսաններուն սրբազան փափաքն էր նաեւ իրենց անշնչացած մարմիններով միանալ գերեզմանի մութ փոսին մէջ£ Հաւաքական սուգը եւ մահուան տիեզերական օրէնքը ստոյգ եւ մի՛շտ համախմբող գործօն մըն է, սակայն Քսաններուն անշուք եւ անյայտ գերեզմանէն ու անոնց միաձոյլ աճիւններէն հնչող հայ սերունդներուն ուղղուած մոգական պատգամը այն էª ազգովին միանալ ոչ թէ մահ ու սուգի, կորուստի եւ պարտութեան ճնշող ցաւերուն առթիւ, այլ հարկ է բռունցքաւորուիլ ազգային գերագոյն նպատակներու իրականացման ու միայն այդ ճամբով շահած փառապանծ յաղթանակներուն շուրջ£
ՆԿԱՐ
Ձախէն աջª Իթթիհատի ոճրածին ներկայացուցիչներª ոստիկանութեան տնօրէն Պետրի Պէյ եւ Կ.Պոլսոյ նորանշանակ քաղաքապետ Իսմայիլ Ճանփոլատ, 16 Հոկտեմբեր 1916 թ.
Քսաններու յիշատակին ձօնուած սգահանդէսին վերաբերեալ այլ նկարագրութեան մը կը հանդիպինք նաեւ Կ.Պոլսոյ ՙԱռաւօտ՚ թերթի 16 Յունիս 1919 թուականի համապատասխան սիւնակին մէջ, ուր կը հաղորդուի խիստ ուշագրաւ տեղեկութիւն մը.
ՙՊիտի ձեռնարկուի քսան Հնչակեան նահատակներուն սրբազան ոսկերտիքը փոխադրելու պատշաճ սրբավայր մը՚[15]£
Թէպէտ Իթթիհատական բորենիները փորձած էին գաղտնի պահել նահատակ հերոսներուն հաւաքական գերեզմանը եւ արիւնկզակ ոստիկանապետը Պետրի պէյ թոյլ չէր տուած Քսաններու անշնչացած մարմիններուն կատարել գերեզմանի թաղման եւ յուղարկաւորութեան կարգըª պոռալով Տ. Գալուստ Քհնյ. Պօղոսեանի վրայª ՙԱնանկներուն ոչ մէկ բան պէտք է, անոնք միլլէթ խայինի են՚, այնուամենայնիւ ժամանակից պոլսահայերուն անյայտ մնացած չէ այդ ուխտավայրը, որ գտնուած է Էտիրնէգաբուի հայոց գերեզմանատան պատին դուրսի կողմը, ուր շտապ փորուած է հասարակաց փոս մըª ծածկելով անոր մէջ յեղափոխութեան դրօշը ձեռին կառափնատ բարձրացած Քսաններուն աճիւնները£ Անոնց գերեզմանը դժբախտաբար ցայսօր կը մնայ անշիրիմ, բայց կը յարատեւէ ըլլալու միշտ նուիրական ներկայութիւն մը ու կենդանի սրբավայր մը հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ£
Յարգա՜նք Քսաններու անթառամ յիշատակին եւ բի՜ւր համբոյր հայրենիքի ազատագրութեան այս յառաջապահ մարտիկներու սրբազան շիրիմին£
ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Ժընեւ
(15 Յունիս 2023)
[1] Հմմտ. ՙՀնչակ՚, Փորվիտենս, 1936, էջ 6£
[2] Պէտք է ըլլայª Աչըգպաշեան£
[3] Պէտք է ըլլայª Եկաւեան£
[4] Պէտք է ըլլայª Տէր Ղազարեան£
[5] Պէտք է ըլլայª Զաքարեան£
[6] Պէտք է ըլլայª Մանուկեան£
[7] Պէտք է ըլլայª Մանանեան£
[8] Հմմտ. ՙՀնչակ՚, Փարիզ, 1915, էջ 1£
[9] Տե՛ս Մանուկեան Աբէլ Քհնյ., ՙՀնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ, Երեւան-Պէյրութ, 2020, էջ 196-235£
[10] Տե՛ս նոյնը£
[11] Հմմտ. Սեդրակ Շահէն, ՙՔսան կախաղաններ. Դրամա չորս արարուածª մէկ պատկերով՚, Շիքակօ, 1918, էջ 3£
[12] Տե՛ս Մարության, Հարություն, ՙՀայոց ցեղասպանության զոհերի հիշատակի օրվա ձեւավորումը, զարգացումները, մերօրյա վիճակը՚ (Մաս 1), Ցեղասպանության հանդես 6 (1), 2018, առցանցª http://www.genocide-museum.am/arm/ARMENIAN-GENOCIDE-VICTIMS-26.01.2019.php£ Նաեւª Նաճարեան, Միհրան, ՙՅուշագիրք 1918-1948՚, Պէյրութ, 1949, էջ 16-19£
[13] Տե՛ս ՙԵրիտասարդ Հայաստան՚, ԺԶ. տարի, թիւ 23, Շիքակօ, 19 յուլիս 1919, էջ 3£
[14] Հմմտ. ՙՃակատամարտ՚, ՙՔսան նահատակներու սգահանդէսը՚, թիւ 182, Կ.Պոլիս, 17 Յունիս 1919, էջ 2£
[15] Հմմտ. ՙԱռաւօտ՚, թիւ 11, Կ.Պոլիս, 16 Յունիս 1919, էջ 2£