Ընդդիմադիր երեսփոխան Նաժաթ Սալիպա յայտարարեց, թէ նախագահ ընտրելու 12-րդ նիստի արդիւնքին վերլուծումն է, թէ ընդդիմադիր երեփոխաններէն շատ մը անձեր դէմ էին Ժիհատ Ազհուրի թեկնածութեան: Երկրորդ վերլուծումը այն էր, թէ երկու հակադիր հոսանքներուն միջեւ երկխօսութեան փափաք չկայ տակաւին: Երրորդ վերլուծումը այն է, թէ առանց արտաքին ճնշումի լիբանանցի երեսփոխաններ որոշում կայացնելու փափաքէ զուրկ են: