Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԵՐՔԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

June 15, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՆԵՐՔԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

 

Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հերթական նիստին ձախողութիւնը ինչպէս միշտ դուռ բացաւ քաղաքական բանավէճերու, պատասխանատուութեան եւ ամբաստանութիւններու փոխանակումի:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաա համացանցային գրառումներով նշեց, որ ՙեթէ ընտրական առաջին փուլէն ետք ըլլար երկրորդ մը, ապա Լիբանան արդէն նախագահ կ’ունենար՚: Ժաաժաայի համաձայն, խորհրդարանին մէջ երէկ տեղի ունեցածը միայն նիստի խոչընդոտում չէր, այլª նախագահի ընտրութեան խափանում:

Երեսփոխան Թոնի Ֆրանժիէ հակադարձեց Ժաաժաային եւ շեշտեց, որ նոյնիսկ ընտրական 10 փուլի դիմելով կարելի պիտի չըլլայ նախագահ ընտրել, ՙորովհետեւ Ժիհատ Ազհուրի թեկնածութիւնը որդեգրողները լաւ գիտեն, թէ ան յաջողութեան յոյս չունի՚: Երեսփոխանին համաձայն, Ազհուրի անունին շուրջ քաղաքական հակառակորդներու եւ հակասութիւններու համաձայնութեան նպատակն է պայքարէն դուրս մղել Սըլէյման Ֆրանժիէն:

Իսկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժըմայէլ նշեց, որ ընտրութեան նախորդած ժամերուն եղած են ճնշումներ եւ սպառնալիքներ, որպէսզի կարգ մը երեսփոխաններ փոխեն իրենց որոշումը: Երեսփոխան Միշէլ Մուաուատ իր կարգին զարմանք յայտնեց, թէ ինչպէս նախագահական թեկնածուի մը խմբաւորումին երեսփոխանները եւ նոյնիսկ զաւակը կը հեռանան ընտրութեան նիստէն:

Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ պնդեց, որ նախագահի ընտրութեան հարցով ՙոչ ոք կրնայ շրջանցել Լիբանանի քրիստոնեայ բաղադրիչն ու անոր որոշումը՚: Պասիլ հետեւաբար կոչ ուղղեց տապալելու նախապայմաններն ու հրաժարելու թեկնածու պարտադրելու եւ առճակատումի տեսութիւններէն: Իսկ Հըզպալլայի երեսփոխաններէն Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Ֆրանժիէ կը կրէ քաղաքական յստակ ծրագիր մը եւ կրնայ հանգստացնել լիբանանցիները, մինչ Ազհուրին զօրակցողները կը համաձայնին միայն Ֆրանժիէն տապալելու շուրջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԸՐՐԻ. ՙԱՌԱՆՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՉԿԱՅ՚

Next Post

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ՍԳԱՀԱՆԴԷՍԸ

Next Post
ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ՍԳԱՀԱՆԴԷՍԸ

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ՍԳԱՀԱՆԴԷՍԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.