Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԸՐՐԻ. ՙԱՌԱՆՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՉԿԱՅ՚

June 15, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՊԸՐՐԻ. ՙԱՌԱՆՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՉԿԱՅ՚

Խորհրդարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան հերթական նիստը, որ ունենալով նախորդներուն ճակատագիրը, վերստին ցոյց տուաւ, թէ նախագահի ընտրութիւնը յաջողցնելու համար հրամայական է նախօրօք համախոհութեան բիւրեղացումը, առանց որուն ընտրական նիստերը ենթակայ կը մնան խափանումի իրարայաջորդ փորձերու:

Նոր նախագահի ընտրութեան 12-րդ նիստը եւս ունեցաւ միայն մէկ փուլ, որուն աւարտին նախկին նախարար Ժիհատ Ազհուր ստացաւ 59 քուէ, Մարատա հոսանքի նախագահ Սըլէյման Ֆրանժիէª 51, նախկին նախարար Զիատ Պարուտª 6 քուէ: ՙՆոր Լիբանանը՚ քուէաթերթիկով ընտրեց 9 երեսփոխան, մէկ հոգի սպիտակ քուէաթերթիկով մասնակցեցաւ, իսկ մէկ քուէ համարուեցաւ անվաւեր: Արդիւնքներու յայտարարութեան զուգահեռ յառաջացաւ մէկ քուէաթերթիկի ճգնաժամ, մինչ խորհրդարանի նախագահը մերժեց ընտրութիւնը կամ հաշուարկը կրկնելու առաջարկները եւ պատճառաբանեց, որ մէկ քուէաթերթիկը ոչինչ պիտի փոխէ: Շուտով դահլիճէն հեռացան Հըզպալլայի ու Ամալի երեսփոխանները եւ ուրիշներ, ուստի նիստը կորսնցուց երեսփոխաններու օրինաւոր թիւը եւ փակ յայտարարուեցաւ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նիստի խափանումէն ետք յայտարարեց, թէ նոր նախագահ կարելի չէ ընտրել առանց երկխօսութեան ու համաձայնութեան:

Ֆրանժիէ ընտրական այս նիստէն ետք շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիին եւ իրեն զօրակցած բոլոր երեսփոխաններուն: ՙՆաեւ կը յարգենք ինծի չքուէարկած երեսփոխաններուն դիրքորոշումը, զայն համարելով բոլորին հետ երկխօսութիւն կատարելու եւ ազգային շահերը պահպանելու լաւ հնարաւորութիւն՚, ըսաւ ան:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃԻ

Next Post

ՆԵՐՔԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

Next Post
ՆԵՐՔԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

ՆԵՐՔԻՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.