Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃԻ

June 15, 2023
in Գաղութային
0
ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃԻ

 

 

ՏԻԱՐ ՌԱՖՖԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ԽՈՍՏՈՒՄ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ

5-11 Յունիս 2023 երկարող շաբաթը բացառապէս տօնական էր Հայ աւետարանական գոլէճին համար:

Յոբելեանին նուիրուած նախորդ երեք ձեռնարկներէնª 4 Նոյեմբեր 2022-ի շրջանաւարտից հաւաքէն, 5 Փետրուարի գոհաբանական պաշտամունքէն եւ 5 Մայիսի աշակերտական գործունէութիւններու օրէն ետք, վերոյիշեալ շաբթուան ընթացքին տօնակատարութիւնները հասան իրենց գագաթնակէտին:

Արդարեւ, 6 Յունիսին տեղի ունեցաւ ՙՅարգանքի եւ երախտիքի սրահ՚-ի բացումը եւ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի ՙԱպրող էջեր անցեալէն՚ գիրքի շնորհահանդէսը: Ներկայ էին պետական, կրթական եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներ, շրջանաւարտներ, ծնողք եւ բարեկամներ: Գիրքը հանգամանօրէն ներկայացուց պարոն Պարոյր Աղպաշեան: Բացման խօսքը կատարեց տնօրէն Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, իսկ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հեղինակը: Սոյն գիրքին հետ, ներկաները ստացան երկու գրքոյկներª ՀԱԳ-ի հիմնադիր տնօրէն Պետրոս Քարծայրի մասին պատմող գրքոյկ մը, ինչպէս նաեւ դպրոցի հիմնադրութեան հանգամանքները ներկայացնող այլ գրքոյկ մը, հեղինակութեամբ Դոկտ. Յուսիկ Տօնապետեանի: Երեք հրատարակութիւններն ալ խմբագրած էր Դոկտ. Իւրնէշլեան:

10 Յունիսին Kempinski-Summerland պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ հարիւրամեակի կալա-ճաշկերոյթը, նախագահութեամբ դպրոցի երկարամեայ բարերար տիար Ռաֆֆի Մանուկեանի, որ այս առթիւ տասը տարուան վրայ երկարող մէկ միլիոն տոլարի օժանդակութեան խոստում կատարեց: Ճաշկերոյթին ելոյթ ունեցաւ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ, ՀԱԳ շրջանաւարտ Դոկտ. Նազարէթ Տարաքճեան, որ անդրադարձաւ դպրոցին անցեալինª յաջողութիւններուն եւ տագնապներուն, եւ անոր դիմադրողական ուժին: Դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ պարոն Ներսէս Պաղտոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցին համար աշխատող եւ այնտեղ ծառայող անհատներուն, եւ տնօրէնին ու հովիւին հետ յուշանուէրներ յանձնեց ԱՀԱԸ-ին եւ տիար Ռաֆֆի Մանուկեանին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին ԱՀԱԸ-ի վարչականներ, հովիւներ, ՀԱԳ-ի ուսուցչակազմը եւ բարեկամներ: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՙՏիր՚ հնգեակը:

11 Յունիսին Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցիին մէջ կայացաւ յոբելենական հիմնական հանդիսութիւնը: Եկեղեցւոյ երկու յարկերը լեցուն էին պաշտօնական հիւրերով, բարեկամներով, ուսուցիչներով, շրջանաւարտներով: Վերապատուելի Ղազարեանի ողջոյնի խօսքէն եւ աղօթքէն ետք ելոյթ ունեցաւ տնօրէնը, որ նախ բնորոշումը կատարեց դպրոցինª դիտուած տարբեր դիտանկիւններէ, ապա անդրադարձաւ անոր իւրայատկութիւններուն, հուսկª կատարեց խորհրդածութիւններ ապագայի վերաբերեալ, կեդրոնանալով ՙտեսիլք փոխանցելու՚ գաղափարին վրայ (խօսքը ամբողջութեամբ կրնաք կարդալ https://aec100years.wordpress.com/ յղումով: Ողջոյնի խօսք ուղղեց ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն պարոն Զաւէն Խանճեան, որ ՀԱԳ-ի իբրեւ առանձնայատկութիւն նշեց անոր շրջանաւարտներուն կառչածութիւնը դպրոցին եւ վերահաստատեց Աւետարանչականի նեցուկը դպրոցին (խօսքը նոյնպէս վերոյիշեալ կայքին վրայ): Ապա հոյակապ համերգային ծրագրով մը ելոյթ ունեցաւ Պէյրութի սիմֆոնիք նուագախումբը, որ մայեսթրօ Կարօ Աւեսեանի ղեկավարութեամբ ներկայացուց հայկական, լիբանանեան եւ միջազգային դասական կտորներ, որոնք կ’արտացոլէին հայութեան եւ ՀԱԳ-ի պատմութիւնըª նախաեղեռնեան շրջանէն, անդրադառնալով հայ կեանքի եւ Լիբանանի վերիվայրումներուն ու դպրոցի կեանքին, միաժամանակ վճռական հայեացք ուղղելով դէպի ապագայ: Հանդիսութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է դիտել հետեւելով https://www.facebook.com/aecollege.lb էջին:

 

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Next Post

ՊԸՐՐԻ. ՙԱՌԱՆՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՉԿԱՅ՚

Next Post
ՊԸՐՐԻ. ՙԱՌԱՆՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՉԿԱՅ՚

ՊԸՐՐԻ. ՙԱՌԱՆՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՉԿԱՅ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.