Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԳՈՐԾՈՂ ԵՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

June 15, 2023
in Գաղութային
0
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԳՈՐԾՈՂ ԵՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

 

Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդունեց միաբանական համագումարին գործող եւ նորընտիր կազմակերպիչ յանձնախումբերու անդամները:

Նորին Սրբութիւնը կատարուած յաջող աշխատանքներուն համար իր գնահատանքը յայտնեց միաբանական համագումարին գործող յանձնախումբին, որու կազմին մէջ ընդգրկուած են Մայր Աթոռի Քարոզչական կեդրոնի տնօրէն Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեանը, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի Պատմական աստուածաբանութեան ամպիոնի վարիչ Տ. Անդրէաս վարդապետ Եզեկեանը, Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի փոխտնօրէն Տ. Տիրայր վարդապետ Յակոբեանը, ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմէն Տ. Երեմիա վարդապետ Աբգարեանը, ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմէն Տ. Առեն աբեղայ Ճեպեճեանը, Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Տ. Շնորհք աբեղայ Սարգսեանը:

Հայոց Հովուապետը նաեւ իր հայրական օրհնութիւնը բերաւ նոր յանձնախումբի անդամներուն`  ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմէն Տ. Սիմէոն աբեղայ Օտապաշեանին, Մայր Աթոռի Արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ աբեղայ Կարապետեանին, Տ. Դերենիկ աբեղայ Սահակեանին, Վիրահայոց թեմէն Տ. Յակոբ աբեղայ Սահակեանին, Տ. Աղան աբեղայ Երնջակեանին, Իրաքի հայոց թեմէն Տ. Ղեւոնդ աբեղայ Սաղաթէլեանին: Նորին Սրբութիւնը յորդորեց միաբաններուն ջանասիրութեամբ ու աննուազ եռանդով ձեռնամուխ ըլլալ յաջորդ միաբանական հաւաքի կազմակերպման` նկատի առնելով հայրենիքը, Եկեղեցին եւ ժողովուրդը յուզող արդիական խնդիրները:

Միաբանական համագումարը տեղի կ՛ունենայ երկու տարին մէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տարբեր թեմերու եւ կառոյցներուն մէջ ծառայող միաբանները (աբեղաներ, վարդապետներ եւ ծայրագոյն վարդապետներ) կը մէկտեղուին հայոց հոգեւոր կեդրոնին մէջ քննարկելու Հայոց Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, անոնց յաղթահարման ուղիներ փնտռելու, փոխանակուելու հոգեւոր ծառայութեան փորձառութեամբ, ինչպէս նաեւ վերանորոգելու իրենց ուխտը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ

Next Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Next Post
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.