Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ

June 12, 2023
in Գաղութային
0
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ

 

 

5-8 Յունիսին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը:

Ժողովը ատենապետեց Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը, իսկ նիստերը վարեց ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը:

Հայաստանի ու Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկան Արցախի Արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Ղազարեանը եւ ԳՀԽ անդամ Գէորգ Դանիէլեանը:

Զեկոյցներուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ աղէտալի զարգացումներուն, մասնաւորաբար շրջափակման հետեւանքով Արցախի ժողովուրդին սպառնացող ցեղասպանութեան վտանգին եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու նկատմամբ իրականացուող ոտնձգութիւններուն: Անհանգստութեամբ անդրադարձ եղաւ նաեւ երկրին ներսը գոյացած մարտահրաւէրներուն, հասարակական անհամերաշխութեան ու բեւեռացուածութեան:

ԳՀԽ-ն խոր մտահոգութեամբ արձանագրեց հայրենական կեանքին մէջ ստեղծուած ծանր կացութիւնը: Կարեւորեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հրաժարին ազգի արժանապատուութիւնը ոտնահարող գործողութիւններէն եւ արտաքին թշնամիներու նուաստացուցիչ յաւակնութիւններուն ու պահանջներուն հակադրեն իրատեսական եւ բացառապէս հայանպաստ դիրքորոշումներ` վճռականօրէն պաշտպանելով Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման անսակարկելի իրաւունքը:

ԳՀԽ -ն իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն` արձանագրելով նաեւ, որ Արցախի ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու արդար իրաւունքը պաշտպանութիւն պիտի գտնէ համազգային բոլոր շրջանակներուն մէջ: Ժողովականները ընդգծեցին, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել ժողովուրդի միասնութեան ոգին զօրացնելու եւ համերաշխութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու համար:

Արցախին ուղղուած ընկերային աջակցութեան վերաբերեալ զեկոյցով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռի Ընկերային բաժնի տնօրէն Տ. Մարկոս քահանայ Մանկասարեանը: Տէր Հայրը ի մասնաւորի ընդգծեց, որ Ամենայն Հայոց Հայրապետին յորդորով ու ջանքերով, Մայր Աթոռի աշխարհասփիւռ թեմերու գործուն մասնակցութեամբ շրջափակման մէջ գտնուող Արցախին տրամադրուած է 360 թոն մարդասիրական օգնութիւն: Տրամադրուող աջակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական:

Ժողովականները, մտահոգութեամբ անդրադառնալով ատրպէյճանական շրջափակման հետեւանքով շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամային իրավիճակին, ընգդծեցին ընկերային աջակցութեան ծրագիրներու ընդլայման անհրաժեշտութիւնը:

Հանրակրթական դպրոցներուն մէջ ՙՀայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն՚ առարկայի դասաւանդման եւ կրթական հիմնախնդիրներու մասին զեկուցեց Եկեղեցական Հայեցակարգային բաժնի տնօրէն Տ. Վազգէն արքեպիսկոպոս Միրզախանեանը` տեղեկացնելով, որ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ ՀՀ-ի մէջ Հանրակրթութեան պետական նոր չափորոշիչի ներդրմամբ առարկան ամբողջապէս դուրս կը բերուի կրթական ծրագրէն:

Քննարկումներու ընթացքին ԳՀԽ-ը, վերահաստատելով իր դիրքորոշումը, անթոյլատրելի համարեց առարկայի դուրս բերումը հանրակրթական ծրագրէն` ընդգծելով, որ այն կարեւոր գործօն է սերունդներու դաստիարակութեան ու կրթութեան առաքելութեան մէջ: Այս ծիրին մէջ անդրադարձ եղաւ յատկապէս անչափահասներու շրջանակին մէջ բռնութեամբ ուղեկցուող ծանր յանցագործութիւններու եւ թմրամոլութեան ահագնացող աճին: Կենսական համարուեցաւ, որ իշխանութիւնները գործնական եւ արդիւնաւէտ քայլեր իրականացնեն` պայքարելու յիշեալ երեւոյթներուն դէմ, ինչպէս եւ հասարակութեան մէջ, յատկապէս կրթական հաստատութիւններուն մէջ արժեւորելու յանուն հայրենիքի պայքարի ելած, մեր նահատակ հայորդիներուն սխրանքը, որպէսզի չտկարանայ ազգի զաւակներու հայրենանուիրումի ոգին:

Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ ամրակայման աշխատանքներու, Միւռոն օրհնութեան եւ յարակից միջոցառումներու կազմակերպման վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկան Մայր Աթոռի դիւանապետ Տ. Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանը եւ լուսարարապետ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը:

Քննարկումներու բերումով ԳՀԽ-ը, հաշուի առնելով Մայր Տաճարի հիմնանորոգման աշխատանքներու ծաւալներու ընդլայնման եւ ընթացող աշխատանքներու ժամանակատարութեան հանգամանքները, որոշեց`

– Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւնը յետաձգել մինչ հիմնանորոգման աշխատանքներու ամբողջական աւարտը,

– Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը կազմակերպել սոյն թուականի Հոկտեմբեր 1-ին,

– Եպիսկոպոսաց ձեռնադրութիւնը` Հոկտեմբեր 8-ին:

Ժողովին անդրադարձ եղաւ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան` երկարաժամկէտ վարձակալութեան տրուած կալուածքներու խնդիրին եւ արձանագրուեցաւ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կապի մէջ է Պատրիարքարանին հետ եւ ի մօտոյ կը հետեւի ընթացող զարգացումներուն:

Քառօրեայ ժողովի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու եւ թեմերու գործունէութեան, Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորմանն առնչուող այլ հարցեր:

Ժողովը ամփոփուեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով:

Share61Tweet38
Previous Post

ՙՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆՆ Է ՈՒ ՀԱՅԱԹԱՓՈՒՄԸ ԿԱՆԽԵԼԸ՚

Next Post

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԳՈՐԾՈՂ ԵՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Next Post
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԳՈՐԾՈՂ ԵՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԳՈՐԾՈՂ ԵՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.