Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆՆ Է ՈՒ ՀԱՅԱԹԱՓՈՒՄԸ ԿԱՆԽԵԼԸ՚

ՅԱՅՏՆԵՑ ՍԴՀԿ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՀԱՄԲԻԿ ՍԱՐԱՖԵԱՆԸ

June 12, 2023
in Հայաստան
0
ՙՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆՆ Է ՈՒ ՀԱՅԱԹԱՓՈՒՄԸ ԿԱՆԽԵԼԸ՚

 

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Քաղաքական դիւանի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում-քննարկում ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանի հետ:

Հայաստան` ՙմարտահրաւէրներ, վտանգներ եւ հեռանկարներ՚ խորագրին տակ միջոցառումը կայացաւ Հինգշաբթի, 1 Յունիսի երեկոյեան, Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի կեդրոնի սրահէն ներս:

Քննարկումը վարող` ՙՄասիս՚ Շաբաթաթերթի խմբագիր Ընկ. Գրիգոր Խոտանեան նախ ներկայացուց Ընկ. Սարաֆեանի կենսագրական ամփոփ գիծերը եւ ապա տեղի ունեցաւ քննարկում` հարց ու պատասխանի ձեւաչափով, որուն մասնակցեցան նաեւ ներկաները:

Խօսելով օրուան գլխաւոր թեմայի մասին ՍԴՀԿ ատենապետը ըսաւ. ՙՀայաստանի դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրը իր տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելը եւ արցախահայութեան անվտանգութիւնն ու հայաթափումը կանխելն է, որ աւելի կը բարդանայ Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքով` Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութիւններու խիստ վատթարացման լոյսին տակ, որ իր անմիջական անդրադարձը կ՛ունենայ մեր տարածաշրջանէն ներս: Այս իրավիճակին մէջ շատ աւելի կը կարեւորուի այդ շահերու բախման կիզակէտէն որքան հնարաւոր է հեռու պահել երկիրը` վարելով իրապաշտ, կշռադատուած եւ բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն, ինչին այսօր մենք ականատես ենք: Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան համար մեծ սպառնալիք է անշուշտ ՙԶանգեզուրեան՚ միջանցքի հարցին արծարծումը: Ու հակառակ այն հանգամանքին, որ Հայաստանի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ այդ հարցը քննարկման ենթակայ չէ, հարցը կը շարունակէ մնալ օրակարգի վրայ, որովհետեւ այդ մէկը կը բխի ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ Ռուսաստանի շահերէն: Մեծագոյն վտանգը անշուշտ պատերազմն է, որ կրնայ հրահրուիլ ոչ անպայման Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ՚:

Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու մասին հարցին պատասխանելով Ընկ. Սարաֆեան յայտնեց, որ խաղաղութեան օրակարգը իսկապէս այլընտրանք չունի: ՙԱնշուշտ այդ չի նշանակեր, որ պիտի դիւրին ըլլայ եւ խաղաղութեան հասնելու պայմանները ամբողջովին ընդունելի պիտի ըլլան, սակայն որեւէ այլ մօտեցում աւելի հաւանական կը դարձնէ զինուորական մագլցումը: Այնուամենայնիւ, չի բացառուիր, որ խաղաղութեան միտուած բոլոր ջանքերը ձախողին եւ պատերազմը վերսկսի, սակայն մենք պէտք է խուսափինք, որեւէ կեցուածք որդեգրելէ, որ ուղղակի կամ անուղղակիի կերպով կը նպաստէ իրավիճակի սրացման: ՙSi vis pacem, para bellum՚`  եթէ կ՛ուզես խաղաղութիւն, պատրաստուիր պատերազմի: Մենք պէտք է հետեւողական ըլլանք մեր կառուցողական կեցուածքին մէջ, միաժամանակ տասնապատկելով ջանքերը` արդիականացնելու հայոց բանակը, բարձրացնելու անոր մարտունակութիւնը եւ սպառազինելու զայն ամենաարդիական ռազմատեսակներով: Մէկ խօսքով, խուսափինք պատերազմէն ամէն գնով, բայց պատրաստ ըլլանք եթէ ան պարտադրուի մեզի: Միւս կողմէ, շատ դիւրին է արմատական եւ անզիջող դիրք բռնելը, մանաւանդ երբ որոշման պատասխանատուութիւնը քուկդ չէ: Սակայն խիզախութիւնը արմատական ըլլալը չէ, այլ դժուարին եւ անբաղցալի որոշումներ առնելն է, քաջ գիտակցելով, որ գալիք ծանր քննադատութեան եւ պիտակաւորման ալիքը: Ահա այս էր հիմնական պատճառներէն մէկը, որ նախկին իշխանութիւնները համարձակութիւնը չունեցան լուծման միտող քայլեր առնելու, որ ձեւով մը հասցուց մեզ այս օրուան՚:

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ Ընկ. Սարաֆեան ըսաւ, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը անհրաժեշտութիւն է եւ որպէս դրացի երկիրներ կանխատեսելի յարաբերութիւնը միայն օգտակար կրնայ ըլլալ երկուստեք: ՙՄենք պէտք է վերլուծենք եւ հասկնանք յարաբերութիւններու հաւանական վերահաստատման եւ սահմանի բացման ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական հնարաւորութիւնները եւ վտանգները: Յստակ է, որ Թուրքիոյ համար Հայաստանի հետ սահմանի բացման գլխաւոր ակնկալութիւնը տնտեսական է` Հայաստանի վրայով ուղղակի կապ հաստատելու միջին ասիական շուկաներու հետ: Փոխադարձաբար, Հայաստանի համար ծովային ելք կը բացուի Տրապիզոնի նաւահանգիստով եւ ուղիղ ցամաքային կապ արաբական շուկայի հետ: Անշուշտ այդ ամէնը չի նշանակեր, որ մեր պահանջատիրութիւնը կը մոռցուի կամ կ՛անտեսուի: Մենք կը մնանք յանձնառու, սակայն նաեւ գիտակից առաջնահերթութիւններուն, որ այս պարագային Հայաստան պետութեան զարգացումն ու բարգաւաճումն է՚, շեշտեց Ընկ. Սարաֆեան:

Share61Tweet38
Previous Post

ՓԱՐԻԶԻ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՄԻԱՁԱՅՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԱՐՑԱԽՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼՈՒ ԲԱՆԱՁԵՒ

Next Post

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ

Next Post
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.