Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ իր թուրք նորանշանակ պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ եւ շնորհաւորեց անոր պաշտօնի ստանձնումը: Նախարարները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին շարունակելու աշխատիլ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումին ուղղութեամբ: