Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԴԻՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ

June 12, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԴԻՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար սկզբունքով Չորեքշաբթի, 14 Յունիսին, գումարուելիք երեսփոխանական նիստի նախօրէին բազմացած են քաղաքական յայտարարութիւնները եւ թեկնածուներուն անունները: Անկախ երեսփոխան Ապտէլ Ռահման Պըզրի խոստացաւ բացայայտել այն երրորդ անունը, որուն ի նպաստ որպէս միջին լուծում պիտի քուէարկեն ինք եւ շարք մը այլ անկախ երեսփոխաններ: Պըզրիի համաձայն, իրենք պիտի փորձեն նախագահի ընտրութեան նիւթը վերադարձնել ազգային ուղեգիծին, որովհետեւ ան շեղելով ստացած է յարանուանական եւ համայնքային ուղութիւն: Իր կարգին, անկախ երեսփոխան Էլիաս Ժրատէ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ պիտի մասնակցի խորհրդարանի նիստին եւ քուէարկէ ի նպաստ նախկին նախարար Զիատ Պարուտին:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաա շեշտեց, որ ՙ14 Յունիսին սպիտակ քուէաթերթիկով կամ զարմանալի անուններով ընտրողները խորքին մէջ օժանդակած պիտի ըլլան ընտրական նիստը խափանողներուն՚: Իսկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժըմայէլ նշեց, որ նախագահի ընտրութեան հարցով համաձայնութեան յանգած են Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ Ժըպրան Պասիլի հետª յանուն երկու կողմերու շահերուն: Ժըմայէլ նշեց, որ իրենք առաջադրած են նախկին նախարար Ժիհատ Ազհուրի թեկնածութիւնը, որովհետեւ ան անկախ է, ունի անձնական անհրաժեշտ կարողութիւններ եւ տնտեսական ու քաղաքական փորձառութիւն: ՙՀըզպալլան ուղղակի պատասխանատուն կը համարեմ ապահովական հաւանական զարգացումներուն համար՚, ըսաւ Ժըմայէլ, մտավախութիւն յայտնելով քաղաքական գործիչներու ահաբեկումի ալիքի կրկնութեան առնչութեամբ:

Մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալը վերստին անդրադարձաւ նոր նախագահի ընտրութեան թղթածրարին եւ բողոքեց, որ ՙմինչ ժողովուրդը կը սպասէ նոր նախագահի ընտրութիւնը, քաղաքական կողմեր կը խօսին խորհրդարանի ընտրական նիստը խափանելու մասին, ինչ որ կը խորացնէ պետութեան խնդիրները՚:

Իսկ մուֆթի շէյխ Ահմատ Քապալան մերժելի համարեց ՙամերիկեան կնիքով ընտրուած նախագահ մը՚: Զգուշացնելով ազգային ուխտի կարգերը խախտելով նախագահ ընտրելէ, Քապալան դժգոհեցաւ, որ ՙնախագահի թղթածրարին հարցով ամերիկեան թունաւոր միջամտութիւնը ակնյայտ է՚:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

Next Post

ԳՈՐԾՈՂ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏ

Next Post
ԳՈՐԾՈՂ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏ

ԳՈՐԾՈՂ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.