Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱԿԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՈՒՔՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

June 9, 2023
in Միջազգային
0
ՀԱԿԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՈՒՔՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

 

Ուքրանիոյ Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ իրենք տակաւին չեն սկսած գործադրել ռուսական դիրքերուն վրայ լայնածաւալ հակայարձակումը, որուն համար ստացած են արեւմտեան զէնքեր: ՙՄեր հակայարձակումին մասին տարածուած բոլոր տեղեկութիւնները անհիմն են, իսկ երբ իրապէս դիմենք այդ քայլին, զայն պիտի կատարենք բացայայտ ձեւով: Մեր բանակը գիտէ հակայարձակումին մանրամասնութիւնները եւ կը սպասէ համապատասխան հրահանգին՚, ըսաւ ուքրանացի պաշտօնատարը: Նախապէս, Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնած էր ուքրանական լայնածաւալ հակայարձակումի սկիզբին մասին, սպառնալով թէ իրենք նախ պիտի կանգնեցնեն այդ շարժումը, ապա տապալեն Քիեւի իշխանութիւնը:

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, թէ ուքրանական խափանարար խումբ մը երէկ արեւածագին Խարքովի մէջ պայթեցուցած է Ամոնիա նիւթը փոխադրելու համար գործածուող երկաթուղին:

Իսկ Ուքրանիոյ հարաւայինª Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող Խերսոն շրջանին մէջ իշխանութիւնները տարհանեցին հազարաւոր քաղաքայիններª Նովա Քախովքա ամբարտակի պայթումէն ետք, երբ ջրամբարին ջուրը ողողեց շրջանը, ուր փողոցներուն վրայ ջուրին մակերեսը բարձրացաւ 10 մեթրի, իսկ հազարաւոր բնակարաններ մնացին ջուրին տակ, մինչ հակամարտող կողմերը տեղի ունեցածին վերաբերեալ ամբաստանեցին զիրար: Քրեմլինի համաձայն, նախագահ Վլատիմիր Փութին իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին տեղեկացուցած է, որ ջրամբարին պայթումը կատարուած է արեւմտեան դրդումով:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՈՒՆ ԱՍԱՏԻ ՄՕՏ

Next Post

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

Next Post
ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.