Տեսարան մը ՙՄհեր Մկրտիչեան՚ի անուան թատերախումբի փորձէն:
Տեսարան մը ՙԿասկածը Կնոջ Մտքին մէջ՚ կատակերգութենէն:
Մինչեւ մօտիկ անցեալ, նոր թատերախաղի մը ներկայացման լուրը լիբանանահայութեան մէջ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէր, խօսակցութեան նիւթ կը դառնար ու կը քննարկուէր խաղարկութիւնը, նիւթը, բեմայարդարումը, տպաւորութիւնները եւ այլն: Իսկ մեծ ընդունելութիւն ստացած թատրոնի մը տեւողութիւնը կþերկարէր քանի մը շաբթուայ եւ նոյնիսկ ամսուայ վրայ: Երբեմն մեծ յաջողութիւն գտած ներկայացումը հրաւէր կը ստանար այլ երկիրերու մէջ հանդէս գալու:
Թէեւ վերջին տարիներուն Լիբանանի մէջ թատրոնը որոշապէս նահանջեց գորոնաժահրի եւ տնտեսական ու քաղաքական տագնապներու պատճառով, որոնք անդամալուծեցին գաղութային կեանքը, իսկ միւս կողմէ նորանոր բազմաթիւ հետաքրքրութիւններ, ինչպէս` ընկերային ցանցերը, պատճառ դարձան մասնաւորապէս երիտասարդ խաւին մշակութային կեանքէ հեռացման, այսօր խրախուսելի է վերազարթնումի նշաններ տեսնել լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ:
Երկար ընդմիջումէ ետք, վերջերս ուշագրաւ է տեսնել լիբանանահայ բեմին վերակենդանացումը` տարբեր ճաշակներ գոհացնող շարք մը ներկայացումներով. թատերասէր հանրութեան կը հրամցուին տարբեր ճաշակի, իւրայատուկ ոճով եւ բարձրորակ բեմադրութիւններ: Արուեստասէր հանրութիւնը այսօր կրնայ իր հոգեկան սնունդի ծարաւը յագեցնել եւ ոգեւորուիլ տեսնելով երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագէտներու նոր իրագործումները, եռանդն ու կորովը:
Ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ այսօր ընդհանրապէս մեր մշակութային եւ մասնաւորաբար թատերական կեանքը: Տնտեսական տագնապ դիմագրաւող եւ առօրեայ բազմաթիւ մտահոգութիւններ ապրող հանրութիւնը որքանո՞վ պիտի ուղղուի դէպի թատերասրահ:
Նման հացումներուն պատասխան գտնելու եւ ընդհանրապէս լիբանանահայ թատրոնի վերածաղկման հեռանկարներուն մասին խօսելու նպատակով, ուղղակի դիմեցինք բեմադրիչներ Յարութ Գնդունիի, Վաչէ Տօնէրեանի, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի եւ Սուրէն Խտըշեանի, որոնց արտայայտած միտքերը կու տանք ստորեւ:
Յարութ Գնդունի` լիբանանահայ անհատական ՙՄհեր Մկրտիչեան՚ի անուան թատերախումբի ղեկավարն ու բեմադրիչը, ըսաւ. ՙԵս կը հաւատամ, որ լիբանանահայութեան մօտ հանդիսատեսի տագնապ չկայ, այնքան ատեն որ որակաւոր, տպաւորիչ եւ նորութիւն բերող հետաքրքրական թատերախաղ մը կը ներկայացուի. անկախ նիւթէն թէ տեսակէն, անպայմանօրէն կը գնահատուի բոլոր տարիքի հանդիսատեսներու կողմէ: Ես կը ջանամ ամենայն բծախնդրութեամբ ներկայացնել ամէն տեսակի թատրերգութիւններ, ինչպէս` կատակերգութիւն, տրամա թէ օտար լեզուներէ անձամբ թարգմանուած թատերախաղեր: Այսօր միայն նիւթականն է հրամայականը, որ կþիշխէ կացութեան վրայ: Նախապէս ծախսերը հոգալու համար կþապաւինէինք ծանուցումներու, սակայն այսօր, տնտեսական տագնապին հետեւանքով, բաւական պակսեցան ծանուցումները: Իսկ անձնական նուիրատուներու օժանդակութիւնը թէեւ որոշ չափով կþօգնէ նուազեցնելու նիւթական բեռը, սակայն չի ծածկեր մեր ամբողջական ծախսերը: Հետեւաբար, եթէ պէտք ըլլայ, կը փորձենք անձնական միջոցներով տոկալ յաղթահարելու այս նեղ կացութիւնը, ինչպէս օրինակ կը փորձենք ելոյթներու թիւը նուազեցնել: Անդին, նկատի առնելով արուեստի ծարաւ հանրութեան պահանջը եւ անոնց նիւթական դժուարութիւնները, ըստ այնմ մատչելի տոմսեգիներ որոշած ենք, իսկ ներկայ գտնուելու փափաք ունեցող արուեստասէր ուսանողները քաջալարելու յատուկ սակ մը նշանակած ենք: Կը մնայ ընկերային ցանցերու միջոցով երիտասարդ դերակատարներ ներգրաւելու ճիգը ու զանոնք մարզելու տքնաջան աշխատանքը, որպէսզի միասնաբար կատարելապէս յաջողինք վառ պահել լիբանանահայ թատրոնը՚:
ՙՄհեր Մկրտիչեան՚ի անուան թատերախումբը մօտ օրէն կը ներկայացնէ Մարք Քամոլեթթիի ՙԴուռէ դուռ՚ կատակերգութիւնը, որ 55 երկիրներու մէջ բեմ բարձրացած է ՙBoeing Boeing՚ խորագրով (16-17-18 Յունիս):
Հ.Բ.Ը.Մ.ի ՙՎահրամ Փափազեան՚ թատերախումբի բեմադրիչ Վաչէ Տօներեան. ՙԹատրոնի պատկերը 70-80-ական թուականներուն բոլորովին տարբեր էր, հետզհետէ սկսաւ փոխուիլ, իսկ այսօր կը գտնուի բոլորովին ուրիշ փուլի մը առջեւ, որ շատ դժուար է ու մտահոգիչ, որովհետեւ մարտահրաւէրները բազմաթիւ են. մասնաւորապէս ֆինանսական հարցերը խիստ կը սպառնան լիբանանահայ թատերական կեանքին: Ժողովուրդը ունի կենցաղային դժուարութիւն, միեւնոյն ժամանակ տարուած է առօրեայ կեանքով ու համացանցով, որ ինքնին համաշխարհային շարժում մըն է եւ լուրջ աշխատանք կը պահանջէ թատերասիրութեան վերադարձնելու հանրութիւնը: Սակայն, միութենական օժանդակութեամբ հսկայական աշխատանք կը կատարուի վերականգնելու թատրոնը: Տրամադրուած է յատուկ պիւտճէ մը` դասաւորելու եւ ներկայացնելու թատերական գործեր, առանց շահ մը ձեռք ձգելու ակնկալութեան: Բայց եւ այնպէս պայման է արուեստը գնահատող թատերասէրներու ներկայութիւնը խթանող միջոցառումներ որդեգրել: Հետեւաբար, ներկայ պայմաններուն առնչուած իրողութեան հետ քայլ պահելով, կը փորձենք աւելի հետաքրքրական ու ժողովրդականութիւն վայելող կատակերգութեան դիմելու եւ ըստ այնմ տրամադրութիւնները փոխելու: Նկատի առնելով տնտեսական տագնապին յառաջացուցած վերիվայրումները, հասարակութեան մատչելի սակ մը որոշուած է: Իսկ դերակատարներու թէ քուլիսի աշխատակիցներու անսակարկ ջանքին փոխարէն, միութիւնը յանձն առած է փոխադրածախսերը հոգալ, սակայն կþառաջարկեմ նկատի առնուին նաեւ անոնց անձնուէր զոհողութիւնը եւ փոքրիկ պատուեգին մըն ալ տրամադրել՚:
Վաչէ Տօներեանի բեմադրութեամբ, ՀԲԸՄ-ի ՙՎահրամ Փափազեան՚ թատերախումբը ներկայացուցած է Ժորժ Ֆէյտոյի ՙԿասկածը կնոջ մտքին մէջ՚ կատակերգութիւնը 26-27-28 Մայիսին, ինչպէս նաեւ` 2-4 Յունիսին:
Գասպար Իփեկեան թատերախումբի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան. ՙՀայկական թատրոնը որոշ պարտականութիւն մըն է լիբանանահայ գաղութը աշխոյժ պահելու: Այսօր որեւէ ելոյթէ առաջ բեմայարդարման, դիմայարդարման ու զգեստներու ծախսերը հոգալու հեռանկարով կþապաւինինք արտերկրի խանդավառ ու թատերասէր անհատական նուիրատուներու թէ միութիւններու օժանդակութեանց: Իսկ հանրութեան համար ճշդուած են խորհրդանշական չնչին սակեր: Դերակատարները բոլորը կամաւոր են, որովհետեւ համոզուած են թէ մշակութային գործ մը կը կատարեն. անոնք սիրայօժար ամէն ճիգ կը թափեն եւ իրենց թանկարժէք ժամերը կը տրամադրեն: Հակառակ անոր որ երիտասարդութիւնը հեռացած է թատրոնէն եւ հանդիսատեսներու թիւը պակսած է, սակայն համոզուած եմ որ թատրոնը այն արուեստն է, որ չի մեռնիր, որովհետեւ սրահին մէջ կենդանի ներկայացման ուժն ու հաղորդակցութիւնը ներկայ հանրութեան հետ իւրայատկութիւն մըն է, որ անբաղդատելի է սինեմայի թէ որեւէ ուրիշ արուեստի հետ: Թատրերգութեան սկզբունքը հետաքրքրական եւ լաւ գործ մը հրամցնելն է, իսկ նիւթը կարելի է անցեալի թէ այժմէական մարդկային զգացումներ արտայայտող ու յուզող հարցեր ներկայացնել՚:
Սուրէն Խտըշեան, լիբանանահայ անձնական թատերախումբի ղեկավար ու բեմադրիչ. ՙԱնցեալին անձնապէս կը տրամադրէի պէտք եղած պիւտճէն` հոգալու թատրերգական ծախսերը, բայց այսօրուան պայմաններուն անհրաժեշտ է հովանաւորի մը աջակցութիւնը: Լիբանանահայ գաղութին թիւը պակսած է, ինչ որ ինքնաբերաբար իր ազդեցութիւնը կը ձգէ թատրոնին վրայ` հանդիսատեսներու թիւը նուազելով: Համոզուած եմ, որ անպայմանօրէն վարձատրուելու է դերակատարը, ինչպէս նաեւ քուլիսի բոլոր աշխատակիցները. իրենց ժամանակը տրամադրելուն եւ մշակութային ծառայութեան փոխարէն գնահատուիլը հաճոյք մը կը պատճառէ անոնց, նոյնիսկ եթէ չնչին գումար մըն ալ ըլլայ այդ մէկը: Այն անձը որ թատրոնը կը սիրէª հրաւիրատոմս չի սպասեր, այլ կþուղղուի դէպի տոմսարկղ եւ խանդավարութիւնը հոնկէ կը սկսի: Ուստի տոմսեգիները ճշդուած են շատ տրամաբանական չափանիշով: Թատերական գործը ծաղկեփունջ մըն է, որ կը հրամցուի հանդիսատեսին` անկախ տեսակէն, թէ կատակերգութիւն է, սարսափազդու թէ տրամա, պէտք է ըլլայ զուարճալի, գրաւչութիւն ունենալու ու վայելելու հանդիսատեսին արժեւորումը: Ես կը փափաքիմ աւելի երիտասարդութիւն տեսնել սրահին մէջ, որովհետեւ անոնցմէ պիտի ելլեն նոր դերասաններ ու բեմադրիչներ եւ լիբանանահայ թատրոնի շղթան պիտի շարունակուի այս ձեւով՚:
Սուրէն Խտըշեան վերջերս բեմադրեց Սիւզըն Հիլի ՙՍեւազգեստ կինը՚ (20-21 Մայիս, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահ), իսկ շուտով բեմ կը հանէ Անդրանիկ Ծառուկեանի ՙՄանկութիւն չունեցող մարդիկ՚ը, 24 Յունիսին, Կիպրոսի մէջ:
Սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտն է Լիբանանը. թէեւ ան կþանցնի մութ փապուղիէ մը, սակայն լոյսը արդէն սկսած է երեւիլ: Լիբանանահայութեան աշխոյժ եւ ձեռներէց երիտասարդութիւնը հետամուտ է վերականգնելու մշակութային կեանքը: Մանաւանդ թատրոնի այս օրերու խանդավառութիւնը սրահներէ ներս փաստ մըն է, որ զարթօնքի նոր շրջան մը կը սկսի լիբանանահայութեան համար:
Վարձքը կատար իրենց մասնակցութիւնը բերող մշակոյթի բոլոր գործիչներուն:
ՔԱՐԷՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ