Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՑԱՒԵՑՆՈՂ Է

June 7, 2023
in Յօդուածներ
0

 

 

Գիտեմ որ վայել չէ յաճախ դիմել ՙԵս ըսած էի՚ ափսոսանքին: Սակայն ինչ ընես որ զարգացումները ակամայ կը յուշեն այդ անվայել արտայայտութիւնը: Երբ բանակցութիւնները Հայաստանի գործող իշխանութեան կը պարտադրեն պաշտօնապէս ճանչնալ Ատրպէյճանի հողային ամբողջութիւնը, մենք պիտի աղերսենք արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխիքը: Ալիեւ շատ յստակ արտայայտուած էր այս մասին: ՙԱրցախահայութիւնը կա՛մ կը յօժարի իմ երկրի քաղաքացի ըլլալու հանգամանքին, կա՛մ ալ կը լքէ այս տարածքը՚ ըսած էր ան:

Պահ մը յիշենք մօտ անցեալը, երբ ներկայ նախագահին հայրը նոյն արցախահայութեան կը խոստանար աշխարհի վրայ նմանը չունեցող ինքնավարութիւն, պայմանաւ որ անոնք հրաժարէին անկախ պետութիւն հիմնելու կամ Հայաստանի միանալու իրենց պահանջներէն:

Այդ օրերու յաղթանակած տրամադրութիւնով ոչ ոք նկատի առաւ Հայտար Ալիեւի այդ խոստումը: Մեր մօտ տիրողը յաղթանակի տրամադրութիւնն էր, չըսելու համար ամբարտաւան շփացածութիւնը: Անցեալին բազում անգամներ գրած ենք պարտուածի հոգեբանութիւնը եւ արժանապատուութիւնը նուաստացնելու անպատեհութիւններուն մասին: Ըստ երեւոյթին, նման խորհուրդները լսելու ժամանակը չէր, քանի որ հաւաքաբար տարուած էինք դարեր ետք հող նուաճելու մոլուցքէն:

Յիշենք այդ օրերը, երբ հայրենի երկրի յուզական աշխարհը նկարագրող մեր երգիչ-երգչուհիները զինուորական համազգեստով բեմ կը բարձրանային եւ դարերու ընթացքին զարգացած հայահունչ երաժշտութիւնը մէկ կողմ թողելով կը գոռային` ՙՀէ՜յ՚, ՙՀո՜յ՚ բացագանչութիւններով:

Այս պահուն պարտինք խոստովանիլ, թէ մօտ 70-ամեայ խորհրդային պետականութենէ ետք իբրեւ հաւաքականութիւն ամբողջովին անպատրաստից գտնուեցանք երրորդ հանրապետութեան ընձեռած անկախ պետականութիւնը դիմագրաւելու համար:

Անհատական կամ կուսակցական շահերը գերազանցող պետական մտայնութիւնը եւ անոր կառոյցները բացակայեցան մեր իրողութենէն: Քաղաքականութիւն վարեցինք միայն ու միայն օրուան հրամայականները գոհացնելու նպատակաւ: Չունեցանք երկարատեւ աշխարհայեացք եւ այդ զրկանքը բաւականին սուղ արժեց բոլոր ազգին համար:

Որքան ցաւալի է հաստատել, որ կատարուած բոլոր սխալները գործադրուեցան մեր աչքերուն առջեւ: Դիտեցինք հսկայ գործարաններու թալանումը: Առանց գիտակցելու այդ թալանուածին երկրին սեփականութիւնը ըլլալու իրողութեան, յիմարօրէն կարծեցինք թէ սովետապատկան հարստութիւնն է, որ կը յափշտակուի մերոնց` թաղիաղուոր տղերքի ձեռքով:

Նոյն յիմարութիւնով ՙհող տուող՚ կոչեցինք հակառակորդին հետ բանակցութիւններ վարելով խաղաղութիւն ապահովելու ջանքերը:

Երբ ազգով մէկ գլխիկոր ամօթխածութեամբ կը լսէինք Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահին յանդիմանութեան բնոյթով քննադատութիւնները, երբեմնի պոռոտախօսները նոյն թափով փողոց իջած էին իւրաքանչիւրս, յատկապէս ալ ժողովրդական յեղափոխութիւնով վարչապետի աթոռին դատապարտուած Փաշինեանը ՙդաւաճան՚ հռչակելու համար:

Տակաւին պիտի շարունակենք հայեցի գաղափարախօսութեան մը բացակայութեան պատճառած փորձանքները դիմագրաւել:

 

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Share61Tweet38
Previous Post

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԸ ԿԸ ԽԹԱՆԷ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՈՒՄԸ

Next Post

ԺԱՆ ԻՎ ԼՈՏՐԻԱՆ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ

Next Post
ԺԱՆ ԻՎ ԼՈՏՐԻԱՆ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ

ԺԱՆ ԻՎ ԼՈՏՐԻԱՆ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.