Փայտէ պատրաստուած ՙCitroen 2CV՚ մակնիշի ինքնաշարժը, որ կը համարուի միակը իր տեսակին մէջ, Ֆրանսայի մէջ աճուրդով վաճառուած է 210.000 եւրոյով:
Ինքնաշարժը կը գտնուի լիարժէք աշխատանքային վիճակի մէջ եւ արձանագրուած է Ֆրանսայի մէջ: ՙ2CV՚-ի կմախքը ձեռքով պատրաստուած է փայտէ: Ինքնաշարժը ձեռք բերած է փարիզաբնակ հաւաքածոյ կազմող Ժան-Փօլ Ֆաւանը, որ ունի հին ժամանակներու տօնավաճառի կարուսելներու թանգարան:
Փայտէ ՙ2CV՚-ը պատրաստած է Միշէլ Ռոպիլարը` ընկուզենիի, տանձենիի, խնձորենիի եւ կեռասենիի փայտէ: Ռոպիլարը ՙAFP՚-ին յայտնած է, որ 2011 թուականէն 5 տարի եւ մօտաւորապէս 5000 ժամ ծախսած է ինքնաշարժը պատրաստելու համար:
ՙ2CV՚-ն, որ ֆրանսերէնէ թարգմանաբար կը նշանակէ ՙերկու ձիաուժ՚ (deux chevaux), ստեղծուած է 1948-ին` որպէս Volkswagen Beetle-ի մրցակից:
14 տարեկանէն աշխատելով` Ռոպիլարը սկսած է աշխարհի յայտնի ինքնաշարժներու փայտէ փոքր կրկնօրինակներոգ պատրաստումը 1990-ականներէն: Ան քանի մը մրցանակի արժանացած է իր կատարած բարդ աշխատանքին համար, այդ շարքին` Harley Davidson մոթոսիքլեթի համար, որուն պատրաստումը տեւած է աւելի քան 500 ժամ: