Կառավարութեան մէջ ստեղծուած է աթոմային ուժանիւթի հարցերով յանձնաժողով, որ կ՛ուսումնասիրէ ամբողջ աշխարհի շուկան եւ կը հաւաքագրէ ամենանպատակայարմար առաջարկները:
ՙԱթոմային ուժանիւթը` որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան ուժանիւթային անվտանգութեան եւ անկախութեան ապահովման մեխանիզմներէն մէկը՚ թեմայով քննարկման ժամանակ այս մասին ըսաւ Հայկական աթոմային ելեկտրակայանի տնօրէն Մովսէս Վարդանեանը:
Ան նշեց, որ Հայաստանին անհրաժեշտ է այսօրուընէ մտածել աթոմային նոր ելեկտրակայանի կառուցման մասին:
ՙՀայաստանը այս առումով առանձնայատուկ երկիր է եւ քանի մը պահանջներ ունի: Առաջին հերթին մեզի համար կարեւոր են անվտանգութեան եւ սէյսմակայունութեան հետ կապուած հարցերը, կը դիտարկենք ֆինանսական, լոկիսթիկ առումները եւ այլ շատ ու շատ հարցեր:
Ինչպէս գիտէք, 2023 թուականի Փետրուարին ՙՌուսաթոմ Էներճի փրոճեքթս՚-ի մեր գործընկերները հայկական կողմին փոխանցած են Հայաստանի մէջ 1200 մեկաուաթ հզօրութեամբ երկու ուժանիւթապլոքի կառուցման նախնական տեխնիկատնտեսական հիմնաւորումը: Անոնք մեր այդ բոլոր պահանջները եւ խնդիրները հաշուի կ՛առնեն, եւ այդ նախագիծը արդէն մեր ձեռքին տակ է:
Կ՛աշխատինք նաեւ հարաւքորէացի մեր գործընկերներուն հետ, որոնք առաջարկած են 1000, 1400 մեկաուաթ հզօրութեամբ ուժանիւթապլոքներ, ինչպէս նաեւ մոտուլային աթոմային կայանքներ: Կ՛ուսումնասիրենք նաեւ ֆրանսական տարբերակը: Կ՛ուսումնասիրենք նաեւ ամերիկեան մոտուլային կայանքները: Եւս մէկ անգամ շեշտեմ, որ մենք առաջին հերթին ուշադրութիւն պիտի դարձնենք անվտանգութեան, ֆինանսական նպատակայարմարութեան եւ լոկիսթիքին՚, ըսաւ Վարդանեան: