Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ, ԹԻՒԱԹ, ՊՈՒՐԿԱՍ. ՙFLYONE ARMENIA՚-Ն Կ՛ԱՒԵԼՑՆԷ ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

June 7, 2023
in Միջազգային
0
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ, ԹԻՒԱԹ, ՊՈՒՐԿԱՍ. ՙFLYONE ARMENIA՚-Ն Կ՛ԱՒԵԼՑՆԷ ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

ՙFLYONE ARMENIA՚ օդանաւային ընկերութիւնը կ՛ընդլայնէ թռիչքներու աշխարհագրութիւնը` աւելցնելով նոր ուղղութիւններ: Այս մասին նշեց ՙFLYONE ARMENIA՚ ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեանը:

ՙՅառաջիկային պիտի մեկնարկենք կանոնաւոր թռիչքներ դէպի Պարսելոնա, Թիւաթ, Պուրկաս: Թռիչքներու աւելացում կայ նաեւ դէպի Մոսկուա ուղղութեամբ, մասնաւորապէս, Շերեմեթեւօ օդակայան: Այդպիսով` Մոսկուայի 4 օդակայններէն երեքին մէջ պիտի ունենանք թռիչքներ՚, ըսաւ Արամ Անանեան:

ՙFLYONE ARMENIA՚ ընկերութիւնը կ՛իրականացնէ երկու տասնեակէ աւելի ուղղութիւններով թռիչքներ` Ռուսիա, Եւրոպա, Մերձաւոր Արեւելք:

Արամ Անանեանի խօսքով` վերջին շրջանին չուացուցակի բոլոր խնդիրները կը յաղթահարուին: ՙFLYONE ARMENIA՚-ի մօտ առկայ է չուացուցակի` 90 տոկոսէ աւելի համապատասխանեցում: Թէ՛ ուղեւորներուն անվտանգութիւնը, թէ՛ անվտանգ օդային փոխադրումը, թէ՛ չուացուցակին համապատասխանելը օդանաւային ընկերութեան առաջնահերթ հարցերն են: Արամ Անանեան նշեց, որ ամէն ինչ կը կատարուի այդ ուղղութեամբ ցուցանիշերը բարելաւելու համար: Օդանաւային ընկերութեան կառավարման համակարգին մէջ ներգրաւուած են նոր մասնագէտներ:

ՙՇուրջ 8 օդանաւ թռիչքներ կ՛իրականացնէ ՙFLYONE ARMENIA՚ ընկերութեան համար: Լրջագոյն հեռանկարներ կը տեսնենք օդային փոխադրումներու զարգացման համար: Որպէս ընկերութիւն մենք նկատելի ներդրում բերած ենք այդ հարցին մէջ: Ըսեմ, որ վերջին շրջանին նկատելի անկում կայ տոմսերու գիներու առումով: Օդային փոխադրումները կը դառնան շատ աւելի հասանելի ու մատչելի, եւ մենք չենք կրնար մեր դերը այստեղ չտեսնել՚, ըսաւ Արամ Անանեան:

Օդանաւային ընկերութիւնը նաեւ իր գործունէութեամբ կը նպաստէ Երեւանի տարանցիկ հարթակ ըլլալու դերի բարձրացման: ՙFLYONE ARMENIA՚-ի թռիչքները հնարաւորութիւն կու տան այլ ընկերութիւններուն Հայաստան տեղափոխել ուղեւորներ, որոնք իրենց ուղեւորութիւնը կը շարունակեն ՙFLYONE ARMENIA՚-ի հետ:

ՙFLYONE ARMENIA՚-ն իր թռիչքային ծրագիրը ամբողջութեամբ կ՛իրականացնէ: Խօսելով Թուրքիոյ կողմէ օդային տարանցման արգելանքի մասին, որ կիրառուեցաւ հայաստանեան բոլոր օդանաւային ընկերութիւններուն նկատմամբ, Արամ Անանեան նշեց, որ եւրոպական գործընկեր ընկերութիւններու օդային փոխադրութեան գործիքակազմի կիրառմամբ կրցած են ընել այնպէս, որ բոլոր ուղեւորները հասնին իրենց նշանակման վայրերը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՄ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԱՇԽՈՒԺՕՐԷՆ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՎԻԶԱՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԹԵՄԱՆ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՛ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԷ ՇԱՐՔ ՄԸ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ ԱԹՈՄԱԿԱՅԱՆԻ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՛ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԷ ՇԱՐՔ ՄԸ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ ԱԹՈՄԱԿԱՅԱՆԻ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՛ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԷ ՇԱՐՔ ՄԸ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ ԱԹՈՄԱԿԱՅԱՆԻ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.