Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ Հարիրիի դիրքորոշումները չեն փոխուած եւ ան կը շարունակէ խուսափիլ լիբանանեան քաղաքականութենէն, ընտանեկան, բարեսիրական ու կրօնական միութիւններու վարչութիւններու ընտրութիններէն, հերքելով այն ապատեղեկատուութիւնը, որ Հարիրի որոշած է վերականգնել իր հասարակական գործունէութիւնը եւ մասնակից դառնալ Մուֆթիի ընտրութեանց: