Երկարատեւ առկախումէ ետք, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց 14 Յունիսին նոր նախագահի ընտրութեան նիստ գումարելու մասին: Պըրրի նախապէս նշած էր, որ կը քննարկէ խորհրդարան վերադառնալու հաւանականութիւնը, նկատի առնելով նախկին նախարար Ժիհատ Ազհուրի թեկնածութեան առաջադրումը: Ան սակայն ցաւած էր, որ երկրին մէջ չկայ ընտրական համախոհութիւն: