ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՍՆՏՈՒԿԸ
17 Հոկտեմբեր 2019-ին սկսած տնտեսական տագնապի ամենայատկանշական հետեւանքներէն մէկն էր երկրի Ընկերային Ապահովագրութեան սնտուկի ծանր վիճակը, լիբանանեան ոսկիի արժեզրկումին պատճառով: Սնտուկի առողջապահութեան բաժինը տագնապէն առաջ կը հասնէր բոլոր անդամներու հիւանդանոցային պէտքին: Կը փակէր ծախքին 90 առ հարիւրը: Ներկայիս այդ համեմատութիւնը հասած է 10 առ հարիւրի եւ անդամը ստիպուած իր գրպանէն կը վճարէ հիւանդանոցին ամբողջ ծախքը: Այդ բեռը աւելցաւ, երբ հիւանդանոցներ սկսան պահանջել ծառայութեան եւ դեղերու փոխարժէքին 70 առ հարիւրը ԱՄՆ տոլարով: Եթէ Սնտուկը պիտի վճարէ ինչպէս որ կը վճարէր տագնապէն առաջ, ապա պէտք է աւելցնէ պաշտօնեաներու եւ կառավարութեան վճարելիք գումարները, կարենալ հաւասարակշռելու համար իր ամավարկը կամ պիւտճէն: Այսինքն, որոշ ժամանակի մը համար այս հարցը պիտի մնայ ինչպէս որ է, սպասելով կախարդական լուծումի: Տնտեսական տագնապին հետեւանքով առողջապահութիւնը դարձաւ այն հատուածը, որ ստացաւ ամենամեծ հարուածը: Այսօր միայն փոքրամասնութիւն մը կրնան վճարել հիւանդանոցի ծախքը:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ
Հայաստանի դեսպանատուներէն միայն երկուքը ունին առեւտրական ներկայացուցիչներ: Այդ ներկայացուցիչները Իրանի եւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան (WTO) մէջ են: Առեւտրական ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը դեսպանատան մէջ շատ կարեւոր է ու կ’աւելցնէ Հայաստանի եւ այդ երկրին միջեւ առեւտրական փոխանակումի կարելիութիւնը: Այս հարցը շատոնց պէտք է գրաւէր ղեկավարութեան ուշադրութիւնը: Դժբախտաբար մենք շատ դանդաղ շարժող պետութիւն ենք: Ասոր գինը վճարեցինք Արցախի պատերազմին, սակայն տակաւին շատ գործ կայ կատարելիք: Ինչո՞ւ անկախութենէն մօտ երեսուն տարի ետք տակաւին առեւտրական ներկայացուցիչներ չեն նշանակուած կարեւոր երկիրներու դեսպանատուներուն մէջ: Ներկայիս, տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան սկսած է քայլեր առնելª Գերմանիոյ, Չինաստանի եւ ԱՄՆ-ի մէջ նշանակել առեւտրական ներկայացուցիչներ այդ երկիրներուն հետ Հայաստանի առեւտուրը զարգացնելու համար: Ուշ, սակայն լաւ քայլ:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ
Թուրքիոյ նախագահ վերընտրուեցաւ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան, ստանալով քուէներուն 52,2 առ հարիւրը, մինչ իր մրցակիցª Ժողովուրդի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Քեմալ Քիլիչտարօղլու ստացաւ քուէներուն 47,8 առ հարիւրը: Սակայն, վերընտրութիւնը դուռ պիտի բանայ շատ մը հարցերու, որոնց լուծումին բոլոր բանալիները Էրտողանի ձեռքին մէջ չեն: Այս ընտրութիւնը ցոյց տուաւ, որ Թուրքիոյ ընկերութիւնը վերջին տարիներուն բաժնուած է երկու մեծ խումբի: Ընդդիմութեան ձայներու 40 առ հարիւրէն աւելի ստանալը ատոր ամենամեծ ցուցանիշն է: Երկրի տնտեսական տագնապը թրքական լիրայի արժեզրկումին ու բարձր սղաճի պատճառներով կը մնայ առանց լուծումի: Երկրաշարժի գօտիի վերաշինութիւնը մեծ ներդրումի պէտք ունի: Էրտողան ինչպէ՞ս պիտի կարենայ լուծել այդ հարցը, նեղացուցած ըլլալով Արեւմուտքը իր ռուսամէտ քաղաքականութեան պատճառով: Արեւմուտքի կը պահանջէ Թուրքիայէն վարել Ռուսիոյ դէմ քաղաքականութիւն, իսկ Էրտողան տնտեսական հաշիւներէ մեկնելով չի գործադրեր այդ քաղաքականութիւնը: Արեւմուտքը մինչեւ ե՞րբ պիտի համբերէ Էրտողանի այս քաղաքականութեան, մանաւանդ եթէ սրի պատերազմը Ռուսիոյ եւ Չինաստանի դէմ: Սուրիոյ հետ հաշտութիւնը սկսած է, սակայն Թուրքիա պիտի կարենա՞յ գոհացնել Սուրիոյ պահանջըª երկրի հիւսիսային մասէն քաշուելու: Այս բոլոր մարտահրաւէրները Էրտողանը պիտի դնեն նեղ կացութեան մէջ եւ ընտրութենէն ետքՔիլիչտարօղլուի յայտարարութիւնըª ՙԱստուած օգնէ Թուրքիոյ՚ բառերով, շատ բան կ’ըսէ: Թուրքիա կրնայ մխրճուիլ անակայունութեան մէջ շատ մը պատճառներով:
ԵՒՐՈՊԱ
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԸ
Եւրոպական միութեան տնտեսական շարժիչը կը համարուի Գերմանիան: Ան ցամաքամասի ամենամեծ ճարտարարուեստական արտադրութեան կեդրոնն է: Որեւէ տկարացում այս երկրին պիտի ազդէ ամբողջ միութեան վրայ: Ուքրանիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ առնուած պատժամիջոցներէն ետք, Գերմանիա սկսած է զգալ աժան ուժանիւթ ունենալու պէտքը: Ներածուած ամերիկեան բնական կազը շատ աւելի սուղ է քան ռուսական կազը: Այս ընթացքով Գերմանիա պիտի կորսնցնէ ընդունելի գինով ապրանք արտադրելու կարողութիւնը եւ մրցունակութիւնը: Շատ մը ընկերութիւններ պիտի նախընտրեն իրենց գործարանները փոխադրել երկիրներ, ուր յարմար գինով ուժանիւթ կայ: Պարտքի տոկոսի յաւելումն ալ իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ձգէ երկրին վրայ: Մարզուած գործաւորներու պակասն ալ կը ճնշէ արտադրութեան մարզին վրայ: Այս պատճառով Գերմանիա կ’ընդունի գաղթականներ: Վերոյիշեալ պատճառներով, Գերմանիա պիտի տառապի տնտեսկան աճի փոքր դրական, նաեւ ժխտական ցուցանիշերէ:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ԱՄՆ-Ի ՊԱՐՏՔԻ ՍԱՀՄԱՆԸ
Ուաշինկթընը յուզող պարտքի սահմանի տագնապը լուծուեցաւ, երբ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը կարգ մը զիջումներ կատարեց երկրի պիւտճէին մէջ, փոխարէնը ստանալով Հանրապետական կուսակցութեան հաւանութիւնըª բարձրացնելու պարտքին չափը 31,4 հազար միլիառ տոլարէն աւելի:
Սակայն, այս բոլոր քայլերը բաւարար չեն աշխարհի մեծ եւ փոքր երկիրներ համոզելու, թէ ԱՄՆ առաջուան վստահելի գործընկերն է, մանաւանդ տոլարի օգտագործումին մէջ: Ճիշդ է որ ԱՄՆ տոլարը տակաւին կրնայ մնալ աշխարհի թիւ մէկ դրամանիշը, սակայն ան բաւական կորսնցուց իր վարկէն: Այսօր, շատ մը երկիրներ կը նախընտրեն ծախել ԱՄՆ-ի տոլարով իրենց ունեցած պարտամուրհակները (bonds) եւ գնել ոսկի կամ ոսկիով պաշտպանուած այլ դրամանիշ: Այս պարտքի սահմանին տագնապը, երկրին պարտքի չափը, դրամանիշին ոսկիով պաշտպանուած չըլլալը եւ ամերիկեան պատժամիջոցները ազդանշաններ դարձան շատ մը երկիրներու համարª չյենելու ԱՄՆ տոլարին, այլ փնտռելու ուրիշ կայուն գոյքեր իրենց դրամը ապահովելու համար:
ՊՐԻՔՍ տնտեսկան համախմբումը, որուն կ’անդամակցին Չինաստան, Ռուսիա, Հնդկաստան, Պրազիլ եւ Հարաւային Ափրիկէ, մօտ ատենէն պիտի ունենայ իր դրամանիշը: Այս համախմբումը կամաց-կամաց պիտի դառնայ երրորդ աշխարհի երկիրներուն տնտեսական յենարաններէն մէկը, Արեւմուտքի կողմէ հովանաւորուող Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը փոխարինող: Այս համախմբումն է որ պիտի գծէ բազմաբեւեռ աշխարհի համակարգի աշխատանքի քարտէսը: ՊՐԻՔՍ-ի դրամանիշը պիտի սկսի փոխարինել ԱՄՆ տոլարը որպէս առեւտուրի եւ պահեստի դրամանիշ: Այն ատեն կրնայ սկսիլ ԱՄՆ տոլարի տագնապըª պահելու համար իր տիրապետութիւնը աշխարհի վրայ, որ պիտի ստիպուի բաժնեկցիլ ՊՐԻՔՍ-ի դրամանիշին հետ:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՇՈՒԿԱՅ (Primary market)
Բաժնետոմսերու կամ պարտամուրհակներու շուկային մէջ, հիմնական շուկայ կը կոչուի այն բաժինը, ուր ընկերութիւններ կը վաճառեն իրենց բաժնետոմսերը (shares) դրամագլուխ հաւաքելու համար: Ընկերութիւններ եւ կառավարութիւններ պարտքի դրամ կ’առնեն վաճառելով պարտամուրհակներ (bonds): Այդ պարտամուրհակներուն տոկոսը կը վճարուի կանոնաւոր ձեւով, իսկ պարտամուրհակի ժամանակի աւարտէն ետք փոխ առնուած գումարը կը վերադարձուի: Որեւէ տագնապի պարագային, բաժնետոմսերու շուկան կը սառի, անկարելի դարձնելով նոր բաժնետոմսերու կամ պարտամուրհակներու վաճառքը:
Երկրորդական (Secondary market) կը կոչուի այն շուկան, ուր կը վաճառուին արդէն գոյութիւն ունեցող բաժնետոմսեր կամ պարտամուրհակներ: Այսինքն, երբ անձ մը դրամի պէտք ունի, կրնայ վաճառել իր ունեցած բաժնետոմսը կամ պարտամուրհակը փոքր զեղչով մը: Ուրեմն, եթէ պարտամուրհակին կեանքը երեք տարի է, արժէքը 100 տոլար ու տոկոսը 5 առ հարիւր, մենք զայն կրնանք վաճառել հիմա 103 ԱՄՆ տոլարի, զեղչելով 2 տոլար տոկոսի արժէքէն:
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ