Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

June 4, 2023
in Գաղութային
0
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Արժանթինի խորհրդարանի Արժանթին-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Կիերմօ Անտրատայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` ուղեկցութեամբ Հայաստան-Արժանթին բարեկամական խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեանի:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայաստանի մէջ Արժանթինի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարիանօ Վերկարան եւ Արժանթինի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յովհաննէս Վիրապեանը:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, անդրադառնալով երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն, ընդգծեց, որ անոնք յատկանշուած են սերտ բարեկամութեամբ եւ Արժանթինը դժուարին իրավիճակներու մէջ, յատկապէս արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին մշտապէս զօրակից եղած է հայ ժողովուրդին: Այս առնչութեամբ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ Արժանթինի ծերակոյտին կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը դատապարտող եւ դադրեցնելու կոչ ընող յայտարարութեան:

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւն անդրադարձ կատարեց տարածաշրջանին մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի սահմաններուն նկատմամբ ոտնձգութիւններուն, Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, մինչեւ օրս գերութեան մէջ պահուող հայորդիներուն, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն:

Ամենայն Հայոց Հայրապետը ողջունեց բարեկամ երկիրներուն, խորհրդարանական եւ պետական գործիչներուն ու անհատներուն ջանքերը ուղղուած միջազգային ատեաններուն մէջ արցախահայութեան ազատ եւ անկախ ապրելու արդար իրաւունքի պաշտպանութեան` վստահութիւն յայտնելով, որ հայ ժողովուրդը քրիստոնէական հաւատքի եւ լաւատեսական ոգիին շնորհիւ պիտի կարենայ յաղթահարել առկայ դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:

Արժանթին-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Կիերմօ Անտրատան Նորին Սրբութեան տեղեկացուց, որ իրենց այցին նպատակն է նաեւ անմիջականօրէն ծանօթանալ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին` հաւաստիացնելով, որ իրենց լիազօրութիւններու շրջանակներուն մէջ պիտի նպաստեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործընթացներուն:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Քոյր Եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու ներդրած ջանքերունª Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին մէջ:

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

Next Post

BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Next Post
BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.