Եւրոպական գերաստիճանի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ժողով գումարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ու անոր շնորհակալութիւն յայտնած է իր երկրի նեցուկին համարª Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութեան պաշտպանութեան մէջ: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ռմբակոծումի պատճառով վնասուած ենթակառոյցի նորոգութեան գործին համար: