Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ ՙԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԳԻՏԵԼԻՔԻ ՎԻՔԹՈՐԻՆԱ՚ ԾՐԱԳՐԻ ՀԱՄԱԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՓՈՒԼԸ

May 31, 2023
in Գաղութային
0
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ ՙԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԳԻՏԵԼԻՔԻ ՎԻՔԹՈՐԻՆԱ՚ ԾՐԱԳՐԻ ՀԱՄԱԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՓՈՒԼԸ

 

30 Մայիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութիւնը ՀՀ Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան հետ համատեղ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ՙԳարեգին Ա.՚ կրթական կեդրոնին մէջ կազմակերպեց ՙԱստուածաշունչի Գիտելիքի Վիքթորինա՚ ծրագրի համաբանակային եզրափակիչ փուլը:

Միջոցառման իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՀ Զինուած ուժերու տարբեր զօրմասերու զինուորները, որոնք յաղթահարած էին մրցոյթի առաջին փուլը:

Վիքթորինան բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով: Այնուհետեւ մասնակիցները ողջունեց Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը` ներկաներուն փոխանցելով Ամենայն Հայոց Հայրապետին հայրական սէրն ու օրհնութիւնը:

Աշխոյժ մասնակցութեան եւ սուրբգրային գիտելիքներու բարձր պատրաստուածութեան համար բոլոր մասնակիցները պարգեւատրուեցան Աստուածաշունչ մատեաններով, Նոր Կտակարաններով, Գրիգոր Նարեկացիիւ ՙՄատեան Ողբերգութեան՚ գիրքերով եւ պատուոգրերով:

Միջոցառումը եզրափակուեցաւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան Գլխաւոր քարտուղար գերաշնորհ Տ. Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեանի օրհնութեան խօսքով:

31 Մայիսին ՙԱստուածաշունչի Գիտելիքի Վիքթորինա՚ ծրագրի համաբանակային եզրափակիչ փուլի բոլոր մասնակիցներուն համար պիտի կազմակերպուի ուխտագնացութիւն դէպի Հայաստանի տարբեր սրբավայրեր:

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Next Post

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐ

Next Post
ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐ

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.