Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը ընդունած է Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօն:
Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին առնչուող հարցեր:
Արմէն Գրիգորեանը Լուիս Պոնոյին ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով հայկական կողմին դիրքորոշումները:
Կողմերը քննարկած են նաեւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգի շարք մը հարցեր: