Կարմիր խաչի նախաձեռնութեամբ, 26 Մայիսէն վերականգնուած է Արցախէն բուժառուներու տեղափոխումը Հայաստանի բժշկական կեդրոններ:
Այս մասին ըսաւ Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին` նշելով, որ 26 Մայիսին Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան Հանրապետական բժշկական կեդրոնէն 15 բուժառու` ուղեկցողներու հետ միասին, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ:
ՙ17 Մայիսէն սկսեալ մենք նաեւ վերսկսած ենք մարդասիրական բեռներու տեղափոխութիւն: Ընդհանուր առմամբ տեղափոխած ենք տարբեր մարդասիրական բնոյթի պարագաներ, յատկապէս տեղական բժշկական հաստատութիւններուն համար նախատեսուող բժշկական պարագաներ եւ դեղորայք: 17 Մայիսէն սկսեալ մինչեւ այսօր տեղափոխած ենք 16 բեռնատար՚, նշած է Ամատունին: