ԿԱՆԽԻԿ ԳՈՒՄԱՐԸ
17 Հոկտեմբեր 2019-ին սկսած տնտեսական տագնապի ամենայատկանշական երեւոյթներէն մէկն էր դրամատուներու քաղաքականութիւնըª ի պահ դրուած գումարը մաս-մաս վերադարձնելու, իսկ երկրորդ երեւոյթն է դրամատուներէն դուրս կանխիկ գումարով աշխատիլը: Ըստ Համաշխարհային դրամատան, 2022 թուականին Լիբանանի տնտեսութեան 45 առ հարիւրը կանխիկ գումարի վրայ հիմնուած էր: Այդ գումարը ներկայիս 809 միլիոն ԱՄՆ տոլար է եւ 80 հազար միլիառ լիբանանեան ոսկի: 2021 թուականին, այս թիւերն էինª 926 միլիոն եւ 45 հազար միլիառ: Այս գումարին աղբիւրն ենª արտերկրի լիբանանցիներու ուղարկած գումարը, շուկայ մտած նոր ՙֆրէշ՚ գումարը, միջազգային կազմակերպութիւններու ուղարկած օժանդակութիւնը, Կեդրոնական դրամատան շուկայ մտցուցած օտար դրամանիշը, նախքան տագնապը տուներուն մէջ պահուած գումարը եւ տագնապէն առաջ դրամատուներէն ելք եղած գումարը: Այս գումարը պիտի մնայ շրջանառութեան մէջ մինչեւ որ դրամատուներուն վիճակը յստականայ եւ կառավարութիւնը ստանձնէ իր պարտաւորութիւնները դարմանելու երկրին դրամական կայունութեան հոլովոյթը եւ դրամատուներու վիճակը յստականայ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՃՆՇՈՒՄԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Արեւմտեան Եւրոպայի քաղաքականութիւնը 1700-ական թուականներէն ի վեր եղած է հայ ժողովուրդին իրաւունքները նկատի չառնող քաղաքականութիւն: Եթէ այս վարկածին դէմ կարծիք ունեցող մարդիկ կան, անգամի մը համար թող դիտեն Եւրոպական միութեան վարած քաղաքականութիւնը ներկայիս որպէս միջնորդ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմª Եւրոպական միութիւն-Հայաստան-Ատրպէյճան ղեկավարներու մակարդակով ժողովէն ետք կատարուած յայտարարութեան մէջ չկայ որեւէ անդրադաձ Արցախի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքին, չկան քայլեր զսպելու Ատրպէյճանի ազգայնամոլ եւ ծաւալապաշտ ախորժակները: Արցախի հողամասը բնաւ մաս չէ կազմած անկախ Ատրպէյճան պետութեան: Այս ամենամեծ փաստն է, որ պէտք է օգտագործուի հայ քաղաքական ղեկավարներուն կողմէ: Եւրոպային պէտք է Հայաստանով անցնող Թուրքիա-Ատրպէյճան-Կեդրոնական Ասիա ճամբան, շրջանցելու համար ռուսական արգելքը հիւսիսի մէջ: Իսկ Թուրքիոյ համար ալ այս ճամբան կարեւոր է իր թուրանական ծրագիրի յաջողութեան համար: Այս է իրականութիւնը:
Դժբախտաբար, ըստ իր դրացիներուն, Հայաստան ներկայիս կը ներկայացնէ ամենատկար օղակը Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ: Պատճառը նախկին նախագահներու վարած հակազգային եւ օտարին պահանջը գործադրող քաղաքականութիւնն է, որ վարած են բոլոր նախկին նախագահները ու ներկայիս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չի կրնար դիւրութեամբ ձերբազատուիլ այդ սխալ քաղաքականութենէն: Բնաւ չէ գործադրուած ազգային օրակարգի վրայ հաստատուած պետական քաղաքականութիւն: Միշտ վստահած ենք Արեւմուտքին եւ ռուսին մեր հարցերը դասաւորելու եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար: Անոր համար չենք զարգացուցած բանակը, վստահելով օտարին: Ներկայիս ալ յոյս կը դրուի մեր ամենամեծ հակառակորդ Միացեալ Թագաւորութեան վրայ, ճնշելու համար Ատրպէյճանի վրայ: Միացեալ Թագաւորութիւնը 19-րդ դարէն սկսեալ բնաւ չէ վարած հայամէտ քաղաքականութիւն: Քաղաքականութիւնը չի հիմնուիր մեր փափաքին վրայ, այլª շահերու եւ գետնի վրայ գործադրուած քայլերու վրայ: Միացեալ Թագաւորութիւնը եւ Եւրոպական միութիւնը մեզի ե՞րբ օգնած են որ հիմա պիտի օգնեն, համաշխարհային մեծ բախումի մը սեմին:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ
ՍՈՒՐԻՈՅ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
Տասներերկու տարի տեւած Սուրիոյ մեկասուցումէն ետք արաբական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ, կարծէք ձիւնհալը մօտեցաւ: Հակառակ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական միութեան ճնշումներուն, Սուրիա վերադարձաւ Արաբական լիկա, արաբական երկիրներու մեծամասնութեան հրաւէրով: Չինաստանի եւ Ռուսիոյ ներկայացուցած կազմուող բեւեռը կարծես սկսաւ տալ իր պտուղները: Չինաստան հաշտեցուց Սէուտական Արաբիան եւ Իրանը ու ԱՄՆ-ի ձեռքէն քաշեց վտանգաւոր խաղաքարտ մը: Սուրիոյ հետ արաբական հաշտութիւնը մաս կը կազմէ այս հոլովոյթին, որուն հիմերը կը կազմեն, Արեւմուտքի քաղաքականութեան հակառակ, չխառնուիլ երկիրներու ներքին գործերուն ու շրջանի երկիրներու ընդհանուր շահը գերադասել արտաքին ամէն միջամտութենէ: Ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը դարձնել մնայուն գործօն: Սէուտական Արաբիա եւ Եգիպտոս, որոնք կը կազմեն առանցքները արաբական երկիրներու համախմբումին, կը փորձեն հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել Արեւմուտքի եւ նոր կազմուող բեւեռին միջեւ: Այստեղէն պէտք է դիտել անոնց քաղաքականութիւնը Սուրիոյ հանդէպ:
ԵՒՐՈՊԱ
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ԵՒ ՌՈՒՍԻԱ
Եւրոպական միութիւնը ցարդ գոհացուցիչ յարաբերութիւն ունէր Չինաստանի հետ: Եւրոպա կը համարուի Չինաստանի ամենամեծ յաճախորդներէն մէկը ԱՄՆ-էն ետք: Ներկայիս երբ Չինաստան սկսած է վարել նոր քաղաքականութիւն, որուն հիմը բազմաբեւեռ համակարգի մը հաստատումն է ու երկիրը բռնած է քաղաքական կշիռ աւելցնելու ճամբան, տնտեսականին զուգահեռ, Եւրոպական միութիւնը սկսած է մտածել, թէ ի՞նչ քաղաքականութիւն վարել այս հսկային հետª չնեղացնելու համար Միացեալ Նահանգները: Թայուանի հարցին պատճառով բախումի մը պարագային ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի միջեւ, Եւրոպական միութիւնը ի՞նչ քաղաքականութիւն պիտի վարէ, կը մնայ ամենամեծ հարցումը:
Անցեալ շաբաթ Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն, վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի աջ կեդրոն կուսակցութիւնը շահեցաւ 41 առ հարիւրը քուէներուն, շահեցաւ 146 աթոռ, 300 աթոռ ունեցող խորհրդարանին մէջ: Ուրեմն, ան առանձին պիտի չկարենայ կառավարութիւն կազմել եւ պէտք պիտի ունենայ դաշնակիցի մը խորհրդարանին մէջ: Ընկերվարական Ալեքսիս Ցիփրասի Սիրիզա կուսակցութիւնը շահեցաւ քուէներուն 20 առ հարիւրը: Սիրիզա կորսնցուց ընտրութիւնը, որովհետեւ քուէարկողներուն խոստացած էր չզիջիլ եւրոպացի պարտատէրերու պայմաններուն, սակայն չկրցաւ կատարել իր խոստումը: Միցոթաքիս հաւանաբար որոշէ գործադրել սահմանադրութեան մէջ նշուած կէտ մը, որ իրաւունք կու տայ ընտրութեան առաջին երկու դիրքերը գրաւող կուսակցութիւններուն երթալ ընտրութեան երկրորդ փուլիª առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւած կուսակցութիւններուն միջեւ, յաւելեալ աթոռ շահելու եւ առանձին կառավարութիւն կազմելու համար:
Ռուսիոյ Դաշնութեան վրայ եւրոպական պատժամիջոցները ժխտական ազդեցութիւն ունեցան Եւրոպայի երեք նաւահանգիստներու վրայ, որոնցմէ կ’անցնէր Ռուսիա ուղարկուած ապրանքին 70 առ հարիւրը: Գերմանիոյ Համպուրկ նաւահանգիստին առեւտուրի ծաւալը նուազեցաւ 10,2 առ հարիւր համեմատութեամբ 2023-ի առաջին քառորդին: Հոլանտայի Ռոթըրտամ նաւահանգիստին, որ կը համարուի Եւրոպայի ամենամեծը, առեւտուրի ծաւալը նուազեցաւ 1,5 առ հարիւր համեմատութեամբ: Իսկ Պելճիքայի Անվէր նաւահանգիստին առեւտուրի ծաւալը նուազեցաւ 4,5 առ հարիւր համեմատութեամբ: Ռուսական նաւերուն արգիլուած է օգտագործել Եւրոպայի նաւահանգիստները:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ԱՄՆ-Ի ՊԱՐՏՔԻ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՏԱՆԳԸ
Եթէ Ուաշինկթընը յուզող պարտքի տագնապը ի վերջոյ Միացեալ Նահանգները մտցնէ տնտեսական անկումի մէջ, Միացեալ Նահանգներուն տնտեսութիւնը միայն ինք պիտի չըլլայ ազդուողը:
Դաշնային պարտքի առաջին սնանկացումի հետեւանքները արագօրէն պիտի անդրադառնան ամբողջ աշխարհին: ԱՄՆ-ին ելեկտրական սարքեր վաճառող չինական գործարաններու պատուէրները կրնան նուազիլ: Զուիցերիացի ներդրում կատարողներ, որոնք ունին ամերիկեան պարտամուրհակներ (bonds), վնաս պիտի կրեն: Սրի Լանքայի ընկերութիւններ այլեւս չեն կրնար օգտագործել ԱՄՆ տոլար որպէս վճարումի միջոց իրենց երկրի դրամանիշին փոխարէն:
ՙՀամաշխարհային տնտեսութեան ոչ մէկ անկիւն հեռու պիտի մնայ ազդեցութենէն՚, եթէ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը սնանկութեան ենթարկուի եւ տագնապը արագ չլուծուի, կ’ըսէ Moody’s Analytics-ի ընդհանուր տնտեսագէտ Մարք Զանտի: Զանտի եւ Moody’s-ի երկու գործընկերներ եկած են այն եզրակացութեան, որ եթէ պարտքի սահմանը խախտի նոյնիսկ մէկ շաբաթ, ԱՄՆ տնտեսութիւնը կը տկարանայ շատ արագ, որուն հետեւանքով 1,5 միլիոն աշխատատեղի կը վերացուի:
Իսկ եթէ կառավարութեան վճարում կատարելու անկարողութիւնը տեւէ շատ աւելի երկարª մինչեւ ամառ, ապա հետեւանքները շատ աւելի վտանգաւոր պիտի ըլլան, Զանտի եւ անոր գործընկերները յստակացուցին իրենց վերլուծումին մէջª անգործութեան մակարդակը ներկայի 3,4 առ հարիւրէն կ’աճի մինչեւ 8 առ հարիւր, իսկ բաժնետոմսերու շուկայի անկումը կը ջնջէ երկրի ունեցուածքէն 10 հազար միլիառ ԱՄՆ տոլար:
Անշուշտ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը կրնայ այս վիճակին չհասնիլ: Սպիտակ տունը եւ գոնկրէսի հանրապետականները կը բանակցին համաձայնութեան մը հասնելու համար: Հանրապետականները կը յայտարարեն, թէ պիտի համաձայնին պարտքի սահմանը բարձրացնել, եթէ դեմոկրատական վարչակազմը նուազեցնէ ծախսերը: Սակայն, նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը դէմ է կրճատումին: Նախագահը կրնայ օգտագործել Սահմանադրութեան 14-րդ յօդուածը, որ կը հաստատէ հետեւեալը. ՙՄիացեալ Նահանգներու պարտքին վաւերականութիւնը կասկածի տակ չի դրուիր՚: Նախագահը կրնա՞յ շրջանցել Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակաշրջանին աւելցուած պարտքի սահմանին օրէնքը: 2011-ի նոյնպիսի տագնապի ատեն դեմոկրատ նախագահ Պարաք Օպամա չկրցաւ շրջանցել այս օրէնքը:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՆՑ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ (Say՛s law)
19-րդ դարուն ֆրանսացի տնտեսագէտ Ժան-Պաթիսթ Սայի կողմէ հաստատուած գաղափարը, որ առաջարկը կը ստեղծէ իր պահանջարկը: Սայ նկատի ունէր համախառն պահանջարկը, այլ ոչ թէ առանձին ապրանքներու: Ապրանք արտադրելու համար ընկերութիւնը պէտք է աշխատավարձ վճարէ աշխատողներուն, մատակարարներէն գնէ հում նիւթª արտադրելու համար£ Այս աշխատավարձերը եւ եկամուտները կ’օգտագործուին այլ ապրանքներ գնելու համար£ Սայի օրէնքը օգտագործուած է դասական տնտեսագէտներու կողմէª պնդելու, որ տնտեսական անկումը կը կարգաւորուի առանց կառավարութեան միջամտութեան: Այսինքն, ըստ Սայի, շուկայի օրէնքը կը նմանի բնութեան օրէնքին: Շուկան ինքզինք կրնայ կարգաւորել առանց կառավարութեան միջամտութեան: Երբ կայ արտադրութիւն, ուրեմն կայ առաջարկ, որ կը ստեղծէ առեւտուր, աշխատավարձ, հում նիւթի գնում եւ այսպէս շարունակաբար:
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ