Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՍԻՆ

May 26, 2023
in Յօդուածներ
0
ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՍԻՆ

 

 

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ԱՐԵԳ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ

ՎԵՐԱԾՆԱՒ ՓԻՒՆԻԿԻ ՆՄԱՆ

 

Շատ հին ժամանակներէ ի վեր պարը եղած է ազգի մը մշակոյթի անբաժան մասը: Ան եղած է ժողովուրդի կեանքին մէկ մասը: Ամէն առիթ ունեցած է իր արտայայտութեան ձեւը, որուն ամենակարեւորը եղած է պարը: Աստուծոյ գոհաբանութիւնը, սէրը, մահը, պատերազմը, հարսանիքը, հողագործութիւնը, ձկնորսութիւնը, հովիւները եւ բոլոր կեանքի մաս դարձած հանդէսներ ու արհեստներ ունեցած են իրենց պարը: Հայ ազգը, որպէս Արեւելքի ամենահին ցեղերէն մէկը, ունեցած է իր ուրոյն պարերը, որոնք միչեւ այսօր կը դիւթեն ամէն հանդիսատես, ամէն մշակութասէր մարդ: Կը հմայեն շարժուձեւերու պարզութեամբ, խորութեամբ եւ իմաստով: Ամէն առիթ ունի իրեն յատուկ շարժուձեւերը, տղոց խրոխտ, կիներու նազելաճեմ շարժումները, ոտքի շարժումներու կշռոյթը: Պարը հաւասարակշռութեան ուղերձ մըն է ուղղուած արարիչէն իր էակներուն: Ձեւերով հայկական պարը կարծէք աստուածային նամակ մը ունի տալիք մեզի, որ կու գայ դարերու խորերէն: Հայ մշակը պահած է իր ցեղային աւանդութիւնները հայկական պարի, երգի եւ ասոյթի միջոցով: Պարը մեզի տուած է ապրելու վայելքը մեր նախնիներուն նման: Հայկական պարը իր բարդ շարժուձեւերով կը համարուի ամենակատարելագործուածը միջազգային պարերու մշակոյթին մէջ: Իւրաքանչիւր շարժում ունի իր ծիսական իմաստը, որովհետւ ան ժամանակին եղած է փառք տալու ծէսի մէկ կարեւոր մասը: Մարդը իր Արարիչին հետ խօսած է պարի լեզուով: Արեւելքի հին ժողովուրդներ, որոնցմէ մէկն է հայ ժողովուրդը, իրենց պարով գոհութիւն տուած են Արարիչի պարգեւած առատ բեռքի, կեանքի համար:

Լիբանանի տագնապալի իրականութեան մէջ, երկրին մէջ տիրող երեք տարուան քաոսէն ետք, տնտեսական տագնապի եւ Գորոնա ժահրի համաճարակի պատճառներով, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան «Արեգ» պարախումբը դադրեցուց իր փորձերը: Սակայն, հայը զէնքերը վար դնել չի գիտեր: Այս է իր դարերու արհաւիրքին դիմաց դիմանալու գաղտնիքը: «Արեգ»ն ալ փիւնիկ թռչունի նման վերապրեցաւ եւ 2022 թուականի Հոկտեմբերին վերսկսաւ իր փորձերը: Իսկ 19 Մայիսէն 21 Մայիս 2023-ի միջեւ հայ եւ օտար հանդիսատեսը վայելեց «Արեգ»ի ելոյթը: Պարախումբի ծրագիրը կ’ընդգրկէր 14 պար: Մեծերու խումբը մեզ հմայեց իր «Ով հայոց Աշխարհ», «Քոչարի», «Լիբանանեան տապքէ», յունական, ռուսական եւ «Կանչում են» խմբային պարերով: Իսկ այս ելոյթին մէջ մասնաւորապէս փայլեցան մենակատարներ Տալիտա Սալպաշեան, Կասիա Նորշահեան, Ճեսի Ճիկերեան եւ Կալիա Նորշահեան: Անոնք իրենց գեղեցիկ մենակատարութեամբ հմայեցին հանդիսատեսը եւ փաստեցին, որ հայ պարը չի մեռնիր, երբ այս մակարդակի սիրողներ ունին: Պարը սէր կը պահանջէ: Իսկ լաւ պարելը՝ աւելի մեծ սէր: Այդ աղջիկները ունէին այդ մեծ սէրը, որ իրենց մէջ դրոշմուած էր մանկութենէն: Պարուսոյց Գարլօ Մթրըպեանի գերազանց մենակատարութիւնը «Շալախօ» պարին մէջ հմայիչ էր: Պարմանուհիներն ալ ներկայացուցին «Կարմիր Նուռ» եւ իտալական «Պելլա չաօ» պարերը: Իսկ փոքրիկներ փայլեցան «Պայլա» եւ «Հայեր Ջան» պարերով:

Վարձքերնիդ կատար, սիրելի պարուսոյցներ Գարլօ Մթրըպեան եւ Գոհար Տէմիրճեան Գասպարեան: Ի պատիւ ձեզի հայկական պարը վերադարձաւ մեզի՝ հանդիսատեսին: Դուք ցոյց տուիք արուեստի մեծ թռիչք այս դժուար պայմաններուն մէջ:

Գնահատանքի յատուկ խօսք Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ազնիւ եւ պարտաճանաչ վարչականներուն եւ ատենապետուhի տիկին Անի Եփրեմեանին: Ձեր ճիգը տուաւ իր պտուղները: Դուք ցանեցիք բարի գործը եւ հնձեցիք գեղեցիկ արդիւնք: Պատիւ ձեզի, հայկական մշակոյթի մեհեանի համեստ քրմուհիներ:

 

Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՓԻՒՆԻԿՆ ԵՆՔ՚

Next Post

ԺՈՂՈՎ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Next Post
ԺՈՂՈՎ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

ԺՈՂՈՎ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

June 4, 2023
BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

June 4, 2023
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

June 4, 2023
ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

June 4, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.