Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԻՒՆԻԿՆ ԵՆՔ՚

May 26, 2023
in Յօդուածներ
0
ՓԻՒՆԻԿՆ ԵՆՔ՚

ՙ

 

Այո՛, կը յառնինք մոխիրէն, կը ճախրենք հողմերուն դէմ, կը խոյանանք ամպերէն վեր..: Մեր սլացքը անխոնջ է եւ մեր կամքըª աննկուն: Այս նշանաբանովª Լիբանանի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ՙԱրեգ՚ պարախումբը հանդէս եկաւ հանրութեան եւ մատուցեց յաջորդական երեք փայլուն ելոյթներ:

Ի հեճուկս Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ու տնտեսական սուր տագնապին եւ օրըստօրէ ծաւալող անյուսադրելի պայմաններուն, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը փաստեց իր եզակի կարողութիւնըª յաղթահարելու երկրին անբարենպաստ պայմանները, տիրող հոգեվիճակը…: Հետեւաբար անոր անձնակազմը անսակարկ ջանքերով կարելի դարձուց անկարելին եւ երկար դադարէ մը ետք ՙԱրեգը՚ կրկին բեմ բարձրացուց: ՙԱրեգ՚ը շողաց, փայլատակեց, ջերմացուց եւ խանդավառեց իր յարգելի հանդիսատեսները:

Թէեւ ես Լիբանանէն մղոններ հեռու եմ, բայց կ?ապրիմ Լիբանանով…: Հոգիս կը թնդայ երբ Լիբանանի մէջ որեւէ ընկերային եւ մշակութային նախաձեռնութիւն կ?իրագործուի: Շնորհիւ սիրելի բարեկամներուս եւ ընկերային ցանցերու հասանելիութեան, ստացայ ՙԱրեգ՚ համոյթին տեսերիզները, որոնք դիտեցի  ՙականատեսի՚ յափշտակութեամբ… մերթ զարմանքով, մերթ հիացմունքով  եւ մերթ հրճուանքով: Հրամցուած պարերը ակնառու եւ յատկանշուող էին իրենց գեղարուեստական  բնոյթով, բարձրորակ կատարողութեամբ, այլազանութեամբ, տարազներու ճոխութեամբ… ամբողջացնելով բեմահարթակին բոլոր պահանջները եւ իրաւունքները:

Իրաւացի է այն արտայայտութիւնը, որ կ’ըսէ. ՙԱմուրը կը գոյատեւէ՚: Ես ճանչցած եմ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը ութսունականներու սկիզբը եւ մաս կազմած եմ իր վարչական կազմին£ Եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետեմ անոր  անցեալի նուաճումներուն եւ այսօրուան իրագործումին, կրնամ հաստատել, որ ա՛յս միութիւնը ընդմիշտ պիտի գոյատեւէª հեզասահօրէն նաւարկելով ժամանակի յորձանուտներուն դէմ եւ ընդմիշտ յառնելով մոխրամած փիւնիկի պէս:

Մեծապէս կը գնահատեմ բոլոր անոնք, որ սատարեցին այս պարային համոյթին յաջողութեան: Յարատեւ վերելք կը մաղթեմ սիրելի եւ պանծալի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան:

 

ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ`

Next Post

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՍԻՆ

Next Post
ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՍԻՆ

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՍԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.