ՙԱՐԵԳ՚ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՅԱՋՈՂ ԵԼՈՅԹԻՆ ԱՌԹԻՒ
Լիբանանահայ իրականութենէն ներս, երկրէն ներս տիրած գրեթէ երեք տարիներու անիմաստ ու քայքայիչ քաոսէն ետք, երկիրը եւ երկրին հետ լիբանանցին կամաց-կամաց երբ սկսած է համակերպիլ տիրող պայմաններուն ու ապրելակերպին, լիբանանահայ մշակութային, կրթական եւ այլ հասարակական կառոյցներ, երկար տարիներու սպասումներու, ապրուած զրկանքներու, պարտադրուած կրաւորական արգելքներու մասամբ մը աւարտին, ահա՛ սկսած է ժպտիլ արեւին ու կեանքին, եւ այդ պատճառով ալ ընթացիկ տարուան Մայիսին եկաւ նոր շունչ ու երանգ տալ լիբանանեան առօրեային, գաղութահայ կեանքը դարձնելով խայտաբղէտ..:
Գաղութահայ իւրաքանչիւր մարմին, միութիւն թէ արուեստի խումբ, այս օրերուն կարծես կը մրցին իրարու հետ, տեղ մը խճողելով երեկոները, տեղ մը խաչաձեւելով իրար, բայց ամենակարեւորը, խանդավառութիւն եւ ուրախութիւն պատճառելով լիբանանահայութեան, որոնց համար կեանքը շարժում է, եւ ուրեմն իւրաքանչիւր կառոյց պէտք է հրամցնէ իր ստեղծագործութիւնը, արարչութիւնը, արուեստի ծիրէն ներս ունեցած եւ յաջողցուցած համոյթը, որպէսզի հայկական շունչը զգալի դառնայ բոլոր բնագաւառներէն ներս, ըլլան անոնք երգչախումբ, պարախումբ, թատերախումբ, նուագախումբ… խո՜ւմբ, խո՜ւմբ ու խո՜ւմբ… որոնք անթիւ են: Շա՜տ ապրին..:
Այո՛… տեղ մը անոնք կը խաչաձեւեն, բայց թո՛ղ խաչաձեւե՜ն… թող շարունակե՛ն խաչաձեւել, միայն թէ մնան ոտքի՜… կանգո՜ւն… աշխո՜յժ… խանդավա՜ռ… մանաւանդª հայաբո՜յր… հայաշո՜ւնչ… եւ հայահունչ, որպէսզի Հայաստանամերձ լիբանանահայ կենսունակ գաղութը պահէ՛ իր երբեմնի ՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, պահէ՛ իր հայկական շողշողուն դիմագիծը եւ շարունակէ վերադարձնել նախկին օրերու մեղուաջանութիւնը, համայնքի զաւակներուն շնորհելով անանձնական հրճուանք ու բերկրանք:
Եւ արդարեւ, Ուրբաթ, 19 Մայիս 2023-ի երեկոն, համեստիս համար հանդիսացաւ նմանօրինակ զուարթ առիթª ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն ներշնչելու քաղցրիկ երեկոյ, երբ քայլերս զիս առաջնորդեցին Յովհաննէս Պօղոսեան սրահ, ուր ելոյթ պիտի ունենար Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ՙԱՐԵԳ՚ պարախումբը, իր ելոյթը մկրտած ըլլալովª ՙՓԻՒՆԻԿՆ ԵՆՔ՚ եզրոյթովª իրաւացիօրէն… քանզի տարիներու մղձաւանջէն ետք ես տեսայ բարձրացող ՙՓիւնիկը՚ª յառնող ու համբարձող..:
Եւ իրապէ՛ս ալ ՙԱՐԵԳ՚ պարախումբը այդ գիշեր արեգակեց… պայծառացուց ու պանծացուց լիբանանեան արուեստի գիշերը, անգամ մը եւս փաստելով կամքի հզօր ուժը եւ յարատեւելու ձգտումը, իրարայաջորդ 15 պարերով, ուր պարախումբի անդամուհիներ իրենց գոյնզգոյն տարազներով, նուրբ ու հեզաճկուն պարերով արձանագրեցին մեծ յաջողութիւն, որուն համար գնահատանք բառը քիչ է..: Երկար ապրին..:
Արդարեւ, հայկական, արաբական, ռուսական, յունական, իտալական պարերու համոյթը, վարպետ ցուցմունքներուն տակ գեղարուեստական ղեկավար Գարլօ Մթրըպեանի եւ նաեւ փոքրերու եւ պարմանուհիներու պարուսոյց Գոհար Տէմիրճեան-Գասպարեանի, պահ մը ՙպար՚ հասկացողութենէն բարձրացաւ վեր եւ թեւ առած մեզ փոխադրեց Լիբանանի արուեստի անմոռանալի երկնակամարը, երբ ապրեցանք անկրկնելի հաճելի պահեր:
Առանձին գնահատանքի արժանի են մենակատարներու հիացմունք առթող պարերըª մէկի՜կ… մէկի՜կ… (Գ. Մթրըպեան, Տալիտա Սալպաշեանª ՙՇալախօ՚ պարով) եւ (Կասիա Նորշահեան, Ճեսի Ճիկերեանª ՙՈւզունտարա՚ պարով), խլելով երկար ծափեր:
Սակայն, երբ կու գամ շնորհաւորել Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը, իրենց կատարած ազնիւ ու առաւել գնահատելի նախաձեռնութեան ու աշխատանքին համար, նոյն առթիւ յատուկ շնորհաւորանք մը արժանաւորապէս գնահատանքիս հետ կ’ուղղեմ ատենապետուհի Անի Եփրեմեանին, իր համբերատար ճիգին համար, որուն առողջ, յարատեւող հայեցիութիւն բուրող տաք շունչին տակ ՙԱՐԵԳ՚-ը կը դառնայ իրողապէս արեգակող… լուսաւորող… ջերմացնող եւ նպատակին կապող:
19 Մայիսի ուրախացնող Ուրբաթ երեկոն հանդիսացաւ հպարտացնող եւ ճակատները բարձրացնող խորհրդաւոր գիշեր: ԿԵՑՑԷ՛Ք..:
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ