Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԱՐԵԳ՚ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ` ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ

May 26, 2023
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՙԱՐԵԳ՚ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ` ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ

 

Լիբանանեան գաղութի կենսունակութինը ապացուցող երեւոյթով մը, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Պէյրութի ՙԱՐԵԳ՚ պարախումբը վերստին բեմ բարձրացաւª քառամեայ ակամայ բացակայութենէ ետքª համաճարակային, ապահովական եւ տնտեսական պատճառներով: 19, 20 եւ 21 Մայիսին, ՙԱՐԵԳ՚ պարախումբը երեք ելոյթ մատուցեց մշակութային հանդիսութիններու ծարաւ լիբանանահայ հանդիսատեսին:

Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած ելոյթներուն ընթացքին, ՙԱՐԵԳ՚ պարախումբի փոքրերու, կրտսեր եւ երէց պատանիներու երեք խումբերը իրենց ծնողներուն, միութենականներուն եւ լիբանանահայ հանդիսատեսին առջեւ բացայայտեցին անցնող ամիսներուն իրենց վաստակած պարային կարողութիւններըª գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Գարլօ Մթրըպեանի եւ փոքրերու պարուսոյց Գոհար Տէմիրճեան Գասպարեանի հետեւողական վերահսկողութեան տակ:

ՙՄենք Փիւնիկն Ենք՚ խորագրեալ ելոյթներու կալան տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 20 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Տէր եւ Տիկ. Լէոնարտ Ապաճեանի, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. եւ Տիկ. Վանիկ Տագէսեանի եւ անդամներուն, կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի, ՀԿԲՄ-ի ատենապետ, Պէյրութի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արամ Մալեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներու, հոգեշնորհ, գերապատիւ եւ արժանապատիւ հայրերու, առաքինազարդ քոյրերու, մշակութային, բարեգործական եւ մարզական քոյր միութիւններու պատուիրակներու, պարախումբի անդամներուն ծնողներու, ՆՍՄՄ-ի վեթերան պարողներու եւ լիբանանահայ բազմութեան:

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետ եւ ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի անդամ Ընկ.հի Անի Եփրեմեան իր բացման խօսքը սկսաւ հայկական գեղարուեստը փառաբանող Աւետիք Իսահակեանի խօսքերով եւ բացատրեց, որ ՙԱՐԵԳ՚ եկած է մոռացութեան մատնելու Լիբանանի տխուր առօրեան եւ ապացուցելու, որ, հակառակ անհերքելի ճնշուած վիճակին եւ ժողովուրդին դիմագրաւած ամէնօրեայ խնդիրներուն, վերջապէս կարելի է ծանր վիճակը յաղթահարել, շնորհիւ հայուն անկոտրում կամքին եւ միութենասէր գործիչներու վճռականութեան: ՙԱհաւասիկ մենքª Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ՙԱՐԵԳ՚ պարախումբը, որ փիւնիկի նման Լիբանանի մոխիրներուն ընդմէջէն կը վերակենդանանայ, դարձեալ թռիչք կ’առնէ եւ հանրութեան կը ներկայանայ ՙՄենք Փիւնիկն ենք՚ ելոյթներու շարքով, խինդ եւ յոյս պարգեւելու հանդիսատեսին՚, ըսաւ Ընկ.հի Եփրեմեան: Անոր խօսքով, ՆՍՄՄ-ի վարչութիւնը յանձնառու կը մնայ իր առաքելութեան շարունակականութեանª հայ նոր սերունդներուն մէջ դրոշմելու հայկական ինքնութիւնը: Շեշտելով, որ մարտական դիմադրութեան կողքին ազգը կը պահպանուի նաեւ մշակութային զէնքով, Ընկ.հի Եփրեմեան հպարտանք յայտնեց, որ ՙԱՐԵԳ՚ պարախումբը եւս իր լուման կը բերէ հայապահպանութեան գործին մէջ: Միութեան ատենապետուհին շնորհակալութիւն յայտնեց պարախումբին բոլոր ծառայողներուն, ապա ելոյթի վարագոյրը բացաւ Գէորգ Էմինի խօսքերով. ՙՉի՜ յաղթի ոչինչ այն ժողովրդին, որ այս ջանքո՛վ ու այս կամքո՛վ պարե՜լ գիտի…՚:

Շուրջ 80 վայրկեան տեւողութեամբ, ՙԱՐԵԳ՚-ի անդամները հանդիսատեսը հմայեցին իրենց ինքնավստահ կատարումներով, որոնց մէջ տեղ յատկացուած էր ինչպէս բոլորին սիրելի հայկական ազգագրական պարերուն, այնպէս ալ խառն-բազմամշակութային եւ արդի կատարումներուն: Յատկանշական էին նաեւ պատանիներուն ներկայացուցած ռուսական, յունական, սպանական պարերը, անշուշտ չմոռնալով մայրիներու երկիր Լիբանանի ՙՏապքէ՚ն: Պարերը բուռն գնահատուեցան հանդիսատեսներուն կողմէ, որոնք ծաղիկներով ու վարդերով գնահատեցին փոքրիկներուն եւ պատանիներուն ջանքերը եւ անոնց ու Միութեան մաղթեցին յարատեւութիւն:

 

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան այս նորագոյն սերունդը իր ՙՄենք Փիւնիկն Ենք՚ ելոյթով հաստատեց, որ, հակառակ իր պատանի տարիքին, կը մնայ աւագ սերունդի աւանդը շարունակող եւ հայկական ինքնութիւնը պահպանող յանձնառու ջահակիրը:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԿԱԶՓՐՈՄԻ ՇԱՀԸ ՆՈՒԱԶԱԾ

Next Post

ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ`

Next Post
ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ`

ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ`

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.