Ռուսական բնական կազ արտադրող ՙԿազփրոմ՚ ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ 2022 թուականին ընկերութեան եկամուտը նուազած է 41,1 առ հարիւր համեմատութեամբ, հասնելու համար 1,226 հազար միլիառ ռուպլիի: Ըստ նոյն տեղեկագիրին, արտադրութիւնը նուազած է 20 առ հարիւր համեմատութեամբ, հասնելով 412,6 միլիառ խորանարդ մեթրի: Ընկերութեան տնօրէնութիւնը որոշեց այս տարի շահաբաժին չբաշխել բաժնետոմսերու տէրերուն: Այս քայլը պատճառ դարձաւ, որ ընկերութեան բաժնետոմսի գինը նուազի 4 առ հարիւր համեմատութեամբ: