Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՐԿԱՅԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ  ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

May 24, 2023
in Գաղութային
0
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՐԿԱՅԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ  ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն (ՀԵՊ) առարկայի հանրապետական մրցոյթին մրցանակային տեղեր զբաղեցուցած աշակերտները:

Հանդիպման սկիզբը Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն հոգեշնորհ Տ. Զաքարիա ծայրագոյն վարդապետ Բաղումեանը, հայցելով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը, ներկայացուց այս տարուան ՀԵՊ առարկայի մրցոյթի արդիւնքներն ու արձանագրած յաջողութիւնները` շեշտելով առարկային սիրուած ըլլալն ու կարեւոր դերակատարութիւնը մատաղ սերունդի ազգային-հոգեւոր կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ:

Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, Իր սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցելով ներկաներուն, շնորհաւորեց մրցոյթի մրցանակակիրները` ուրախութեամբ արձանագրելով, որ առարկան կարեւոր ձեռքբերում է նորանկախ հանրապետութեան կրթութեան ոլորտին մէջ:

Նորին Սրբութիւնը ցաւով նկատեց, որ կրթական չափորոշիչներու փոփոխութեամբ դպրոցներուն մէջ պիտի դադրի առարկայի դասաւանդումը` յոյս յայտնելով, որ ՀՀ իշխանութիւնները անդրադարձ կ’ունենան այդ որոշման ու մեր զաւակներուն  հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի ստանալ հոգեւոր գիտելիքներ եւ դաստիարակութիւն` հաւատարիմ մնալու նախնեաց ժառանգութեան ու ազգային արժեհամակարգին:

Հայոց Հովուապետը աշակերտներուն յորդորեց ջերմեռանդութեամբ եւ նախանձախնդրօրէն շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը, ամբարեն նոր գիտելիքներ եւ եկեղեցասիրութեամբ ու հայրենաճանաչութեամբ իրենց մէջ զօրացնեն նուիրումի ոգին` ի փառս հայրենիքի եւ Մայր Եկեղեցւոյ:

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը փոխանցեց Հայր Զաքարիային եւ ՀԵՊ ուսուցիչներուն` պատանի հայորդիները տարիներ շարունակ քրիստոնէական եւ ազգային արժեհամակարգով կրթելու եւ դաստիարակելու իրենց կատարած նուիրեալ աշխատանքին համար` ընդգծելով, որ անոր վառ վկայութիւնը  աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւններն են:

Աւարտին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը պատասխանեց աշակերտները հետաքրքրող հարցումներուն:

 

 

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post

ՍԱԼԱՄԷԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Next Post
ՍԱԼԱՄԷԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

ՍԱԼԱՄԷԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.