Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

May 24, 2023
in Յօդուածներ
0
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

 

 

Փոքր տարիքէս փափաք ունեցած եմ հանդիպելու հայ կին դէմքերու, որոնք կը փայլէին կրթութեան, գրականութեան, երաժշտութեան, նկարչութեան եւ գիտական մարզերու մէջ իրենց նուաճումներով եւ ստեղծագործութիւններով: Ինծի համար մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնէր անոնց հետ ստեղծուած կապը հրապարակային միջոցառումներու, դասախօսութեանց թէ համագումարներու ընթացքին: Պատանեկան օրերուս Լիբանան կ’ապրէր գրագիտուհի Սիրան Սեզան, որ նաեւ խմբագրապետուհին էր հայ կնոջական միակ թերթինª ՙԵրիտասարդ Հայուհի՚-ին: Մեծ փափաք ունէի ծանօթանալու իրեն հետ ներկայ ըլլալով իր հրապարակային ելոյթներուն: Առաջին առիթը ներկայացաւ ինծի, երբ Սահակեան Բարձրագոյն Վարժարանի Տիկնանց Յանձնախումբը կազմակերպած էր Մայրերու Օրուան տօնակատարութիւն մը այդ օրերու ամենաժողովրդական հանդիսասրահներէն նկատուողª Նոր Հաճնոյ Սահակեան Վարժարանի սրահին մէջ:

Օրուան բանախօսն էր Սիրան Սեզա, որուն համբաւը մեկտեղած էր մեծ թիւով հայուհիներ միջին եւ երիտասարդ սերունդէն: 1954 թուականի Մայիսեան Կիրակի կէսօրէ վերջ մըն էր, երբ երէց քրոջս հետ մեծ ոգեւորութեամբ ներկայ եղայ այդ հանդիսութեան: Մուտքին դպրոցական աշակերտուհիներ ծաղիկ կը նուիրէին հրաւիրեալներուն: Սրահի առաջին կարգին վրայ նստած էին երէց սերունդի հայ մայրեր եւ մեծ մայրեր, որոնք պիտի մեծարուէին որպէս պատուոյ մայրեր: Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ բացման խօսքով եւ գեղարուեստական յայտագրով: Դպրոցի սան-սանուհիները մօր նուիրուած երգերով եւ արտասանութիւններով սքանչելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Հանդիսավար տիկինը ապա ներկայացուց օրուան բանախօսուհին: Տիկին Սիրան Սեզա ծափահարութիւններու տարափին տակ բեմ բարձրացաւ: Ան միջին տարիքի շատ գեղեցիկ դիմագծով, պոլսահայ տիկնոջ յատուկ գլխարկ մը ունէր գլխին, հագուած էր խիստ ճաշակաւոր զգեստ մը եւ կը մարմնաւորէր տպաւորիչ անձնաւորութիւն մը: Ան մեծ յարգանքով նախ ողջունեց երէց սերունդի մայրերը, որմէ վերջ ազդեցիկ ձայնով եւ հնչեղ առոգանութեամբ սկսաւ իր բանախօսութեան:

Հիացած մտիկ կ’ընէի զինք, երբ ան, Հայոց Պատմութեան էջերը թերթատած ըլլալով, ունկնդիրներուն ներկայացուց Հայոց թագուհիները, իշխանուհիները եւ ազնուական դասուն պատկանող կիները, որոնք հովանաւորած էին հայ մշակոյթի գլուխ-գործոց հանդիսացող ճարտարապետական կոթողները, գրչագրութեան եւ մանրանկարչական արուեստին նուիրուած մատեանները, տաճարներն ու վանքերը: Ան խօսեցաւ նաեւ 5-րդ դարու Վարդանանց պատերազմի թիկունքին կանգնած Փափկասուն Տիկնանց իւրայատուկ դերակատարութեան մասին հայրենիքի, հաւատքի եւ դպրութեան պաշտպանութեան ի խնդիր նման ճակատագրական օրերուն: Անցնելով ներկայ ժամանակներու մայրերուն, ան պատգամեց դաստիարակել իրենց զաւակները հայ արժէքներով, ազգային հայրենասիրական ոգիով եւ արդի ուսման հետամուտ ըլլալու հեռահաս ծրագրով:

Տիկին Սեզայի բեմական խօսքը կը յատկանշուէր արեւմտահայերէնի շքեղութեամբ եւ պերճախօսութեամբ: Բանախօսութեան աւարտին հանդիսականները խելայեղ ծափերով արտայայտեցին իրենց գնահատանքը: Այդ օրէն վճռեցի ներկայ գտնուիլ Տիկին Սեզայի բոլոր հրապարակային ելոյթներուն: 50-ական եւ 60-ական թուականներուն ան յաճախ բեմերու վրայ էր գրական, մշակութային եւ ազգային տօնակատարութիւններու հանդիսութեանց ընթացքին: Ան լիբանանահայ գաղութի միակ գրագիտուհին էր եւ խմբագրապետուհինª հայ կնոջական միակ թերթինª ՙԵրիտասարդ Հայուհի՚-ին:

Ներկայ եղած եմ Սեզայիª Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Ապրիլ 24-ի առթիւ իր բոցաշունչ բանախօսութիւններուն, Վարդանանց պատերազմի նուիրուած տօնակատարութիւններու առիթով ունեցած հայրենասիրական ելոյթներուն, ապրող եւ մահացած գրագէտներու յոբելեաններուն, որոնցմէ կը յիշեմ յատկապէս Մուշեղ Իշխանի մեծարման հանդիսութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շքեղ սրահին մէջ, բանաստեղծին ներկայութեամբ: Բանախօսած է նաեւ ազգային այլ տօներու եւ յոբելենական տարեդարձներու առիթով, ինչպէսª գիրերու գիւտի, Հայաստանի անկախութեան, Վարդանանց պատերազմի 1500-ամեակի տօնակատարութեան: Հայ կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններուª Հ.Բ.Ը.Մ.ի, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Համազգայինի, Լ.Օ.Խ.-ի, Դպրոցասէր Տիկնանց Միութեան եւ այլ գործուն կառոյցներու տարեդարձներուն առիթով եղած հանդիսութիւններուն միշտ հրաւիրուած է որպէս բանախօս: Սեզա իր հրապարախօսութեամբ դարձաւ լիբանանահայ բեմական խօսքի փայլուն ներկայացուցիչներէն մին:

Տիկին Սեզան լաւապէս ճանչնալու համար հարկ էր հետեւիլ ՙԵրիտասարդ Հայուհի՚ ամսաթերթի բովանդակութեան: Ընթերցումներու միջոցաւ կը հաղորդուէի Սեզայի յառաջադէմ գաղափարներուն յատկապէս կնոջական խնդիրներու քննարկման ծիրէն ներս: Ան կը ջանար հայ կինը արթնցնել իր թմբիրէնª քայլ պահելու համար զարգացող նոր դարաշրջանի ընկերային, տնտեսական, գիտական յառաջդիմութիւններուն հետ: Համոզուած ըլլալով հանդերձ, որ կնոջ տեղը ընտանիքէն ներս է որպէս տանտիրուհի եւ դաստիարակ մայր, սակայն ան միեւնոյն ատեն կը քաջալերէր կնոջ ասպարէզի տիրացումը եւ մասնագիտութեան մէջ խորացումը: Ան կ’ուզէր տեսնել հայ կինը ազգային կարեւոր պաշտօններու վրայ, որպէսզի ան իր մասնակցութիւնը բերէր ազգի զաւակներու դէպի վերելք սլացման ճիգերուն:

ՙԵրիտասարդ Հայուհի՚-ն, բացի կնոջական հարցերու նուիրուած առաջնորդող յօդուածներէ, կը բովանդակէր լուրջ գրական, կրթական, արուեստագիտական եւ մշակութային յօդուածներ: Աշխատակիցները անուանի դէմքեր էին, ինչպէսª Բիւզանդ Եղիայեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Վահէ Վահեան, Միհրան Տամատեան, Ներսէս Քիւփէլեան, Վարդան Գէորգեան եւ այլք: Ամուսնին Տոքթ. Ներսէս Քիւփէլեանի քաջալերանքով եւ նիւթական նեցուկով թերթը հրատարակուեցաւ մինչեւ 1968 թուականը: 1965 թուականին ամուսինին մահը ջլատեց Սեզայի կորովն ու կամքը: Ան կոչ ըրաւ հայ կիներուն 1965 թուին օժանդակելու իրեն: ՙՄինակ եմ, ո՞ւր էք, հայուհիներ՚: Այս կոչը արձագանգ գտաւ խումբ մը ուսեալ տիկիններու մօտ, որոնք մէկտեղուեցան տիկին Սեզայի շուրջ. անոնք էինª Արսինէ Դարեան, Ազատուհի Սիմոնեան, Աստղիկ Գոճայեան, Ժանէթ Քասունի, Սեսիլ Քէշիշեան եւ Մարի Դարբինեան Քրիսեան: Սկսանք ունենալ մեր հերթական ժողովները ու մասնակցիլ թերթի հրատարակութեան աշխատանքներուն: Բոլորս ալ լծուեցանք յօդուածագրութեան մեր հետաքրքրութիւններուն ծիրէն ներս: Նոր շունչ ու կենդանութիւն ստեղծուեցաւ թերթին շուրջ: Մեր մօտիկ կապերը տիկին Սեզայի հետ առիթ ընծայեցին աւելի մօտէն ճանչնալու զինք: Ան դժուարահաճ խմբագիրն էր եւ լեզուական մանրակրկիտ սրբագրութիւններով կը հրատարակէր թերթին տրուած բոլոր յօդուածները: Շաբաթական մեր ժողովներուն ընթացքին Սեզա կ’արտայայտուէր ազգային կեանքին մէջ առկայ խնդիրներուն բուռն քննադատութիւններով եւ իր լուծումները կ’առաջարկէր: Ան միշտ դժգոհ էր հանրային կեանքին մէջ բոյն դրած բացասական բարքերէն: Կը պախարակէր աթոռներու կառչած ղեկավարները, երիտասարդ սերունդը ազգային ղեկավարութենէն դուրս պահող առաջնորդները, կիներու հայ կեանքէն ներս պաշտօններ ստանձնելու լուսամիտ գաղափարին հակառակող անհատները: Իր քննադատական նշդրակին զոհ կը դառնային կրթական կեանքին մէջ յամեցող հնամենի բարքերու շարունակականութիւնը, հոգաբարձուներու հնամաշ եւ ժամանակավրէպ կրթական որոշումները: Այս բոլոր պոռթկումները տեղ կը գտնէին նաեւ իր թերթին, յատկապէս ՙԱրձագանգ՚ բաժնին մէջ: Ընթերցողները անհամբեր կը սպասէին, թէ Սեզան ի՞նչ ունէր ըսելիք օրուան իրադարձութիւններուն մասին:

ՙԵրիտասարդ Հայուհի՚-ի շուրջ համախմբուած տիկինները հաւատքով եւ համոզումով լեցուած 1965-1967 տարիներու ընթացքին ըրին իրենց լաւագոյնը ճոխացնելու թերթին բովանդակութիւնը եւ աջակցելու տիկին Սեզայի խմբագրական աշխատանքներուն: Անոնք համալսարանաւարտ հայուհիներ էին ու անոնց մէջ կային գրական շնորհքներ ունեցող եւ մամուլի աշխատակցութեան փորձով օժտուած տիկիններ: Իրենց համար անակնկալ մը եղաւ թերթի վերջին խմբագրականին հրատարակութիւնըª ՙՄնաք Բարեաւ՚ խորագրով: Սեզա կ’ափսոսար, որ իր շուրջ համախմբուած տիկիններէն ոեւէ մէկը քաջութիւնը չէր ունեցած ըսելու, որ ինք կարող է շարունակելու թերթի աշխատանքները որպէս խմբագիր: Ան իր ցաւը կ’արտայայտէր, թէ ՙԵրիտասարդ Հայուհի՚ն պիտի դադրէր հրատարակուելէ հակառակ իր կամքին: Կրնայ ըլլալ որ տիկիններէն մէկը առանձինն չէր կրնար թերթի ամբողջ պատասխանատուութիւնը վերցնել իր վրայ, սակայն անոնք հաւաքաբար ունէին կարողութիւնը յաջողցնելու նման նախաձեռնութիւն մը: Անոնք անկասկած պէտք ունէին քաջալերանքի: Այս պայմաններու տակ տիկին Սեզա ընդունեց 1969 թուականին թերթի արտօնագիրը յանձնել խումբ մը յանդուգն երիտասարդներու, խմբագրութեամբ Հայր Անդրանիկ Վարդապետ Կռանեանի, ՙԵրիտասարդ Հայ՚ անուանումով: Չորս տարուան կեանք ունեցող այս հրատարակութիւնը փորձ մըն էր յեղաշրջելու աւանդական ըմբռնումները լիբանանահայ գաղութին եւ իր յեղափոխական շունչով ցնցում յառաջացնելու հայ կեանքէն ներս: Խմբագիրները 1973-ին Սեզայի մահուան առիթով իրենց խօսքին մէջ թէեւ խոստովանեցան, թէ իրենց որդեգրած ուղին այլ բան չէր եթէ ոչ կրկնութիւնը եւ շարունակութիւնը Սեզայի ջատագոված սկզբունքներուն, որոնք այնքան աժմէական էին, առողջ եւ արմատական: 1968 թուականէն ի վեր լռած է Սիրան Սեզայի հզօր ձայնը ՙԵրիտասարդ Հայուհի՚-ի փակումով, սակայն ներկայի երիտասարդ բանասէրներու ուսումնասիրութիւնները կրնան վերստին կեանքի կոչել այնտեղ տեղ գտած Սեզայի փայլուն խմբագրականներն ու համարձակ յօդուածները, որոնք կը պահեն իրենց աժմէականութիւնը 21-րդ դարու մտածողութեան համար:

1967 թուի Դեկտեմբերին ՙԵրիտասարդ Հայուհի՚-ի շուրջ համախմբուած տիկիններու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Սեզայի գրական գործունէութեան 40-ամեակին եւ ՙԵրիտասարդ Հայուհի՚-ի 15-ամեակին նուիրուած համազգային տարողութեամբ յոբելենական հանդիսութիւնը: Տիկին Սեզա մասնակից էր հանդիսութեան կազմակերպչական խորհրդակցութիւններուն եւ իր թելադրութեամբ նշանակուեցան օրուան խօսողները, Սեզայի գրականութեան ներկայացումը գրող, խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեանի կողմէ իսկ ՙԵրիտասարդ Հայուհի՚-ի 15 տարիներու վաստակը կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Ազատուհի Սիմոնեանի կողմէ:

Լիբանանահայութեան ընտրանին լեցուցած էր Յովակիմեան Մանուկեանի Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահը: Ներկայ էին երեք կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեսիրական, կրթական, կնոջական, երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, հայ եւ լիբանանեան մամուլի աշխատակիցները: Ներկայ էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան Գարեգին եպիսկոպոս Սարգիսեանը, ապագային Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոս: Կազմակերպիչ տիկինները լծուած էին լուրջ աշխատանքիª ապահովելու նաեւ տիկին Սեզային արժանի պարգեւատրում լիբանանեան պետութենէն ու մշակոյթի եւ կրթութեան նախարարութենէն: Հանդիսութեան ընթացքին նախարարը Լիբանանի Արժանեաց շքանշանով պարգեւատրեց տիկին Սեզան, որ արդար գնահատանքն էր անոր տարիներու յոյժ կարեւոր գրական, հասարակական եւ լրագրական գործունէութեան:

2023 տարին կը զուգադիպի Սիրան Սեզայի մահուան յիսնամեակին: Բարեբախտութիւն է, որ Սեզայի միակ որդինª Վահագն Քիւփէլեանը ու տիկինըª արուեստագիտուհի Անի Մանուկեան Քիւփէլեանը ամենայն բծախնդրութեամբ պահպանելով իրենց մօր արխիւները գրական, հրապարագրական եւ մշակութային հարուստ բովանդակութեամբ մտահոգուած են անոնց ճակատագրով: Իրենց որոնումներուն մէջ անոնք հանդիպա են մտաւորական զոյգի մըª Մինաս եւ Նազելի Գոճայեաններուն, որոնց հետ բաժնելով իրենց մտահոգութիւնները յանգած են շատ բարենպաստ լուծումներու: Այս գործակցութենէն յառաջ եկած է Սեզայի ձեռագրերէն վեր առնուած երկու յուշագրական վէպերու հրատարակութիւնը Մինաս Գոճայեանի խմբագրութեամբ ՙԳիրք Ծննդոց՚ (2014) եւ ՙԽորտակուած Կեանքեր՚ (2015) Լոս Անճելըս:

Այս երկու գործերը նոր լոյս կը սփռեն Սեզայի հարուստ կենսագրութեան եւ նախապատերազմեան Պոլսոյ մշակութային, մտաւորական, կրթական եւ ազգային կեանքի այլազան դրսեւորումներուն վրայ: Անոնց հրատարակութիւնը առաւել հարստացուց Սեզայի ստեղծագործական վաստակը:

Վահագն եւ Անի Քիւփէլեանները, գոհանալով հանդերձ այս զոյգ հրատարակութիւններով, տակաւին կը շարունակէին մտահոգուիլ իրենց մօր ձեռագրերուն եւ նամականիին ճակատագրով, ի՞նչ ապագայ մը կը սպասէր անոնց օտար ափերու վրայ: Գոճայեաններու հետ իրենց խորհրդակցութիւններէն ծնունդ կ’առնէ գաղափարը Սեզայի ամբողջ արխիւը Հայաստան փոխադրելու: Ողջունելի գաղափար էր այս արդարեւ եւ իսկոյն կը լծուին աշխատանքիª բանակցութիւններ վարելով Չարենցի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեանին հետ: Սեպտեմբեր 2021-ին պատուիրակութեամբ մը կը մեկնին Երեւան ու Չարենցի թանգարանին մէջ տեղի կ’ունենայ արարողակարգ մը տնօրէն Կարօ Վարդանեանի եւ կարգ մը մտաւորականներու ներկայութեան: Պաշտօնապէս Սեզայի ժառանգութիւնը կը հայրենադարձէ, երեւոյթ մը որ շատ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ հայրենի երիտասարդ ուսումնասիրողներու եւ բանասէրներու գործունէութեան վրայ:

Տարի մը վերջª 2022-ի աշնան, տէր եւ տիկին Քիւփէլեանները իրենց պատուիրակութեամբ կրկին կը մեկնին Երեւան, այս անգամ իրենց հետ տանելով ՙԵրիտասարդ Հայուհի՚-ի ամբողջական հաւաքածոն, որ կը յանձնեն Ազգային գրադարանին, եւ Սեզայի վաղամեռիկ եղբօր Մատթէոս Զարիֆեանի նամականին, որ տեղ կը գրաւէ իր քրոջ Սեզայի նամակներու կողքին Չարենցի թանգարանին մէջ: Պատմաբան եւ բանասէր Դոկտ. Գէորգ Եազըճեան լծուած է լուրջ աշխատանքիª ի մի բերելու Սեզայի նամակները: Մօտ օրէն լոյս կը տեսնէ առաջին հատորը 1000-է աւելի էջերով: Մեծ պիտի ըլլայ արձագանգը այդ հրատարակութիւններուն հայ կեանքին վրայ: Այս եւս կը պարտինք Վահագնի եւ տիկնոջ հովանաւորութեան, սրտցաւ հոգածութեան եւ նիւթական օժանդակութեան:

Սիրան Սեզա լիբանանահայ գաղութի յարգուած եւ մեծարուած խմբագիրն էր ու գրագիտուհին: 1940-ական թուկաններէն մինչեւ 1960-ականներու վերջաւորութիւնը ան գործեց, խօսեցաւ, գրեց յատկապէս ՙԵրիտասարդ Հայուհի՚ ամսաթերթի էջերուն ընդմէջէն հրապարակելով իր տեսակէտերը հայ կեանքը յուզող ազգային, ընկերային, քաղաքական, մշակութային եւ կրթական հարցերու առնչութեամբ: Ան խիզախ մտաւորականի կերպարը կը մարմնաւորէր: Միջին լուծումներու, կրաւորական կեցուածքներու եւ գաղջ հոգեվիճակներու հանդէպ արգահատանք ունէր եւ չէր վարաներ բացարձակ ճշմարտութիւն յայտնաբերելէ, նոյնիսկ հակառակորդներ շահելու գնով: Իր քննադատութեան նշդրակը կ’իջեցնէր ուր որ ինք հարկաւոր կը նկատէր եւ մարդիկ կը զգուշանային իր հատու հարուածներէն:

Սեզա բազմակողմանիօրէն զարգացած մտաւորական էր նաեւ: Ան խորապէս ծանօթ էր հայ գրականութեան, դպրութեան, մշակոյթին ու պատմութեան, որ անհրաժեշտ գրաւականն էր խմբագրի արժանիքներուն: Այդպիսի ենթահողը ամրակուռ եւ հաստատուն դարձուցած էր Սեզայի դատումներն ու արժեւորումները հայ կեանքին վերաբերող որեւէ հարցի շուրջ: Անոր մտահորիզոնը ունէր լայն ընդգրկում նաեւ միջազգային գետնի վրայ: Քաջատեղեակ էր Հիւկոյի, Լամարթինի, Տիւմայի, Կէօթէի, Միւսէի, Տոստոյեվսկիի, Թոլստոյի, Չեխովի, եւ ամերիկեան եւ անգլիական գրականութեան ակնառու դէմքերու ստեղծագործութիւններուն: Յաճախ թարգմանութիւններով եւ ուսումնասիրութիւններով կը հարստանային ՙԵրիտասարդ Հայուհի՚-ի թիւերը եւ կ’ապահովէին այն բարձր գրական մակարդակը, որ խմբագիր Սեզա կ’ուզէր պահել ամէն գնով:

21-րդ դարուն ապրող հայ գրասէր հասարակութիւնը կարիքը ունի ծանօթանալու Սեզայի թողած գրական եւ հրապարագրական վաստակին: Ողջունելի կը գտնենք իր արխիւներու փոխադրութիւնը հայրենիք, որ կը հանդիսանայ կարեւոր քայլ մը գրագիտուհիի ժառանգութեան տեւականացման եւ յաւերժացման: Կը հաւատանք, որ արդի արհեստագիտութեան ընձեռած թուայնացման բարիքը կրնայ մատչելի դարձնել Սեզայի բոլոր գործերուն մատուցումը ընթերցասէր հասարակութեան: Կեանքի կը կոչուին իր պատմուածքներըª ՙՄեղաւորուհի՚ եւ ՙՊատնէշ՚ հատորներուն մէջ ամփոփուած, ՙՀէքիաթներու Աշխարհէն՚ արժէքաւոր հատորը եւ նոյնիսկ վերջերս հրատարակուած յուշագրական երկու գիրքերը ՙԾննդոց՚ եւ ՙԽորտակուած Կեանքեր՚ վէպերը: Թուայնացումը կարելիութիւն կը ստեղծէ աշխարհով մէկ տարածելու Սեզայի ստեղծագործութիւնները եւ ծանօթացնելու իր վաստակը արդի ժամանակներուն մէջ ապրող հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

Զապէլ Եսայեանի, Սրբուհի Տիւսաբի, Սիպիլի, Հայկանուշ Մառքի, Թէոդիկի եւ այլ պոլսահայ գրագիտուհիներու գործը շարունակող Սիրան Սեզան մաս կը կազմէ անմահ այդ կին դէմքերու հոյլին: Անոնք միասնաբար կը հանդիսանան փառքն ու պարծանքը հայ ժողովուրդին:

 

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

 

 

 

Share63Tweet40
Previous Post

ԵՒՐՈՊԱ ԿԸ ՓՈՐՁԷ

Next Post

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՐԿԱՅԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ  ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Next Post
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՐԿԱՅԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ  ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՐԿԱՅԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ  ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.