Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

May 17, 2023
in Միջազգային
0
ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

 

Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, պատասխանելով Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի այն յայտարարութեան, թէ Ռուսիա պարտուեցաւ աշխարհաքաղաքականութեան մարզին մէջ եւ ան դարձաւ Չինաստանի լծորդ, յայտարարեց, թէ կ’երեւի Ֆրանսայի նախագահը ազդուած է զիրենք այցելող Ուքրանիոյ թմրամոլ նախագահէն: Մետվետեւ, շարունակելով իր յայտարարութիւնը, բուռն յարձակում գործեց Լեհաստանի եւ նախկին Խորհրդային միութեան անդամ Պալթիք ծովու երեք հանրապետութիւններուն վրայ: Ան աւելցուց, որ իր վարած հակառուս քաղաքականութեամբ Եւրոպա դարձաւ լծորդ ամերիկեան քաղաքականութեան, վնասելով ինքնիրեն:

Միւս կողմէ, ռուսական ՙԹԱՍՍ՚ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ ձերբակալուած են երեք ռուս գիտնականներª հրապարակելու համար կազերու տինամիքայի մասին ռուս գիտնականներու թեզերը: Վերջինը Վալերի Զվիկինցեւն է, որ գիտական յօդուած մը հրապարակած է իրանեան գիտական պարբերաթերթի մը մէջ: Ռուսիա երեք գիտնականները դրած է կալանքի տակ, դաւաճանութեան ամբաստանութեամբ: Ռուսիոյ Դաշնութիւնը շատ զգայուն է գիտական փորձերու մասին, որոնք ռուս գիտնականներու տասնեակ տարիներու աշխատանքի արդիւնքն են ու կը վախնայ անոնց Արեւմուտքի կողմէ իւրացումէն, մանաւանդ հակամարտութեան այս օրերուն:

Share61Tweet38
Previous Post

ՌՈՒՍԻԱ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՔԱՇՈՒԵՑԱՒ

Next Post

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԿՈՉ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Next Post
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԿՈՉ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԿՈՉ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.