ՀՀ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը 1 Յուլիս 2020 թուականէն կ՛իրականանցէ երեխայ ունեցող ընտանիքներու բնակարանային աջակցութեան ծրագիրը, որմէ մինչ այժմ օգտուած է 6 հազար 400 ընտանիք: Ընտանիքի միջազգային օրուան նուիրուած մամուլի ասուլիսին ընթացքին ՀՀ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան կառուցուածքային ստորաբաժանումներու առանձին գործառոյթներ համակարգող խորհրդական Գայիանէ Ղարագէօզեանը նշեց, որ պետական պիւտճէէն տրուած է 4,4 միլիառ դրամ:
ՙԱյսպիսի աշխուժութիւն սպասելի չէր, ինչի մասին կը վկայէ այն, որ պետական պիւտճէով նախատեսուած ցուցանիշերը միշտ չեն բաւականացներ եւ տարուան ընթացքին քանի մը անգամ պիւտճէն կը համալրուի: Օրինակ 2022 թուականի մեր փաստացի ֆինանսաւորումը` 2,1 միլիառ դրամ, գերազանցած է 2020, 2021 թուականի գումարային ցուցանիշը: Կրնանք ըսել, որ ծրագիրը իր ազդեցութիւնը կը թողէ ընտանիքներու վերարտադրողական վարքագիծին վրայ՚, ըսաւ Գայիանէ Ղարագէօզեանը: Ան ընգծեց, որ կան ընտանիքներ, որոնք նոյնիսկ երկու անգամ օգտուած են ծրագիրէն:
2023 թուականին արդէն ծրագիրէն օգտուած է 960 շահառու: Ծրագրի հիմնական նպատակն է երկրին մէջ ժողովրդագրական ցուցանիշերու բարելաւումը, ծնելիութեան խթանումը: Ծրագրի ներքոյ կ՛իրականացուին 3 նպատակային առանձին ծրագիրներ: Անոնցմէ երկուքը կը վերաբերին այն ընտանիքներուն, որոնք նոր կը պատրաստուին ձեռք բերելու անշարժ գոյք կամ կառուցելու անհատական բնակելի տուն: 3-րդ ծրագիրը կը վերաբերի այն ընտանիքներուն, որոնք արդէն ունեն հիփոթեքային վարկ եւ ընտանիքին մէջ ծնած է նոր երեխայ:
Առաջին եւ երկրորդ ծրագիրներու պարագային պետութիւնը կ՛աջակցի նախ մարզային բնակավայրին մէջ առնուազն երկու անչափահաս երեխայ ունեցող ընտանիքներուն գոյք ձեռք բերելու կամ տուն կառուցելու հարցով: Առնուազն 2 երեխայ ունեցողներուն կը տրամադրուի մինչեւ 1 միլիոն դրամ, 3 երեխայ ունեցողին` մինչեւ 1,5 միլիոն դրամ, 4 եւ աւելի երեխայ ունեցողներուն մինչեւ 2 միլիոն դրամի չափով: Գումարը կ՛ուղղուի կանխավճարի ֆինանսաւորման:
Յաջորդիւ ծրագրի շրջանակին մէջ աջակցութիւն կը տրամադրուի կանխավճարի տարեկան ապահովագրավճարի ֆինանսաւորման համար:
Պետութիւնը աջակցութիւն կը սահմանէ նաեւ հիփոթեքային վարկ մարող ընտանիքներուն, որոնք կ՛ունենան նոր երեխայ, անկախ երեխայի կարգաթիւէն: Առաջին եւ 2-րդ երեխայի պարագային աջակցութեան չափը կը կազմէ մինչեւ 500 հազար դրամ, 3-րդ եւ յաջորդ երեխայի պարագային մինչեւ 2 միլիոն դրամ:
Ընտանիքներու աջակցութեան ուղղուած ոլորտային աշխատանքներու թեման շարունակելով, ՀՀ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան Հաւասար հնարաւորութիւններու ապահովման վարչութեան պետ Քրիսթինա Յովհաննիսեանը տեղեկացուց, որ նախարարութիւնը նախաձեռնած է նաեւ ընտանեկան օրէնսգիրքի եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին օրէնքի լրամշակումը:
ՙԸնտանիքին մէջ ապրելու իրաւունքը երեխային կենսական եւ կարեւոր իրաւունքներէն մէկն է: Կարեւոր հիմնարկներէն է նաեւ խնամատար ընտանիքի հիմնարկը: Ցաւօք, երբեմն հնարաւոր չ՛ըլլար երեխային խնամքն ու դաստիարակութիւնը կազմակերպել կենսաբանական ընտանիքի մէջ: 2022 թուականին նախատեսուած 208 միլիոն դրամի համեմատ այս տարի տրամադրուած է 310 միլիոն դրամի աջակցութիւն: Ծնողը կը ստանայ նուազագոյն աշխատավարձի չափով գումար, այնուհետեւ 70 հազար դրամ երեխային խնամքը կազմակերպելու համար՚, ըսաւ Քրիսթինա Յովհաննիսեանը: Ներկայիս 110 երեխայ խնամք եւ դաստիարակութիւն կը ստանայ 69 ընտանիքներու մէջ:
ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակը Հետք մետիա գործարանին հետ կ՛իրականացնէ ծրագրի, որուն շրջանակին մէջ կ՛ուսումնասիրուին սահմանային այն գիւղերը, որոնք ունին 100-էն պակաս բնակչութիւն: Հետք մետիա գործարանի ծրագրի ղեկավար Յարութիւն Մանսուրեան նշեց, որ ուսումնասիրութեան առանցքին ընտանիքներն են ու անոնց խնդիրները: Նպատակն է գոյքագրել սահմանամերձ համայնքներու ընտանիքներուն խնդիրները, բարձրաձայնել ու ներկայացնել պատկան մարմիններուն:
ՙԱռայժմ աշխատանքները սկսած ենք Վայոց ձորի մարզէն: Կը փորձենք գոյքագրել, թէ այդ գիւղերուն մէջ ովքեր կ՛ապրին, ինչ ենթակառուցուածքներ կան, ինչ խնդիրներու առջեւ կանգնած են: Մենք նկարահանած ենք ընտանիքի մը պատմութիւնը: Մէկ տան մէջ երեք սերունդ կ՛ապրի, տղան մասնակցած է պատերազմին, վիրաւորուած է, մէկ աչքը չի տեսներ, ոտքերը բեկորներու մէջ են: Մինչեւ պատերազմը ան վարկ վերցուցած էր տունը վերանորոգելու համար, սակայն հաշմանդամութուն ձեռք բերելէ յետոյ չէ կրցած աշխատիլ ու հիմա տունը կորցնելու շեմին են: Այո՛, պետութիւնը ունի բազաթիւ ծրագիրներ, սակայն այսպիսի օրինակները շատ են մեր շրջապատին մէջ, որոնց պէտք է անդրադառնանք՚, ըսաւ Յարութիւն Մանսուրեանը:
Ան նկատեց, որ իրենց ուսումնասիրած համայնքներուն մէջ ջուրի խնդիր չկայ: Լուծուած է թէ՛ ոռոգման, թէ՛ խմելու ջուրի խնդիրը, բայց կայ մանկապարտէզի, մշակոյթի կեդրոնի խնդիր: Այդ բոլոր խնդիրները պիտի գոյքագրուին եւ փոխգործուն քարտէզի տեսքով պիտի ներկայացուին: