Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԳՈՐԾԻՉԸ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՅԵՏՈՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ Չ՛ԱԿՆԿԱԼԵՐ

May 17, 2023
in Միջազգային
0
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԳՈՐԾԻՉԸ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՅԵՏՈՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ Չ՛ԱԿՆԿԱԼԵՐ

 

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն յաղթանակի պարագային Հայաստանի նկատմամբ թրքական պետութեան քաղաքականութիւնը լուրջ փոփոխութիւններ պիտի չկրէ: Այս կարծիքին է Սթամպուլի հայկական համայնքի անդամ Տիգրան Ալթունը:

ՙՍա պետական քաղաքականութիւն է, չեմ կարծեր, որ այս կամ այն նախագահը պիտի կարենայ փոխել պետական քաղաքականութիւնը:

Ես կը կարծեմ, որ Ատրպէյճանը շատ մեծ ազդեցութիւն ունի Թուրքիոյ վրայ: Այդ երկիրը այստեղ այնքան շատ ներդրումներ ունի, որ Թուրքիան չի կրնար անտեսել զայն ու ստիպուած է հետեւելու ատրպէյանական քաղաքականութեան՚, ըսաւ Ալթուն:

Խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին` պոլսահայը նկատեց, որ երկու երկիրներն ալ պէտք է սորվին ապրիլ կողք-կողքի: ՙԻ հարկէ, այդ չի նշանակեր, որ պէտք է սկզբունքներէդ հրաժարիս, բայց առօրեայ կեանքը շարունակելու համար պէտք է սահմանները բացուին՚, նշեց ան:

Անդրադառնալով Երեւանի մէջ ՙՆեմեսիս՚ շարժումին նուիրուած արձանի տեղադրման առնչութեամբ պաշտօնական Անգարայի բարձրացուցած աղմուկին` Ալթուն նկատեց, որ այդ յայտարարութիւնները պէտք է կապել նաեւ 14 Մայիսի նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ այդտեղ ազգայնական շրջանակներու ձայները ստանալու միտման հետ: ՙԵթէ պէտք է բողոքեն այդ արձանի տեղադրման համար, ապա մենք ալ պէտք է բողոքենք, որ հայկական թաղամասերուն մէջ կան Թալէաթ փաշայի փողոց, դպրոց: Ընդ որում, այդ ամէնը կը կատարուի նոյն ինքն այն վայրերուն մէջ, ուր կ՛ապրին հայերը՚, նշեց ան:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը 2000-ականներու սկիզբը շատ կը բարձրաձայնուէր թուրք մտաւորականներու` լրագրողներու, գրողներու, իրաւապաշտպաններու կողմէ, սակայն վերջին տարիներուն նման միտում այլեւս չի նկատուիր: ՙՆախապէս այդ հարցին մասին խօսողներուն մեծ մասն այսօր այլեւս Թուրքիոյ մէջ չէ, լքած են երկիրը ու կ՛ապրին եւրոպական երկիրներու մէջ: Թուրքիոյ մէջ այս հարցին մասին խօսող շատ մարդ չէ մնացած: Տարբեր պատճառներէ ելլելով` անոնք վախցան ու հեռացան այստեղէն: Բացի անկէ, պէտք է ընդունիլ, որ Թուրքիոյ մէջ բոլոր լրատուամիջոցները, հեռուստաընկերութիւնները տարբեր ձեւերով Էրտողանի, պետութեան ճնշման տակ են: Ինչ անոնք ըսեն, այն պէտք է գրուի՚- նշեց Ալթուն:

Անոր գնահատմամբ` Էրտողանի վերջնական ընտրութեան պարագային յառաջիկայ տարիներուն Թուրքիան պիտի ունենայ խիստ մենատիրական, բռնապետ նախագահ: ՙԵթէ անոր այսքան սխալներէն յետոյ ժողովուրդը այդքան քուէ տուած է իրեն, ապա ան այսուհետեւ աւելի վստահ պիտի ըլլայ իր գործողութիւններուն մէջ: Հաւանաբար, այս երկիրը այլեւս պիտի դառնայ մէկ անձի ու մէկ կուսակցութեան` Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան երկիր՚, ըսաւ Սթամպուլի հայ համայնքի անդամ Տիգրան Ալթունը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՙՄԵՆՔ ԲԱՒԱԿԱՆ ԵՐԿԱՐ ՍՊԱՍԱԾ ԵՆՔ ԱՅՍ ՊԱՀԻՆ, ԵՒ ԱՅՍՕՐ ՈՒՆԻՆՔ ԱՐԴԻՒՆՔ՚.

Next Post

ԵՐԵԽԱՅ ՈՒՆԵՑՈՂ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԷՆ ՕԳՏՈՒԱԾ Է 6 ՀԱԶԱՐԷ ԱՒԵԼԻ ԸՆՏԱՆԻՔ

Next Post
ԵՐԵԽԱՅ ՈՒՆԵՑՈՂ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԷՆ ՕԳՏՈՒԱԾ Է 6 ՀԱԶԱՐԷ ԱՒԵԼԻ ԸՆՏԱՆԻՔ

ԵՐԵԽԱՅ ՈՒՆԵՑՈՂ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԷՆ ՕԳՏՈՒԱԾ Է 6 ՀԱԶԱՐԷ ԱՒԵԼԻ ԸՆՏԱՆԻՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

June 4, 2023
BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

June 4, 2023
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

June 4, 2023
ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

June 4, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.