Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙՄԵՆՔ ԲԱՒԱԿԱՆ ԵՐԿԱՐ ՍՊԱՍԱԾ ԵՆՔ ԱՅՍ ՊԱՀԻՆ, ԵՒ ԱՅՍՕՐ ՈՒՆԻՆՔ ԱՐԴԻՒՆՔ՚.

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԵՐԸ ՅԱՆՁՆԱԾ Է ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

May 17, 2023
in Հայաստան
0
ՙՄԵՆՔ ԲԱՒԱԿԱՆ ԵՐԿԱՐ ՍՊԱՍԱԾ ԵՆՔ ԱՅՍ ՊԱՀԻՆ, ԵՒ ԱՅՍՕՐ ՈՒՆԻՆՔ ԱՐԴԻՒՆՔ՚.

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին իր հաւատարմագրերը յանձնած է Հայաստանի մէջ Հունգարիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աննա Մարիա Շիքօն (նստավայրը` Թիֆլիս):

Վահագն Խաչատուրեանը շնորհաւորած է Աննա Մարիա Շիքօն` դիւանագիտական յարաբերութիւններու երկարատեւ դադարէ յետոյ Հայաստանի մէջ Հունգարիոյ դեսպանի պաշտօնում նշանակուելու առնչութեամբ:

ՙՄենք մեծապէս կը կարեւորենք Ձեր նշանակումը: Հայաստանը եւ Հունգարիան` որպէս դարաւոր բարեկամ երկիրներ, պիտի շարունակեն իրենց համագործակցութիւնը, եւ ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի մեր երկկողմ յարաբերութիւնները իսկապէս զարգացում ունենան: Վստահ եմ, որ Ձեր անձնական ներդրումը պիտի ունենաք մեր յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ՚, ըսած է նախագահը:

Դեսպան Աննա Մարիա Շիքօն, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, նշած է.

ՙՄենք բաւական երկար սպասած ենք այս պահին, եւ այսօր ունինք արդիւնք: Մենք քրտնաջան աշխատեցանք, առաջին հերթին կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել Հունգարիոյ եւ Հայաստանի մէջ աշխատող բոլոր անոնց, որոնքր այս ամէնը հնարաւոր դարձուցին՚:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ տնտեսական փոխգործակցութեան հեռանկարներուն եւ առկայ ներուժի լիարժէք իրականացման: Երկուստեք կարեւորուած է կրթութեան, զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան խթանումն ու համատեղ ծրագիրներու իրականացումը:

Զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է միջազգային կազմակերպութիւններուն, մասնաւորապէս` Եւրոմիութեան հարթակին մէջ, աշխոյժ համագործակցութեան եւ ժողովրդավարական հիմնարկներու կայացման նպատակով լաւագոյն փորձի փոխանակման կարեւորութիւնը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՂՊԱՏԻ ՓԼՈՒԶՈՒԱԾ ԱՇՏԱՐԱԿԸ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԻ. ՆԱԽԱԳԻԾԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է

Next Post

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԳՈՐԾԻՉԸ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՅԵՏՈՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ Չ՛ԱԿՆԿԱԼԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

June 4, 2023
BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

June 4, 2023
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

June 4, 2023
ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

June 4, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.