Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՂՊԱՏԻ ՓԼՈՒԶՈՒԱԾ ԱՇՏԱՐԱԿԸ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԻ. ՆԱԽԱԳԻԾԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է

May 17, 2023
in Հայաստան
0
ՀԱՂՊԱՏԻ ՓԼՈՒԶՈՒԱԾ ԱՇՏԱՐԱԿԸ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԻ. ՆԱԽԱԳԻԾԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է

 

Հաղպատի աշտարակը, որ վնասուած էր վերջին տարիներու երկրաշարժերէն, ինչի պատճառով ալ այն 14 Մայիս 2023-ին փլուզուած էր, ամբողջութեամբ պիտի վերականգնուի:

Այս մասին ըսաւ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան պետ Յարութիւն Վանեանը:

Անոր խօսքով` Հաղպատի մէջ պարբերաբար ամրակայման եւ վերականգնման աշխատանքներ իրականացուած են, սակայն վերջին քանի մը տարիներուն` ոչ:

ՙՀաղպատի աշտարակը վնասուած էր վերջին երկրաշարժերէն: Մարզային աշխատակիցները խնդիրը ճշդած էին մօտ երկու տարի առաջ ու ահազանգած, որմէ յետոյ մենք գացինք Հաղպատ: Դեռ նախորդ տարուան իմ այցէն յետոյ նախարարութիւնը յայտարարած էր ամրակայման եւ նորոգման նախագիծի մասին, որովհետեւ ակնյայտ էր, որ փլուզման վտանգ կայ: Նախագիծը ընդունուած է Գիտամեթոտական խորհուրդին կողմէ: Վերականգնման մրցոյթը յայտարարման փուլին է, եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի յայտարարուի: Մասնակից ըլլալու պարագային այս տարի փլուզուած աշտարակը եւ պարիսպին տուեալ հատուածը ամբողջութեամբ պիտի վերականգնուին՚, նշեց Վանեան:

Անոր խօսքով` աշտարակին բոլոր քարերը տեղն են, եւ այն հնարաւոր է վերականգնել առանց կորուստներու:

ՙՈչ միայն աշտարակին, այլեւ ճակատային պարիսպին հատուածը ամբողջութեամբ մինչեւ միւս աշտարակը նախագիծին մէջ ներառուած են՚, շեշտեց Յարութիւն Վանեանը:

Անդրադառնալով պատմամշակութային յուշարձաններու տարածքին կազմակերպուող ապօրինի թաղումներուն եւ այլ խախտումներուն` ան ըսաւ, որ խախտումներ պարբերաբար կ՛ըլլան: Իրենք համապաստախան ու համարժէք աշխատանք կը տանին այդ ուղղութեամբ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Next Post

ՙՄԵՆՔ ԲԱՒԱԿԱՆ ԵՐԿԱՐ ՍՊԱՍԱԾ ԵՆՔ ԱՅՍ ՊԱՀԻՆ, ԵՒ ԱՅՍՕՐ ՈՒՆԻՆՔ ԱՐԴԻՒՆՔ՚.

Next Post
ՙՄԵՆՔ ԲԱՒԱԿԱՆ ԵՐԿԱՐ ՍՊԱՍԱԾ ԵՆՔ ԱՅՍ ՊԱՀԻՆ, ԵՒ ԱՅՍՕՐ ՈՒՆԻՆՔ ԱՐԴԻՒՆՔ՚.

ՙՄԵՆՔ ԲԱՒԱԿԱՆ ԵՐԿԱՐ ՍՊԱՍԱԾ ԵՆՔ ԱՅՍ ՊԱՀԻՆ, ԵՒ ԱՅՍՕՐ ՈՒՆԻՆՔ ԱՐԴԻՒՆՔ՚.

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.