ԼԻԲԱՆԱՆ
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԻ ԳԻՏԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ
Լիբանանի պաշտօնակատար կառավարութիւնը սկսաւ լուրջ քայլեր առնելª առաջքը առնելու համար անխուսափելի եւ ցաւալի բախումի մը, որ կրնայ տեղի ունենալ սուրիացի գաղթականներու եւ անգործութենէ տառապող լիբանանցի քաղաքացիներու միջեւ: Արեւմուտքի երկիրներ տարիներէ ի վեր կը վարեն Լիբանանի վրայ ճնշումի քաղաքականութիւն, իր մօտ պահելու համար հարիւր հազարաւոր սուրիացի գաղթականներ: Անոնք բնաւ նկատի չեն առներ այն բեռը, որ կը կրէ Լիբանանի կառավարութիւնը եւ լիբանանցի քաղաքացին, որուն գործին մրցակիցն է սուրիացի գաղթականը, որ կ’ընդունի աշխատիլ աւելի ցած աշխատավարձով: Ներկայիս, Լիբանանի կառավարութիւնը, օգտուելով Սուրիոյ հետ արաբական երկիրներու յարաբերութեան բարելաւումէն, կ’ուզէ լուծել այս տարիներէ ի վեր շարունակուող կնճռոտ հարցը: Հիմնական հարցը այն է, թէ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ շատ հազուագիւտ կը հանդիպիս գիտութեան վրայ հիմնուած լուծումի: Հարց մը կա՛մ կը ձգեն իր ճակատագրին, ինչպէս որ պատահեցաւ երբ եկան սուրիացի գաղթականները, կա՛մ ալ կ’որդեգրեն արագ լուծումներ առանց նկատի առնելու մարդոց ընկերային եւ քաղաքական պայմանները: Անցեալ շաբաթ Լիբանանի կառավարութիւնը, երբ ՄԱԿ-ի գաղթականներու գրասենեակէն պահանջեց սուրիացի գաղթականներու ամբողջական ցանկը, առաւ առաջին քայլը գիտական հիմքի վրայ լուծելու այս մարդկային հարցը:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԿԱԽԵԱԼ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՉՎԵՐԱԾՈՒԻԼ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին Թուրքիա անակնկալօրէն փակեց իր օդային սահմանը Հայաստանէն եկող օդանաւերուն առջեւ: Երեւանէն Եւրոպա մեկնող տասնեակ մը չուերթներ առկախուեցան: Պատճառը յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեվլութ Չավուշօղլունª ըսելով, որ ՙՆեմեսիս՚ յուշարձանը, որ կը պատուէ Հայոց ցեղասպանութեան ջարդարարներուն արդար պատիժ հասցնող երիտասարդ հայորդիները, արգելք կը հանդիսանայ հայ-թուրք յարաբերութեան բարելաւումին: Այս սահմանի փակումը ազդանշան մըն է, թէ հայերը պէտք է վարուին որոշ ձեւովª չնեղացնելու համար իրենց ջարդարար երկիրը: Պատմութեան մէջ հազուագիւտ դէպք է այս, որուն ընթացքին ջարդարարը չ’ընդունիր իր կատարած ոճիրը եւ ցեղասպանուած ազգէն կը պահանջէ մոռնալ իր նահատակները եւ հերոսները ՙբարիդրացիական՚ յարաբերութեան հաշուոյն: Մինչեւ ո՞ւր պիտի հասնի մեր թուլութիւնը այս հարցին մէջ:
Նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան անդրադարձած է վերջին տարուան ընթացքին արձանագրուած տնտեսական փոփոխութիւններուն: Ըստ իրեն, 110 հազար ռուս տեղափոխուած են Հայաստան կարենալ աշխատելու համար Արեւմուտքի երկիրներուն հետ: Երկիր մուտք գործած է մօտ 4 միլիառ ԱՄՆ տոլար: Այս է պատճառը, որ հայկական դրամը արժեւորուած է տոլարին դիմաց: Այս հոլովոյթը ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է արտաքին օժանդակութենէն օգտուող բնակչութեան 32 առ հարիւրին եւ թոշակառուներուն վրայ: Սղաճը աւելցած է, դառնալով երկրորդ ժխտական գործօնը: Պետական եւ մասնաւոր հատուածի պաշտօնեաներու տնտեսական վիճակը բարելաւում արձանագրած է:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ
ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՍՈՒՏԱՆ
Ըստ վերլուծողներու, Թուրքիոյ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի ըլլան ճակատագրական: Ներկայի նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի դէմ կը գտնուի Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութեան եւ ընդդիմադիրներու թեկնածու Քեմալ Քիլիչտարօղլուն: Նախագահ Էրտողան կ’օգտագործէ իր բոլոր լծակները ցոյց տալու համար, թէ ինք է որ կ’աշխատի երկրի վարկը բարձրացնելու համար, զարգացնելով ճարտարարուեստը եւ առեւտուրը: Ան 45 առ հարիւր համեմատութեան աշխատավարձի յաւելում կատարեց պետական պաշտօնեաներուն համար: Ան կը յայտարարէ, որ պիտի շարունակէ իր երկու կողմերըª Արեւմուտքը եւ Արեւելքը գոհացնող քաղաքականութիւնը: Միւս կողմէ, ընդդիմադիր թեկնածուն կը նախընտրուի Արեւմուտքին կողմէ, որովհետեւ պետութեան հիմնադիր Աթաթիւրքի իշխանութեան օրերէն ի վեր անոր ղեկավարածª Հանրապետութեան Ժողովուրդի կուսակցութիւնը կը համարուի Արեւմուտքի դաշնակիցը: Պայքարը բուռն է եւ յաղթողը պիտի որոշէ Թուրքիոյ ապագան: Իսկապէս ճակատագրական ընտրութիւններ են:
Սուտան իր անկախութենէն ի վեր միշտ կառավարուած է զինուորական վարչակարգերու կողմէ: Պայքարը երկրի բնական պաշարներուն համար եղած է հիմնական պատճառը քաղաքացիական պատերազմներու, մանաւանդ քարիւղով հարուստ Հարաւային Սուտանի եւ ոսկիով հարուստ երկրի արեւմտեան նահանգիª Տարֆուրի հետ: Հազարաւոր զոհեր ինկած են այդ պատճառով: Արեւմուտքը միշտ օգտագործած է երկրի ցեղային բաժանումները միջամտելու եւ իր ծրագիրը պարտադրելու համար երկրին: Ներկայիս Սուտան դարձած է կռուախնձոր Արեւմուտքի, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ արաբական կարգ մը երկիրներու միջեւ: Արաբական երկիրներն ալ չեն կրցած օգնել Սուտանին իր անկախութիւնը եւ կայունութիւնը պահելու համար: Թոյլ Արաբական լիկան ամենամեծ յանցաւորն է Սուտանի եւ Սոմալի նման բնական հարուստ պաշար ունեցող երկիրներու ներկայի վիճակին:
ԵՒՐՈՊԱ
ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ԵՒ ԱՌԵՒՏՈՒՐ
Եւրոպական միութիւնը պատժամիջոցներու նոր փաթեթ մը սկսած է պատրաստել Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ: Այս անգամ թիրախը բոլոր այն ընկերութիւններն են, որոնք զինուորական արտադրութեան մէջ կ’օժանդակեն Ռուսիոյ: Ներկայիս նկատի առնուած են 35 ընկերութիւններ Չինաստանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Հոնկ Քոնկէն, Իւզպէքիստանէն, Իրանէն եւ Հայաստանէն: Այդ ընկերութիւնները ռուսական զինուորական արտադրութեան ընկերութիւններու հետ ունին համաձայնագիր: Չինաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Ռուսիա-Չինաստան յարաբերութիւնը գերիշխանութեան կապուած հարց է եւ երկիրը թոյլ պիտի չտայ, որ արտաքին պատժամիջոցներ ազդեն այդ յարաբերութեան վրայ:
ԱՄՆ
ՊԱՐՏՔԻ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՏԱՆԳԸ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, կանխելու համար 1 Յունիս 2023-ին պարտքերը անվճարելի դառնալու վտանգը, իր մօտ հրաւիրեց գոնկրէսի երկու պալատներուª Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի ղեկավարները: 9 Մայիսին գումարուած ժողովին դժբախտաբար կարելի չեղաւ համաձայնութեան հասնիլ: Մինչ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը կ’ուզէ պարտքի սահմանը բարձրացնել 31,4 հազար միլիառ տոլարէն աւելիի առանց որեւէ զիջումի, անդին Հանրապետական խորհրդարանի ղեկավարներ կը պնդեն, որ կարելի չէ այս սահմանը բարձրացնել առանց որեւէ ամավարկի կամ պիւտճէի կրճատումի: Երկու կողմերը հաստատակամ են իրենց դիրքերուն վրայ եւ երկիրը կը մղուի անորոշութեան: Երբ մեր տնտեսական վերլուծումներուն մէջ կ’ըսենք, որ երկիրներ կը պատուհասուին իրենց ղեկավարներով, մենք այս հարցը կը մատնանշենք: Հզօր է այն ղեկավարը, որ գիտէ երկրի շահին համար զիջում կատարել: Այնպէս կ’երեւի, թէ ԱՄՆ ներկայիս չունի այս մակարդակի ղեկավարներ: Ապագան ցարդ մութ է եւ 1 Յունիս 2023-ը հեռու չէ իր ժխտական հետեւանքներով:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ՏՈԼԱՐԸ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼՈՒ ՀՈԼՈՎՈՅԹ
Բազմաբեւեռ համաշխարհային համակարգ մը սկսած է առնել իր առաջին քայլերը: Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (IMF) տնօրէն Քրիսթալինա Ճորճիեւա յայտնեց, որ համաշխարհայնացումի միաբեւեռ համակարգը սկսած է փոփոխութեան նշաններ ցոյց տալ: Տնտեսական երկբեւեռ համակարգի մը նշանները սկսած են ի յայտ գալ: Ճորճիեւա յայտնեց, որ բաժանումը կարծէք անխուսափելի է, նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական բեւեռացումը: Ան այս տարանջատումը նկատեց ժխտական գործօն մը մանաւանդ Եւրոպայի համար: Ան 3 առ հարիւրի սահմանին մէջ ճշդեց աշխարհի տնտեսական աճը գալիք հինգ տարիներուն համար: Ան սղաճը (inflation) համարեց վտանգաւոր եւ ժխտական գործօն տնտեսական աճի պարագային: Սղաճը զսպելու համար Կեդրոնական դրամատուները պիտի ստիպուին աւելցնել պարտքի տոկոսը, որ կը համարուի ժխտական գործօն տնտեսական աճին համար:
Շատ մը երկիրներ սկսած են վաճառել իրենց ամերիկեան պետական պարտամուրհակները, այդ գումարով գնելով ոսկի: Շատ մը երկիրներ սկսած են իրենց ԱՄՆ տոլարով պահեստը փոխարինել ոսկիով կամ այլ դրամանիշերով: Տոլարով առեւտուրը, որ կը համարուէր հիմնական գործօնը ամերիկեան դրամանիշի ուժին, նաեւ սկսած է փոխարինուիլ: Օրինակի համար, Մալեզիա, Թայլանտ եւ Վիեթնամ կը պատրաստուին Չինաստանէն գնուած ապրանքին համար վճարել չինական եուանով: ՊՐԻՔՍ-ի հինգ երկիրները եւ այդ կազմակերպութեան միանալ ուզող տասնեակ մը մեծ տնտեսաութիւններ արդէն համաձայնած են վճարումները կատարել իրենց երկիրներու դրամանիշերով: 1971 թուականէն ի վեր ԱՄՆ տոլարը կը վայելէր առեւտուրի առաջին դրամանիշ ըլլալու վարկը: Այդ իրականութիւնը կարծէք կամաց-կամաց սկսած է փոխուիլ, ԱՄՆ-ի տնտեսութեան համար իր ժխտական հետեւանքներով:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ՎԱՐԿԱՆԻՇ (Rating)
Վարկանիշը, ընկերութեան, դրամատան կամ կառավարութեան մը պարտքերու վճարելիութիւնը ճշդող գործիք մըն է: Ան կ’օգտագործուի միջազգային վարկանիշ ճշդող ընկերութիւններու կողմէ, ինչպէս Standard & Poor՛s, Moody՛s եւ Fitch: Որքան բարձր է վարկային վարկանիշը, այնքան ցած է վտանգը, որ այդ հաստատութիւնը պիտի չվերադարձնէ պարտքը: Վտանգի նուազումի պարագային կը նուազի նաեւ պարտքի տոկոսը: Այսինքն վտանգաւոր հաստատութիւններուն տրուելիք պարտքին տոկոսը բարձր կ’ըլլայ: Վարկաւորումի ամենաբարձրն է AAA, ապաª AA, A, BBB, BB, B, CCC, CC, C եւ վտանգաւոր D կամ Default: Կ’օգտագործուին նաեւ + ու – նշանները ցոյց տալու համար ուղղութիւնը: Այսինքն, երբ պարտք մը A+ է, կը նշանակէ թէ դէպի դրական կ’ընթանայ: Իսկ B- կը նշանակէ թէ դէպի ժխտական ընթացք կայ:
Վարկանշային ընկերութիւնները խիստ քննադատութեան ենթարկուեցան 2008-ի տնտեսական տագնապի ընթացքին, որովհետեւ իրենց կողմէ բարձր գնահատուած հաստատութիւններ չկրցան վերադարձնել իրենց պարտքը եւ սնանկացան:
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ