(Անհերքելի փաստաթուղթ մը Զուիցերիոյ դաշնային արխիւէն)
Անտարակոյս, առակայ ազդարարագիրը ծանրակշիռ մեղադրանք մըն էր` ուղղուած երիտթրքական իշխանութեան պարագլուխներուն, որոնք պատերազմի աւարտին ՙմարդկայնութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւն՚-ներու համար անձնապէս պիտի ենթարկուէին պատասխանատուութեան: Բնականաբար, ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան առաջիններէն էր, որ խիստ պիտի անհանգստանար եւ մատնուէր խուճապի: Ան ստոյգ գիտակից էր իր յանցագործութեան, քանի որ ինք տուած էր տարագրութեանց եւ եղեռնագործութիւններուն հրամանները: Սոյնը ան խոստովանած է իր հաւատարիմ ընկերներէն Խալիլ Պէյ Մենթեշէին` ՙՄիութիւն եւ Յառաջդիմութիւն՚ կուսակցութեան նոյնքան արիւնախանձ առաջնորդներէն մէկուն, որ այս մասին հետագային նշած է իր յուշերուն մէջ: Այսպէս, Թալէաթ կը փորձէ յանցագործութիւնը բարդել նաեւ ուրիշներու վրայ, որպէսզի ինք չդառնայ Հայոց ցեղասպանութեան միակ մեղաւորը: Հետեւաբար, ան պարտադրելով իր հեղինակութիւնը եւ բոլոր միջոցները գործի դնելով` կþաշխատի, որ կառավարութիւնը այս ուղղութեամբ իսկոյն որոշումներ ընդունի, վաւերացնէ օրինական, այսպէս կոչուած` յանցագործութիւնը կոծկելու պատրուակ մը, որուն արդիւնքը կը հանդիսանայ վերոնշեալ ՙՏեղահանութեան մասին օրէնք՚-ը: Սոյնը կþընդունուի 27 Մայիսին եւ ուժի մէջ կը մտնէ 1 Յունիս 1915 թուականի, որ կը վաւերացուի սուլթան Մեհմետ Ե. Ռեշատի, մեծ վեզիր Սայիտ Հալիմ փաշայի եւ պատերազմի նախարար Էնվեր փաշայի ստորագրութիւններով: Ստորեւ այդ օրէնքը.
- ՙՊատերազմական դրութեան ժամանակ բանակներու, զօրաբանակներու եւ զօրամիաւորներու հրամանատարներն ու անոնց տեղակալները, նաեւ առանձին դիրքերու հրամանատարները լիազօրուած եւ պարտաւոր են օգտագործելու ռազմական ուժերը, առանց յապաղելու կիրառելով խստագոյն պատիժներ` իր սաղմին մէջ խեղդելու համար որեւէ ըմբոստութիւն, երբ իսկոյն կը յայտնաբերեն, թէ բնակչութիւնը որեւէ ձեւով կþընդդիմանայ կառավարութեան հրահանգներուն եւ երկրի պաշտպանութեան, կարգ ու կանոնի պահպանման վերաբերեալ միջոցառումներուն:
- Բանակներու եւ առանձին զօրաբանակներու, նաեւ զօրամիաւորներու հրամանատարները կրնան ռազմական անհրաժեշտութեան, լրտեսութեան կամ դաւաճանութեան յայտնաբերման պարագային գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու բնակչութիւնը առանձին-առանձին կամ զանգուածաբար այլ վայրեր ուղարկել եւ զանոնք վերաբնակեցնել այնտեղ:
- Սոյն օրէնքը հրապարակման օրն իսկ կը մտնէ գործադրութեան մէջ:
- Այս օրէնքի դրոյթներուն գործադրութեան համար պատասխանատու են գլխաւոր հրամանատարի տեղակալը եւ ռազմական նախարարը՚¥8¤:
Հակառակ այն փաստին, որ մէջբերուած ՙՏեղահանութեան մասին օրէնք՚-ին մէջ ոչ մէկ տեղ կը նշուի հայ անունը, բայց եւ այնպէս միանգամայն ստոյգ է, որ ան ուղղակի առնչուած է արեւմտահայութեան դէմ իրագործուող բռնարարքներուն եւ միայն այդ է հիմնարար դրդապատճառը առկայ օրէնքի ընդունման:
Թէեւ վերոգրեալ օրէնքը մէկ կողմէն կոչուած էր կոծկելու հայոց դէմ իր մահահանգոյն ընթացքն առած եղեռնագործութիւնը, միւս կողմէն` կանխելու միանձնեայ պատասխանատուութիւնը, որ միանշանակ պիտի բարդուէր Թալէաթի անձին վրայ, այսուամենայնիւ այդ առաջին հերթին կþօգտագործուէր` ներգրաւելու համար նաեւ թրքական զինուած ուժերը հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագրի իրականացման գործընթացին մէջ:
ՆԿԱՐ
Stamboul, dimanche,
12 jenvier 1919, p. 3
1915 թուականի Յունիսին, թրքական բանակի հրամանատարութիւնը տեղական իշխանութիւններուն կը հրահանգէ, որ անոնք պարտաւոր են գործադրելու օրէնքը. եթէ մահմետականներ համարձակին տարագրուած հայերը իրենց տուները ընդունելով ապաստան տալու, ՙապա անոնք պէտք է կախաղան հանուին իրենց տուներուն առջեւ, իսկ տուները` հրկիզուին՚: Ան տեղական իշխանութիւններէն խստիւ կը պահանջէ ցուցաբերել այնպիսի նախանձայուզութիւն մը, որ ՙոչ մէկ հայ զերծ չմնայ տարագրուելէ՚: Թուրք եւ մահմետական բնակչութեան նաեւ սպառնալից կը նախազգուշացնէ, որ այն միւսիւլմանները, որոնք կը փորձեն պաշտպանել հայերը, ՙեթէ զինուորականներ են, ապա կը զրկուին իրենց կոչումէն ու անյապաղ կը կանգնին դատարանի առջեւ, իսկ եթէ քաղաքացիական ծառայողներ են, իսկոյն կը հեռացուին իրենց զբաղեցուցած պաշտօններէն եւ կը կանգնին զինուորական դատարանի առջեւ՚:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, համաձայն վերոնշեալ 24 Մայիս 1915 թուականի ազդարարութեան, թէ ՙմարդկայնութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւն՚-ներու մեղադրանքով պատերազմի յանցագործները անձնապէս պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուին, Ֆրանսա եւ, առաջին հերթին, Մեծն Բրիտանիա, Կ.Պոլսոյ գրաւումէն ետք, ճնշում կը բանեցնեն օսմանեան նոր կառավարութեան վրայ` ընթացք տալու երիտթուրք պարագլուխներու դատավարութեան: Սոյնը կþիրականանայ 28 Ապրիլէն մինչեւ 25 Յունիս 1919 թուականին: Այս առթիւ,- հակառակ այն իրողութեան, որ իթթիհատական պարագլուխներ իրենց իրագործած խոշորագոյն եղեռնագործութիւններու փաստաթուղթերուն մեծ մասը արդէն ոչնչացուցած էին,- կը բացայայտուին պատերազմական յանցագործութիւններու, զանգուածային կոտորածներու, սպանդներու, տարագրութիւններու, ոճիրներու վերաբերեալ մեղադրական ապացոյցներ` ծածկագիր հեռագրեր, պաշտօնական գրութիւններ, հրահանգներ, հրամաններ, ականատեսներու վկայութիւններ եւ այլն:
ՙՀայաջինջ ծրագրի մը մանրամասնութիւնները՚
Այսպէս, Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ կը յատնաբերուի նաեւ այլ փաստաթուղթ մը, որ ՙՃակատամարտ՚ թերթը իր 13 Յունուար 1919 թուականի թիւին մէջ կը հրապարակէ` զայն թարգմանաբար արտատպելով նոյնպէս Կ.Պոլիս տպագրուող ՙStamboul՚ ֆրանսատառ թերթի 12 Յունուար 1919 թիւէն: ՙՃակատամարտ՚ զայն հայ հանրութեան կը ներկայացնէ ՙԹանկագին փաստաթուղթ մը. Հայաջինջ ծրագրի մը մանրամասնութիւնները՚ խորագրով.
ՙՆերքին Գործոց Նախարարութիւն
Վարչութիւն աշիրէթներու եւ Գաղթականներու զետեղման Յանձնաժողովի:
Թիւ 61 – 666
Հայերու իսլամացման եւ հաւատափոխներու անշարժ կալուածներու մասին հետեւելիք հրահանգներ: Այս հրահանգները կազմուած են ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութեան մատուցած տեղեկագրին վրայ:
Ա.- Կþընդունուի հաւատափոխութիւնը իրենց բնակավայրերուն մէջ մնացած ու չտարագրուած հայերուն:
Բ.- Նմանապէս կþընդունուի հաւատափոխութիւնը անոնց, որ տարագրութեան ատեն մասնաւոր հրամանով վար դրուած են իրենց ճամբուն վրայ եւ կամ իրենց տուները եւ կամ որեւէ տեղ ղրկուած են:
Գ.- Այն հայերը, որոնց հաւատափոխութիւնը ընդունուած է վերի պայմաններուն համաձայն, պիտի ստանան իրենց ինչքերը եւ կամ, եթէ ծախուած են, անոնց փոխարժէքը:
Դ.- Յարմար դատուած է, որ տարագրութեան միջոցին իրենց մնացած վայրերուն մէջ իսլամներու հետ ամուսնացած կիներուն եւ աղջիկներուն տուներ տրուին լքուած շէնքերէն:
Ե.- Երբ գաւառներու, գիւղերու եւ թաղերու բնակիչները անհատաբար կամ զանգուածաբար իսլամացման խնդիր ներկայացնեն, պէտք է հաւատափոխութեան ձեւակերպումները կատարել, զանոնք թուրք գիւղերու մէջ բաժնելէ ետք, պայմանով որ անոնց թիւը այդ տեղերու իսլամ բնակչութեան թիւին հետ բաղդատուած չանցնի հինգ առ հարիւր համեմատութիւնը:
Զ.- Եթէ որոշ տեղ մը մնալու արտօնուած տղաքներու պատկանող ինչքերու վաճառման արդիւնքը ամբողջապէս կամ մասամբ յատկացուած է անոնց ծնողքներու պարտքերուն, այդ կորուստներու փոխարէն, վերեւ յիշուած տղաքներուն պիտի տրուի պետութեան անուան արձանագրուած, լքեալ գոյքերէն բան մը:
21 Հոկտեմբեր 1331՚¥9¤:
Այսպէս, նշուած հրահանգը ակնյայտ կը դարձնէ, որ հայերու զանգուածային տարագրութիւններուն եւ կոտորածներուն զուգահեռ Իթթիհատի պարագլուխները կը գործադրեն նաեւ ձուլման քաղաքականութիւն մը` յատկապէս հայ կիները, աղջիկներն ու երեխաները կրօնափոխելու ծրագիր: Ցեղասպանութեան համատեղ կրօնափոխութեան այս ծրագիրը գործադրուած է մասնաւորաբար այն վայրերուն մէջ, ուր ոճրագործ վոհմակը համոզուած եղած է մահմետական մեծամասնութեան մէջ հայերու պարտադիր ձուլումին, այլապէս միանշանակ նախընտրութիւնը տրուած է ֆիզիքական ոչնչացումին, միշտ հետապանդելով միեւնոյն նպատակը` արեւմտահայութիւնը ամբողջապէս արմատախիլ ընել իր հազարամեակներու բնօրրանէն:
ՆԿԱՐ
Ճակատամարտ, Երկուշաբթի, 13 Յունուար 1919, էջ 2
Ցեղասպանագիտութեան յայտնի է, որ 1 Յուլիս 1915 թուականին տրուած հեռագրով Թալէաթ կը հրահանգէ վերջ տալ հայերու կրօնափոխութեան գործընթացին` համարելով, որ կեղծ է անոնց իսլամանալու վերաբերեալ ցուցաբերած պատրաստակամութիւնը: Ան, փաստօրէն, ամենամոլեռանդ իրագործողներէն մին էր իթթիհատական արիւնկզակ պարագլուխներու վերոյիշեալ գաղտնի համաժողովի ընդունած ծրագրին` ոչ մէկ հայ թողուլ արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ ամբողջ տարածքին, Հայկական հարցը ի նպաստ Օսմանեան Կայսրութեան միանգամընդմիշտ լուծել կարենալու համար` վերացնել հարցին գոյութեան դրդապատճառը հանդիսացող ենթական:
Այս առնչութեամբ հակասականը այն է, որ, չորս ամիս անց, կրօնափոխութիւնը կրկին կþարտօնուի եւ ան կը վերահսկուի ուղղակի Թալէաթի կողմէ` մասնաւոր եւ կամայական արտօնութիւններ շնորհելու միջոցով միայն այն հայ կանանց, որոնք այրիացած են, նաեւ այն աղջիկներու պարագային, որոնք ճարահատ կամ բռնի կþամուսնանային մահմետականներու հետ: Որբացած մանկահասակ աղջիկներն ու տղաքը նոյնպէս կþենթարկուէին կրօնափոխութեան` թրքական որբանոցներու կամ իսլամ ընտանիքներու մէջ: Թերեւս բախտաւոր պէտք է համարել այն բիւրաւոր երեխաները, որոնց կեանքը այս ճամբով խնայուեցաւ, մինչդեռ բիւր-բիւրոց մնացորդացը անխնայ բնաջնջուեցաւ մահու աքսորի ճամբաներուն վրայ կամ արիւնռուշտ եղեռնագործներու դիւային կիրքերուն պատճառով:
Եզրակացնելով` պէտք է ըսել, որ երիտթուրքեր, Օսմանեան Կայսրութեան իշխանութիւնը իւրացնելէ ետք, Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործելու համար կը սահմանեն քանի մը օրէնքներ,- անոնց մեծ մասը ստոյգ իրենց իսկ ձեռքով ոչնչացուելով անհետացած է,- որոնց մէջ ոմանք ինչքան ալ փորձեն սքօղել կամ պատերազմական պայմաններ պատրուակելով արդարացնեն օսմանեան կառավարութեան ձեռնարկած բռնարարքները, միեւնոյն է, այս եւ նմանատիպ օրէնքներուն եւ հրահանգներուն ամբողջութիւնը անմարդկային դժխեմ գործողութիւններու իրականութիւն մը կը պարզէ, որ ոչ այլ ինչ է, քան ՙմարդկայնութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ՚ իրականացած պետական ծանրագոյն յանցագործութիւն մը:
Երիտթուրքերու յանցագործ գաղափարախօսութիւնը
Արդարեւ, պետական յանցագործութեան առաջնորդող ամենայն չարեաց թունաւոր արմատը արդէն ի սկզբանէ առկայ էր երիտթուրքերու գաղափարախօսութեան մէջ: Անոնք մանաւանդ Ա. Աշխարհարամարտի սկիզբը կը ներկայացնէին ՙտարամերժ հայրենասիրութեան՚ տեսակ մը, որ ամբողջապէս կը բացառէր Օսմանեան Կայսրութեան այլազգ, մասնաւորաբար ոչ-իսլամ ժողովուրդները` վերապահելով բոլոր մենաշնորհները միմիայն օսմանցի թուրք ժողովուրդին: Սոյնը յստակ արտայայտուած էր 11 Նոյեմբեր 1914 թուականի այն ելոյթին մէջ, ուր ի նպաստ պատերազմին խանդավառ կը տարափողուէր.
ՙՊէտք չէ մոռնանք, որ եթէ մենք մեր մասնակցութիւնը կը բերենք այս պատերազմին, այդ միայն մեզի սպառնացող վտանգէն փրկուելու համար չէ: Մենք կը հետապնդենք շատ աւելի կարեւոր նպատակ մը, որ մեր ազգային իտէալին իրականացումն է: Մեր ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքին ազգային իտէալը այն է, որ մենք պէտք է ոչնչացնենք թշնամին եւ հաստատենք բնական սհման մը, որ մեզի թոյլ կու տայ միաւորուելու նոյն ցեղի մեր եղբայրներուն հետ: Աւելին` մեր կրօնական աշխարհահայեացքը մեզի կը պատուիրէ ազատագրել իսլամական աշխարհը անհաւատներու գերիշխանութենէն… Մենք կը պայքարինք մեր հայրենիքին, մեր կրօնին եւ մեր ազգային իտէալներուն համար՚¥10¤:
Պետական յանցագործութիւն իրագործելու վտանգը նախօրօք առկայ էր երիտթուրքերու փանթուրանական եւ համաիսլամական հզօր կայսրութիւն մը ստեղծելու ծաւալապաշտական նկրտումներուն մէջ, որուն ՙբնական՚ սահմանները պիտի ընդլայնուէին անդրկովկասեան ամբողջ երկրամասով ու հասնէին մինչեւ Միջին Ասիոյ տափաստանները, ընդհուպ մինչեւ սահմանագիծը չինական պարիսպներուն: Այս գաղափարախօսութիւնը նաեւ այսօր հետեւողականօրէն կը պարզէ Թուրքիոյ ծաւալապաշտ ու յարձակողապաշտ քաղաքական նոյն իրավիճակը` փաստացի ցոյց տալով, որ ան երբեք հրաժարած չէ իր դարաւոր իտէալին իրականացումը հետապնդելէ` ըլլայ փանթուրանական հին թէ նոր կայսրութեան մը ստեղծելու անդիմադրելի մոլուցքէն:
ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
¥8¤ Հմմտ. Gottschlich J., Beihilfe zum VՓlkermord, Deutschlands Rolle bei der Vernichtung der Armenier, Freiburg, 2015, S. 311-312; Տե՛ս Սաֆրաստյան, Ռուբեն, նոյն տեղը, էջ 188:
¥9¤ Հմմտ. ՙՃակատամարտ՚, Երկուշաբթի, 13 Յունուար 1919, էջ 2:
¥10¤ Հմմտ. Ternon Y., ՙTabu Armenien, Geschichte eines VՓlkermords՚, Berlin, 1981, S. 151: