Թուականէս քառասուն օրեր առաջ կեանքէն հեռացաւ մանկավարժական 40 տարիներու վաստակով հարուստ, հայագիտական նիւթերու հմուտ ուսուցչուհի, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ քսանամեակ մը ծառայած ու անոր պայծառութեան համար իր մտային ու հոգեկան ուժերը ներդրած Օրդ. Լուսին Թապագեանը£
Oրդ. Լուսին իր կրթական առաջին քայլերը առած է Նոր Մարաշի Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ նախակրթարանին մէջ, որմէ ետք յաճախած է Հայ Աւետ. Գոլէճ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1953 թուականին£ Այդ տարիներուն կը զուգադիպէր Հայկազեան Գոլէճի հիմնադրութիւնըª 1955-56 տարեշրջանին, որուն առաջին ուսանողներէն կ՛ըլլայ Լուսին£ 1956-ին աւարտելով Սոֆոմոր դասարանը կը լծուի ուսուցչական ասպարէզիª նորաբաց ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Նազարեան վարժարանին մէջ դասաւանդելով հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ Հայցգեկեղեցւոյ պատմութիւն£
Տարիներ ետք ան կը վերադառնայ Հայկազեան Գոլէճ ամբողջացնելով իր համալսարանական կրթութիւնը, ուրկէ կը ստանայ Պսակաւոր Արուեստից (B.A.) տիտղոսը պատմութեան մէջ£ Իր պաշտօնավարութեան տարիներուն, բացի իր ուսուցչական պարտականութիւններէն, ան կը մասնակցի նաեւ դպրոցի վարչական գործունէութեան£ Մօտէն գործակցելով օրուան տնօրէնին հետ, անոնք միասնաբար կը կազմակերպէին աշակերտական եւ ծնողական ձեռնարկներ£ Շրջանաւարտից հանդիսութիւնները կը պատրաստուէին մեծ խնամքով եւ Օրդ. Լուսինª հանդիսավարը որպէս բոլոր աւարտական հանդէսներուն, իր նպաստը կը բերէր անոնց յաջողութեան£ Որպէս հայերէնի ուսուցչուհի, ան իր աշակերտներուն սիրցուց մայրենի լեզուն, անոնք կրցան տիրապետել հայերէնին, ինչպէս նաեւ քաջատեղեակ մնալով հայոց պատմութեան փառաւոր էջերուն ապրեցան ազգային հպարտութիւն£
Օրդ. Լուսինի պատրաստած սերունդները խոր հայրենասիրութեամբ տոգորուած կը վկայէին իրենց ուսուցչուհիին խորունկ հայրենասիրութեան եւ ազգային արժէքներու նկատմամբ ունեցած խոր հիացումին մասին£ Ան իր ուսանողները կը ներշնչէր հայրենիքի տեսլականով ու սրբազան պատգամով£ Իրենց հասունութեան տարիներուն ալ ուսանողները շարունակեցին ապրիլ միեւնոյն սկզբունքներով ու ջանացին փոխանցել իրենց ստացած հոգեկան ժառանգութիւնը իրենց զաւակներուն£
Օրդ. Լուսինի ընտանեկան միջավայրը մեծ դեր ունեցաւ իր մտային կազմաւորման մէջ£ Մայրը առաջինը եղաւ զինք քաջալերելու ընթերցանութեան մէջ ու մանուկ տարիքէն գիրքը դարձաւ իր երջանկութեան աղբիւրը£ Երէց եղբայրըª Յովհաննէս Թապագեան, ՀԲԸՄ-ի կրթական կեանքին հետ իր առնչութեամբ դարձաւ Պօղոս Կարմիրեան վարժարանի հիմնադիր տնօրէն քանի մը տասնամեակ£ Ան չափազանց հոգածու էր իր քրոջ ուսումնական եւ ակադեմական յառաջընթացով եւ յատկապէս կը քաջալերէր անոր ուսուցչական ասպարէզէն ներս ունեցած ներգրաւուածութիւնը£ Ան քրոջ ՙmentor՚-ն էր, առաջնորդ խորհրդատուն, որուն հանդէպ Լուսին պաշտամունքի հասնող սէր եւ յարգանք կը տածէր£
Օրդ. Լուսինի հետ իմ մօտիկ բարեկամական կապերս 70 տարիներու կեանք մը ունին, սկսելով Հայ Աւետ. Գոլէճէն մինչեւ Հայկազեան համալսարան£ Մայրըª Տիկ. Արուսեակը, ճանչցած եմ որպէս եկեղեցասէր եւ հոգեւոր կին առաջնորդ եւ քարոզիչ Հայ եկեղեցասիրաց համախմբումի ծառայութեան մէջ, որուն կ՛անդամակցէին մայրս, նաեւ մեծ քոյրս Հռիփսիմէն£ Ան ճանչցուած էր որպէս սրբակրօն կին, որ կը վայելէր յարգանք եւ ակնածանք մեր հաւաքականութեան մէջ£ Ամուսնութենէս երկար տարիներ ետք, երբ ունեցայ առաջին զաւակս Տիգրանը, փափաքեցանք ընտանեօք տանիլ զայն Արուսեակ քրոջ մօտª անոր աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու համար£ Օրդ. Լուսինին հետ մեր կապերը իրար հետ ամուր մնացած են նաեւ գաղութի մշակութային, կրթական, եկեղեցական եւ այլ ընկերային կառոյցներու ծիրին մէջ մեր ծաւալած գործունէութեան ընդմէջէն£ Պէպոյին հետ ամուսնութենէն ետք ալ շարունակուած է մեր գործակցութիւնը հասարակաց հետաքրքրութիւններուն գոհացում տուող գրական եւ գեղարուեստական նախաձեռնութիւններու կազմակերպութեամբ եւ գործուն մասնակցութեամբ£
Օրդ. Լուսին կրթական իր ծառայութենէն բացի կը կատարէր մտաւորական աշխատանք եւ հեղինակած էր երկու հատորներ յուշագրական բնոյթով£ ՙԱրմատներու Ձայնը՚ª 2005-ին եւ ՙԱնվերադարձ ճանապարհ՚ª 2011-ին£ Ան մաս կազմեց նաեւ Մարաշի հայրենակցական միութեան հրատարակութիւնը հանդիսացող Մարաշի պատմութեան նուիրուած հատորի խմբագրութեան£
Կրթական ասպարէզէն հանգստեան կոչուելէ ետք, Օրդ. Լուսին նուիրուեցաւ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ծառայութեան£ Պատկան մարմինները զինք ընդգրկեցին Ռուբինեան վարժարանի հոգաբարձութեան մէջ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի որպէս ատենադպիր£ Աւելի քան քսան տարիներ ան նուիրուեցաւ իր բազմապիսի ծառայութիւններով օգտակար հանդիսանալու եկեղեցւոյ եւ դպրոցին£ Տեղի ունեցած բոլոր ձեռնարկներու արձագանգն ու թղթակցութիւնները կը հասցնէր ՙԱրարատ՚ օրաթերթին եւ այլ մամուլի օրկաններուն օրը օրին£ Լիբանանահայութիւնը կանոնաւոր կերպով կրցաւ հետեւիլ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ եւ անոր հետ առնչուած մարմիններու գործունէութեան£ Եռուն էր պատկերուած կեանքը համախմբող եւ հոգեկան սնունդ բաշխող իրականութեամբ£ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 80-ամեակին նուիրուած հատորի հրատարակութեան համար Օրդ. Լուսին լծուեցաւ աշխատանքի£ Տէր Ղեւոնդին հետ գործակցաբար անոնք հաւաքագրեցին բոլոր անհրաժեշտ տուեալները գաղութիս գլխաւոր գրադարանները այցելելով, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տեղեակ անձերու հետ կատարուած հարցազրոյցներով£ Ագհատորը մեծ ընդունելութիւն գտաւ հանրութեան կողմէ, որմէ ետք սկսաւ պատրաստուիլ Բգհատորը£ Մօտիկ ապագային ան հրատարակութեան կը յանձնուիª նոր լոյս սփռելով եկեղեցւոյ կեանքին ու գործունէութեան վրայ£
Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ կ՛իյնայ նաեւ Օրդ. Լուսինի նախաձեռնութիւնը հանդիսացող Կիրակնօրեայ վարժարանի հիմնադրութիւնը Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովանիին տակ, գործակցութեամբ թաղի բնակիչ ճարտարապետ Վարդան Ինկիլիզեանի£ Զարմանալի չէր, որ ան դեռ 60-ական թուականներուն կը խիզախէր նման քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի մը հիմնադրութեան£ Օրդ. Լուսին իր մօր շունչին տակ դաստիարակուած էր սիրելու մեր Մայր եկեղեցին, անոր ծէսերը շարականները, աւանդութիւնները£ Այդ սէրն ու ոգին կը փոխանցէր իր աշակերտներուն, գործակիցներուն եւ իրեն մօտ գտնուող հարազատներուն ու բարեկամներուն£ Օրդ. Լուսին Հայցգեկեղեցւոյ կեանքով կը շնչէր եւ այդ ներշնչումով մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը£
Օրդ. Լուսինի դերակատարութիւնը յատկանշական էր նաեւ եկեղեցւոյ ներքին կառոյցի սահուն փոխյարաբերութիւններու մշակման ու պահպանման տեսակէտէն£ Նախ երիտասարդ Տէր Ղեւոնդ քահանայ Լօշխաճեանի ընտելացումը Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան, Տիկնանց օժանդակին, դպրաց եւ սարկաւագաց դասին, հաւատացեալներուն եւ եկեղեցւոյ բարերարներուն հետ առաջնահերթութիւն էր£ Օրդ. Լուսին կրցաւ հաւասարակշռել այդ բոլոր յարաբերութիւնները եւ գործակցութեան շատ բաղձալի մակարդակով հասնիլ լաւագոյն արդիւնքներու£ Եկեղեցին ապրեցաւ բարգաւաճ օրեր բազմամարդ եւ աշխոյժ հաւատացեալներու միասնական որպէս կառոյց£
Ազգային, մշակութային, եկեղեցական, կնոջական կազմակերպութիւններու մէջ Օրդ. Լուսին կը գրաւէր իր կարեւոր տեղը£ Աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած է Թէքէեան մշակութային միութեան ՀԵԸ-ի, Էջմիածնայ Կրօնասէր տիկնանց համախմբումին եւ այլ կազմակերպութիւններու մէջ£ Ան համոզումով կը մասնակցէր անոնց գործունէութեան եւ կու տար իր լաւագոյնը նախանձախնդրութեամբ եւ մեծ սիրով£ Իր եզակի գործունէութիւնը լիբանանահայ գաղութէն ներս արժանացաւ համապատասխան գնահատանքի£
Մայիս 1993 թուին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Արամ Արք. Քէշիշեանի կողմէ լիբանանահայութեան ծառայած վաստակաւոր կրթական մշակներու Գիր Օրհնութեան եւ Գնահատանքի տուչութիւնը տեղի ունեցաւ, որոնց կարգին պարգեւատրուեցաւ Օրդ. Լուսին Թապագեանը£
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով, Օրդ. Լուսին Թապագեան կը պարգեւատրուի իր կրթական 25-ամեայ նուիրեալ ծառայութեան համար 15 Ապրիլ 1986 թուականին£
Մայիս 2006-ին Օրդ. Լուսին Թապագեան կ՛արժանանայ երախտագիտութեան գիրի Մարաշի հայրենակցական միութեան կողմէ£
Էջմիածնայ Կրօնասէր տիկնանց համախմբումին առաջարկով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի Օրհնութեան եւ Գնահատանքի գիրին կ՛արժանանայ Օրդ. Լուսին Թապագեան որպէս անդամարշաւի ախոյեան երեք տասնամեակէ աւելի անդամուհիներու համախմբման միանալու աշխատանքը պատուով կատարելու համար, 2012 թուականին£
Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի կողմէ գնահատագիր Օրդ. Լուսին Թապագեանինª Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ծառայութեան համար, որպէս թաղականութեան անդամ եւ Տիկնանցի խորհրդատու, 2016 Դեկտեմբերին£
Գնահատագիր Օրդ. Լուսին Թապագեանին Հայ Աւետ. Գոլէճի տնօրէնութենէն իր կրթական վաստակին որպէս գնահատութիւն իր շրջանաւարտութեան 66-րդ տարեդարձին առիթով, 2019ին£
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան բարձր գնահատանքը Օրդ. Լուսին Թապագեանին, Յունիս 2022-ին£
Օրդ. Լուսին տպաւորած էր իր շրջապատը, նախ իր մարդկային արժանիքներով£ Ան իր փխրուն հոգիով հիւանդին, ծերին, չքաւորին ու լքուածին հանդէպ կարեկից կեցուածքով օրհնութիւն էր թաղին մէջ, հասնելով շատ-շատերու կարիքներու բաւարարման£ Ան տէրհօր եւ տիկնանցի կարգ մը անդամուհիներու հետ կ՛այցելէր բոլոր անոնց, որոնք պէտք ունէին օժանդակութեան եւ խնամքի£ Նոյնիսկ վերջին 4 տարիներու իր առողջական տկար վիճակին մէջ չէր մոռնար այդ կարիքաւորները եւ կը խնդրէր Տէր հօրմէն եւ կիկնանցէն անպայման այցելելու զանոնք եւ հասցնելու անհրաժեշտ օգնութիւն£
Ասպարէզի իր կեանքին մէջ ան յատկանշուած է իր անհուն բարութեամբ, գործակիցներու հանդէպ սիրոյ, գուրգուրանքի, զօրակցութեան կեցուածքներով եւ աշակերտներու հանդէպ անբացատրելի սիրով£ Ան կը յիշեր բոլոր աշակերտները անուններով եւ բնաւորութեան գծերով£ Անոնց արձանագրած յաջողութիւնները իր հպարտութիւնը կը կազմէին£ Օրդ. Լուսին հաւատարիմ էր իր բարեկամուհիներուն հանդէպ որոնք 50-էն 60 տարիներու անցեալէ մը կու գան£ Ամենայն քաջութեամբ կը պաշտպանէր զանոնք եւ կ՛ընէր իր կարելին զանոնք հանրային գնահատութեան արժանացնելու համար£
Օրդ. Լուսին Թապագեան իր կեանքի լիութեան մէջ հրաժեշտ տուաւ այս կեանքէն աստուածահաճոյ, ազգանուէր եւ բազմարդիւն տարիներու վաստակով հարուստ£ Իր ազնիւ հոգիին արտայայտութիւնը հանդիսացող խօսքերն ու արարքները երկար պիտի յիշուին բոլոր անոնց կողմէ, որոնք ապրեցան իր մտերմութեան մէջ£ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ամբողջ կազմըª իր քահանայով, թաղականութեամբ եւ տիկնանցով, իրեն թիկունք հանդիսացան ու անմիջական ընտանեկան հարազատներու բացակայութեան դարձան զինք շրջապատող սիրոյ բոյնը, գործակցութեամբ սրտամօտ եւ հոգածու կազմակերպութեանց առաջնորդ դէմքերու£
Օրհնեալ ըլլայ Օրդ. Լուսին Թապագեանի յիշատակը£
Իր վաստակին հանդէպ
հիացմունքով ու ջերմ
գնահատանքովª
ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ