Ճիշդ քառասուն օրեր առաջ, վաստակաշատ երկարամեայ ուսուցչուհի Օրդ. Լուսին Թապագեան յաւիտեանս մեկնեցաւ այս աշխարհէն£
Այսպիսով փակուեցաւ կեանքի պատմութիւնը եռանդով լի, երկար տարիներ հայ դպրոցին ու հայ աշակերտին իր կեանքը նուիրաբերած մանկավարժուհիի մը, որուն իմացական ողջ կեանքը եղած էր ճամբորդութիւն մըª հայ դպրութեան ջահէն արձակուող լոյսը տարածելու սերունդներու միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ£
Այս ամառ Օրդ. Լուսին Թապագեանին հետ անցուցի մտերմիկ ժամեր, որոնք ինծի համար կարեւոր նշանակութիւն ունին£ Երկար կը զրուցէինք տարբեր նիւթերու շուրջ£ Կր պատմէր անցեալէն, իր ընտանեկան քաղցր յուշերէն, ուսուցչական ասպարէզի փորձառութենէն, միութենական կեանքէն, ճանապարհորդական յուշերէն եւ այլն…
Օրդ. Լուսին գոհ եղած էր իր կեանքէն, պտըտած էր երկիրներ, նամանաւանդ իր իսկական աչքերով տեսած էր Արեւմտեան Հայաստանը եւ վայելած էր իր հայրենիքը£
Ճամբորդութիւններու ժամանակ բարեկամութիւններ հաստատած էր եւ մտերմացած հրաշալի անձերու հետ. իր կեանքի վերջին օրերուն տակաւին կը շարունակէր իր կապը պահել անոնց հետ£
Վերջին տարին Օրդ. Լուսին բարեկամուհիներու, լաւ զրուցակիցներու կը սպասէր, երբ իր առողջական վիճակը ծանրացած էր եւ ալ չէր կրնան տունէն դուրս գալ£ Ան յաճախ կը գանգատէր, որ այլեւս չէր կրնար գիրք կարդալ, որովհետեւ ներքին մտահոգութիւն մը ունէր եւ իր վիճակէն դժգոհ էր£
Ժպիտ մը կը նկատէի դէմքին, երբ քովը այցելէի£ Ինքզինքս յանցաւոր կը նկատէի, երբ քովը ուշացած երթայի, գիտէի պիտի ըսէր. ՙՈ՞ւր ես, աղջիկ դուն՚, ապա կը ծիծաղէր£ Նիւթերը կը սկսէին, աւելի շատ անցեալէն կը պատմէր, որովհետեւ հոն կար քաղցր յուշեր£
Իր պատմածներուն մէջէն, Օրդ. Լուսինի համար Հայկազեան համալսարանի 50-ամեակի տօնակատարութեան օրըª անմոռանալի էր£ Իսկապէս երբ կը խօսէր այդ մասին, կը զգայի թէ ամբողջ մարմնով կը դողար. (Ան օրին իր ապրումներն ու զգացումները արտայայտած էր ՙՅՈՒԶՈՒՄ ԹԷ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ՚ յօդուածին մէջ)£
Ան փափաքած էր, որ կարդայի իր այդ յօդուածը£
Օր մը իր փափաքին համաձայն, այդ յօդուածը ընթերցեցի, տպեցի եւ մօտս պահեցի£
Այսօր մեր շատ սիրելի Օրդ. Լուսինը արդէն յաւերժի ճամբորդ է, սակայն մեզմէ միայն մարմնով հեռացած է, ուստի բոլոր զինք ճանչցողներուն յիշողութեան մէջ ան պիտի ապրի որպէս ընտանիքի հարազատ անդամ, բարեկամուհի, դաստիարակ, ուսուցչուհի, եկեղեցասէր, հայրենասէր, ընթերցասէր:
Այսօր վերստին կարդանք ՙՅՈՒԶՈՒՄ ԹԷ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ՚ յօդուածը, որպէսզի զինք յիշենք ու յարգենք£
ՅՈՒԶՈՒՄ ԹԷ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
ՙՀայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան կողմէ, Տիկ. Պէքարեանի միջոցաւ, Հայկազեան համալսարանի 50-ամեակի տօնակատարութեան առիթով հրաւէր կը ստանամ եւ քանի մը վարկեանի հաճելի զրոյցէ ետք կ՛ընդառաջեմ հրաւէրին£
Երկուշաբթի կէսօրին գացի Հայ Աւետ. Գոլէճի հանդիսասրահը£ Արդէն սրահը լեցուն էր հիւրերով£ Մեծ թիւով ուսանողներ, դասախօսներ, պետական հիւրեր, մամլոյ ներկայացուցիչներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Պրն. Արեգ Յովհաննիսեան, շրջանաւարտներ, տնօրէններ ուսուցիչներ£ Իսկ բեմին վրան էին համալսարանի յարգարժան նախագահ տնօրէն Վեր. Փօլ Հայտոսթեան, հոգեւոր տեսուչ Վեր. Նշան Պագալեան, փոխատենապետ Հայկազեան խնամակալ մարմնին, Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ հովիւ Վեր. Սվաճեան, Դոկտ. Արտա Էքմէքճիª արուեստներու եւ գիտութիւններու տնօրէնուհին, Պրն. Ա. Տաքէսեան եւ ուսանող Ապտըլ Խալըք£
Պրն. Փօլ Եագուպեան դիմաւորեց զիս ու առջեւ առաջնորդեց£ Փորձեցի մերժել, սակայն Տիկ. Պէքարեան մօտենալով ինծի ըսաւգ առաջին շարք պէտք է նստիք, այդպէս որոշուած է, փորձեցի զինք եւս մերժել, սակայն ի զուր էր եւ նստեցուց… Յայտագիրը գործադրուեցաւ շատ արագ եւ հաճելի£ Լիբանանի քայլերգին յաջորդեցին Վեր. Պագալեանի աղօթքը եւ Վեր. Ռ. Սարգիսեանի յայտարարութիւնը 50-ամեակի տօնակատարութեան բացումի: Դոկտ. Արտա Էքմէքճի շատ հետաքրքրական ձեւով դրուատումը ըրաւ ազնուամեծար բարերարներու Պրն. Ա. Հայկազեանի եւ Պրն. Մեխակեանի նուիրատուութեամբ համալսարանի հիմնուելուն առիթով անոնց տեսլականին£ Եղեռնէն վերապրող հաճընցի ընտանիքի զաւակ Պրն. Հայկազեան ուսումնատենչ, հայասէր ու ազգասէր հայու հաւատքով լեցուն հայ մարդը փափաքած էր Լիբանանի մէջ գոլէճ հիմնել, որուն դռները բացուէին բոլոր հայորդիներուն եւ օտարներուն£ Եւ այդ իրականացաւ 1955-ին£ Եկեղեցւոյ կողքին բացուեցաւ գոլէճը. 2 դասարանովª Freshmen եւ Sophomore£ Հոգեկան մեծ ուրախութիւն էր£ Հայը յարատեւելու, ապրելու եւ յաջողութեան յաղթանակի արդար իրաւունքի տէրը ըլլալու փարոս մը ունեցած էր£
Ապտըլ Խալէք նշեց Հայկազեանի կարեւոր դերը Լիբանանի կրթական կեանքին մէջ, հրաւիրեց բոլոր ուսանողները Հայկազեանի հետ ըլլալուª օգտուելու համար անոր ընձեռած բոլոր առիթներէն£
Դոկտ. Ֆէտի Ասրաուի, առեւտրական վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան դպրոցի տնօրէնը, յիշեց 1962-67 տարեշրջաններուն Հայկազեանի արձակած հռթիրներուն ընկերութիւնըգ լիբանանեան բանակին հետ արձակած էր հռթիրներ£ Այս մասին խօսեցան հրամանատար Եուսուֆ Ուահպէն£ Օրուան հիւրն ու գլխաւոր բանախօսն էր մամլոյ սենտիքայի նախագահ Պրն. Մոհամէտ Պաալպաքին£ Ան բարձր գնահատանքը ըրաւ համալսարանինª Լիբանանի կրթական կեանքին մէջ ունեցած անոր դերով£ Այս առթիւ ան պարգեւատրուեցաւ արծաթեայ յուշանուէրով£
Հայկազեանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փ. Հայտոսթեան խօսեցաւ բարերարներու մասին£ Ապա ըսաւ կ՛ուզենք պատուել 3 անձեր, որոնք արժանի են շնորհաւորանքի£
Առաջինը Տիկ. Մաթոսեանն էր, առաջին տիկինը, որ հիմնած էր Տիկնանց յանձնախումբ, երկրորդ անձըª 1955-ի առաջին ուսանողներէն էր, երրորդ անձը ես էի£
Տնօրէն Վեր. Փ. Հայտոսթեան անունս տուաւ որպէս 1956-ի Sophomore-ի առաջին շրջանաւարտուհիներէն£
Շատ յուզուած էի£ Յուզում թէ հպարտութիւն£ Կը դողայի, աչքերէս արցունքը կ՛իջնէր£ Կը շնորհաւորէին զիս բոլորը, համբուրելով, ձեռնուելով, ջերմագին մաղթանքներով£ Հայտոսթեան եւ ազնիւ Տիկ. Պէքարեան զիս առաջնորդեցին Մաթոսեան սրահ, ուր կար 50-ամեակի արխիւներու ցուցադրութիւն եւ հիւրասիրութիւն£
Յուզուած էի, բայց առաւել հպարտ իմ համալսարանովª Հայկազեանով՚£
Օրդ. Լուսին համալսարանական ուսումը շարունակելովª Հայկազեան համալսարանէն վկայուած է B.A. պատմութեան ճիւղին մէջ, ստացած է Normal Diploma. հետեւած է նաեւ հայագիտութեան£
Յիշատակդ անթառամ մնայ, Օրդ. Լուսին Թապագեան:
Քեզ միշտ յարգողª
ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ ԱՍՄԻՆԵԱՆ