Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՙԱՆՎԵՐԱԴԱՐՁ ՃԱՆԱՊԱՐՀ՚-Ի ՈՒՂԵՒՈՐԸ

May 1, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Յօդուածներ
0
  ՙԱՆՎԵՐԱԴԱՐՁ ՃԱՆԱՊԱՐՀ՚-Ի ՈՒՂԵՒՈՐԸ

 

 

Մարաշցի տարագիրներու ծնունդ, իր պատկանելիութեամբ հպարտացող, հայրենիքի թէ՛ սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ քաջածանօթ Օրդ. Լուսին Թապագեան, իր երկնային կեանքին հրաժեշտ տուաւ շուրջ քառասուն օրեր առաջ:

 

ՙՄարաշ քաղաք, մեր հայրենիք,

Քաղցր անմոռաց քու յիշատակ

Պիտի մնայ միշտ կենդանի

Որդիներուդ կուրծքերուն տակ՚:

 

Մարաշցիներու քայլերգի բառերուն հարազատ շունչով ապրեցաւ Օրդ. Լուսինը: Մարաշի Հայրենակցական Միութեան բոլոր նախաձեռնութիւններով կը հպարտանար: Յատկապէս Միութեան օրացոյցը անպայման իր սենեակը պիտի զարդարէր: Անհուն խանդաղատանքով կը յիշէր Կիլիկիա, Մուսա լեռ, Արեւմտեան Հայաստան ուխտագնացութիւնները: Այդ մասին ալ գրեց իր առաջին գիրքըª ՙԱնվերադարձ Ճանապարհ՚: Մեր ժողովուրդին աւանդութիւնները, ձեռագործները, տօնական օրերու նշանակութիւնները մանրամասնօրէն սերտած էր եւ կը պարծենար Հայոց պատմութեան փայլուն էջերով:

Իր սերունդի այն քիչերէն էր, որ համալսարանական ուսում ստացած էր: Մեծ գոհունակութեամբ եւ յարգանքով կը յիշէր այն նուիրեալներու անունները, որոնք առիթ ընձեռած էին իր դժուար պայմաններուն մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու: Սրտին մէկ գողտրիկ կողմը անսահման սէր պահած էր Հայ Աւետարանական Գոլէճի եւ Հայկազեան Համալսարանի այդ օրերու եւ ներկայ տնօրէններուն եւ հովիւներուն, որոնք իր երազը իրականութիւն դարձնելու հնարաւորութիւն ստեղծած էին: Կը յիշէր Փրոֆ. Գէորգ Խրլոբեանը, Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը, եւ յատկապէս անհուն հիացմունքով կը գնահատէր Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի ցուցաբերած յարգանքը հայ ուսուցիչին նկատմամբ:

Երիտասարդական աւիւնով առլի Օրդ. Լուսինը հայրենասիրական ջերմ զգացումներով, գաղափարական  յստակ ուղեգիծով, տարիներ շարունակ համակ նուիրումով ծառայեց հայ դպրոցին, մանուկներու հոգիներուն մէջ վառ պահելով հայրենիքի եւ հայոց լեզուի ջահը: Մեսրոպեան ամէն մէկ տառին նկատմամբ ցուցաբերեց խոր յարգանք, ջատագովեց մեր մայրենին եւ եղաւ անոր բծախնդիր պահապանը:

Աւելի քան քառասուն տարի ծառայեց ՀԲԸՄ-ի Լ. Կ. Նազարեան նախակրթարանին մէջ: Հպարտ էր բարերարներու ընտանիքով, անցած տնօրէններով, իսկ աշակերտներու փաղանգը կը կազմէր իր էութիւնը եւ հոգին ջերմացնող կայծը: Գիտէր գրեթէ բոլորը, կը հետեւէր անոնց յաջողութիւններուն, կը դիմէր շատերուն, որ իրենք ալ իրենց կարգին օգնեն դպրոցին կամ աշակերտներուն:

Անհուն սիրով եւ հաւատարմութեամբ  ծառայեց ՀԲԸՄիութեան, ՀԵԸնկերակցութեան եւ ՌԱԿուսակցութեան ու ԹՄՄիութեան:

Իր երկրորդ գիրքըª ՙԱրմատներուն Կանչը՚ հրատարակուեցաւ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան կողմէ: Մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ ներկայացաւ այդ առթիւ կազմակերպուած գինեձօնին:

Օրդ. Լուսինը վերջին տասնամեակին անշեղօրէն նուիրուեցաւ նախ Ռուբինեան վարժարանին, որպէս հոգաբարձու, ապա Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիին, որպէս թաղական: Եկեղեցւոյ նորանշանակ Տէր Ղեւոնդ Քհնյ. Լօշխաճեանի հետ միասնաբար պրպտումներ կատարեցին եւ եկեղեցիի 80-ամեակին առթիւ լոյս տեսաւ Յուշամատեանը:  Վարչական, կազմակերպչական եւ լրագրողական տարբեր միջոցներով զօրավիգ կանգնեցաւ եկեղեցիի բարեզարդման եւ աշխուժացման աշխատանքներուն:

Վերջին տարիներուն, երբ արդէն անկողինէն ելլելու դժուարութիւն ունեցաւ, մնաց նոյնը, միտքը արթուն: Միշտ պարծանքով կը յիշէր իր հարազատները, որոնք կ’ապրէին ովկիանոսէն անդին:

Բայց իր շրջապատը բնաւ զինք առանձին չձգեց, յատկապէս իր սաներէն Անի Պասմաճեանը, որուն բացարձակ խնամքին արժանացաւ մինչեւ իր վերջին շունչը: Նաեւ վայելեց Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի ընկերական հոգատարութիւնը:

Ընտանիք չկազմեց, բայց իր եղբայրներուն եւ քրոջ զաւակներուն սէրը վայելեց, եւ փոխադարձաբար: Ափսոս որ պայմաններու բերումով ան թաղուեցաւ հարազատներու բացակայութեամբ, բայց իր մօրª  բարեպաշտ Տիկ. Արուսեակի կողքին:

Հայու ճակատագրով սկսաւ եւ նոյն ճակատագրով աւարտեցաւ Օրդ. Լուսինին կեանքի պատմութիւնը:

Հանգիստ իր յոգնաբեկ հոգիին:

 

ՌՈԶԷԹ ԱԼԵՄԵԱՆ ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ

Next Post

    ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ  ՕՐԴ. ԼՈՒՍԻՆԸ

Next Post
    ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ  ՕՐԴ. ԼՈՒՍԻՆԸ

    ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ  ՕՐԴ. ԼՈՒՍԻՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ՔԱՍԷՄ. ՙԻՍՐԱՅԷԼԷՆ ՉԵՆՔ ՎԱԽՆԱՐ՚

ՔԱՍԷՄ. ՙԻՍՐԱՅԷԼԷՆ ՉԵՆՔ ՎԱԽՆԱՐ՚

November 17, 2023
ԿՐԱԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԿՈՉԵՐ

ԿՐԱԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԿՈՉԵՐ

November 17, 2023
ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ՙՇԻՖԱԱ՚ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ՙՇԻՖԱԱ՚ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

November 17, 2023
ՓԼԱՆՇԵԴՆԵՐՈՒ ԵՒ QR ՔՈՏԵՐՈՒ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸª ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

ՓԼԱՆՇԵԴՆԵՐՈՒ ԵՒ QR ՔՈՏԵՐՈՒ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸª ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

November 10, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.