ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՎԱՍՏԱԿ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ ՕՐԴ. ԼՈՒՍԻՆ ԹԱՊԱԳԵԱՆԻ ԱՆՄԵՌ ՈՒ ՊԱՅԾԱՌ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
22 Մարտ 2023-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, այսինքնª իր շիջումէն մէկ ժամ ետք, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դիմատետրի էջին վրայ եկեղեցւոյ հովիւինª Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Լօշխաճեանի հետ նկարուած յիշատակի նկարին տեղադրումը երբ անսպասելիօրէն գրաւեց ուշադրութիւնս, շուրջ կէսդարեայ կեանքի մը ոդիսականը րոպէի մը մէջ խտացած յայտնուեցաւ իմ մտապաստառին ու ալեկոծեց հոգիսª սիրտիս բերելով անցելայուշ, անապական յուզմանց փղձկումը մանկութեանս երջանիկ ու անհոգ տարիներու, որոնք հիմա զիս պիտի առնէին խոկումներու յորձանքի մէջª մահուան վարժութիւնը մերժել ունենալու փաստի առաջ, որ դառն փաստ է արդէն, անխուսանաւելի իրողութիւն:
Հ.Բ.Ը.Միութեան Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի հիմնադրութեան թուականէն (1962) հայերէնի ու հայոց պատմութեան մեծավաստակ ուսուցչուհի ան, սերունդներու բազմարդիւն դաստիարակ Օրդ. Լուսին Թապագեանը (Պէյրութ, 7 Յուլիս 1934 – Պէյրութ, 22 Մարտ 2023) մինչեւ իր պաշտօնէն կասեցուիլըª 2001 թուականին, շուրջ 40 տարի, պատրաստեր էր բանակ մը բիւրաւոր աշակերտ-աշակերտներու, որոնց աշխարհով մէկ արձանագրած յաջողութիւններով ան ինքզինք կը զգար անչա՛փ հարուստ ու երջանիկ, որ կարող կ’ըլլար յաճախ փարատել իր ներքին լուռ ցաւերը, որոնք կը ճնշէին զինք իր առանձնութեան պահերուն. պահերª որ խորքին մէջ եղան անվերադարձ ճանապարհ ու քաղցր, այլեւª տխուր պատմութիւն…
Մեր վերջին հանդիպման ժամերը Օրդ. Թապագեանի բնակարանին մէջ ընկլուզած են ոչ-հեռաւորª անցած 17 Փետրուարի իրիկուան մէջ, մինչ կը պատրաստուէի յաջորդ առաւօտ կանուխ մեկնիլ Երեւանª Պէյրութ իմ կատարած հերթական կարճատեւ այցելութենէ ետք: Բայց այս անգամ ան երկար պահեց զիս իր քովª խօսելու Հայաստանի ու Արցախի իրավիճակին մասին. միւս կողմէ մանկան պէս կը հրճուէր Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէն տպագիր առաջին թերթինª ՙԱղթամար՚ի ծաւալած գրական, մշակութային գործունէութիւններն ու անոր նոր ծրագիրներուն մասին թարմ լուրերը քաղելով, միշտ դէմքին վրայ պահելով թախծաթուրմ այն շեշտը, որ ատակ է ըմբռնելու առանձնութենէն յառաջանալիք սքօղուած սարսուռը: Շուրջ երկու ժամ զրուցելէ ետք, իմ մեկնումի պահուն աղաչական շեշտով դիմեց. ՙՔիչ մըն ալ նստիր, խօսինք, յաջորդ գալուդ հաւանաբար… զիս չգտնես …՚: Ու սրբեց աչքերը…: Յետոյ յուշիկ ինծի երկարեց թուղթերու վրայ արձանագրած իր ՙկարապի երգ՚ըª ՙՀարուստ Եմ՚ խորագրով յօդուածը, որ լոյս տեսաւ թերթիս նախորդ թիւին մէջ եւ սակայն, ափսո՜ս, ան չվայելեց իմ ընթերցմամբ իր յօդուածին լոյսի բարիքին գալը: Չուշացաւ մահը, որուն դոփիւններերը իրեն լսելի դարձած էին իր ներաշխարհին մէջ…:
Օրդ. Լուսին Թապագեանը անշշուկ հեռացաւ մեր աշխարհէնª իր ցաւին ու արդար ցասումի սուինները սիրտին, առանց հասնելու զանոնք հանել եւ ուղղել անոնց, որոնք երկար տարիներ արիւնեցին իր սիրտը: Հրաժեշտ տուաւ մեզի, տասնամեակներ իր բազմաշխատ կրթանուէր կեանքին դիմացª իր գնահատմամբª իր ՙերախտամոռ Միութեան՚ հանդէպ խոր ցաւը իր հոգիին մէջ օրօրելէն: Միութիւն, որ այդպէս ալ չգնահատեց իր մեծավաստակ կրթական մշակըª նոյնիսկ մահուան սնարին գտնուած օրերուն, կեանքին վերջին շրջանին…:
Իրաւացի էր հայրենի վաղամեռիկ, անուանի գրող Վարդգէս Պետրոսեանը (1932 – 1994), ՙՎերջին Ուսուցիչը՚, ՙՀայկական Էսքիզներ՚, ՙՄենաւոր Ընկուզենի՚, ՙԿրակէ Շապիկ՚ երկերու հեղինակը, որ համարձակած էր գրել իր կենդանութեան, թէ ՙմարդն իր կեանքի ամէն մի օրը պիտի ապրի այնպէս, ասես վերջին օրն է. պիտի հասցնի սրիկային ասելու, որ նա սրիկա՛ է, պիտի հասցնի ատե՛լ, սիրե՛լ, հաւատա՛լ, վաղը կարող է ուշ լինի՚: Արդեօք հասցո՞ւց ընել այդ բոլորը նո՛յն Վարդգէս Պետրոսեանը, որուն կեանքին թելը փրթաւ անժամանակ մահով:
Հայրենի ականաւոր այլ գրող ու թատերագիր մըª Արամաշոտ Պապայեանը (1911 – 1998), իր մէկ երգիծախառն թատրերգութեամբª ՙԳնա՛ Մեռի, Արի Սիրեմ՚, հայրենի թատրոնի երգիծական ժանրըª Պարոնեանի, Օտեանի, Լեռ Կամսարի շարքին, բարձրացուց ու հասցուց նոր որակի: Եւ ոչ միայն յիշեալ կատակերգութիւնը: Լիբանանահայ հանդիսատեսին յիշողութեան մէջ դեռ վառ են մօտիկ անցեալի այն երանելի օրերը, երբ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.ի ղեկավարութիւնը հայրենի բեմադրիչ Երուանդ Ղազանչեանը հերթական անգամ հրաւիրեր էր Պէյրութ, ՙՎահրամ Փափազեան՚ թատերախումբի կազմով ներկայացնելու Պապայեանի յիշեալ կատակերգութիւնը: Սոյն կատակերգութիւնը ըմբոշխնած հանդիսատեսըª թատրոնի ճամբով, ականջալուր ու ականատես է եղած հայ իրականութեան մէջ դէպքերու, երբ երախտաշատ մարդը իր կեանքի ընթացքին երկար տարիներ անտեսումի մութին մէջ ապրելէ ետք, օր մըն ալ կամացուկ մը կը հեռանայ այս աշխարհէնª մահէ՛ն ետք միայն հանրութեան ՙժառանգելով երախտաշա՜տ ու արժանաւո՜ր հայորդի կամ հայորդուհի մը մ’ըլլալու շքանշաններ կամ պատուանշաններ…:
Արդարեւ, այս տեսակ ՙերախտաշատ կրթական մշակներու՚ շարքին անցաւ Օրդ. Լուսին Թապագեանըª յաչս այն Միութեան, որուն կրթօճախէն ներս տասնամեակներ ան նուիրուած, Հայու ոգի սնուցած, հայերէն եւ հայոց պատմութեան սիրուած ուսուցչուհի մը հանդիսացաւ:
Որպէս իր երբեմնի պայծառ աշակերտներէն մինª ինչպէս կը բնորոշէր անձս ամէնուրեք, շատ ուրախ էր, յատկապէս վերջին երեք տասնամեակներուն, որ իր հետ կը բաժնէի գրական, մշակութային, ազգային-հասարակական իրադարձութիւնները լիբանանահայ կեանքէն ներս, ունենալով զինքª ոչ որպէս աշակերտ, այլª հայ մամուլի եւ մշակութային դաշտը միասին կիսող անձ մը, փոխադարձ կարծիքներ փոխանակելով: Աւելին, ան մնաց մեր հրատարակած ՙԾաղիկ՚ գրական ու մշակութային հանդէսի մնայուն սիւնակագիրներէն մին, ամբողջ 18 տարի:
Մեր տեսակցութեան վերջին օրը, անխառն յուզումով կրկին ընդգծեց իր անհուն երախտագիտութիւնը Խալիլ Պատաուիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ արժանաւոր ու երիտասարդ հովիւինª Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Լօշխաճեանի հանդէպ, որուն մասնաւոր դասաւորումով, իր բնակարանէն ներս որոշ ժամանակէ մը ի վեր կը վայելէր յատուկ խնամատար օրիորդի մը նեցուկը: Ուրախ էր նաեւ, որ շրջապատուած էր գորովովը եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիներուն, եկեղեցւոյ թաղականութեան, որոնց յաճախակի այցելութիւնները իրենª իր կեանքը կը լեցնէին նոր շունչով ու յոյսով: Այն Տիկնանց յանձնախումբին, որուն ոչ միայն կարկառուն անդամուհիներէն էր ան վերջին աւելի քան քսան տարիներուն, այլª ժրաջան ատենադպրուհին, մամուլին խօսք ու յօդուած հասցնող գլխաւոր դէմքը: Աւելին, չմոռցաւ երախտագիտական ջերմ խօսքեր յայտնելու ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի պատասխանատուներուն ու Հնչակեան շրջանակին, որոնք յաճախ կը հեռաձայնէին կամ կ’այցելէին իրենª յայտնելով օժանդակելու իրենց պատրաստակամութիւնը, ամէն կարիքի:
Կրկնելով անցեալին իր կատարած խօսքերը, Օրդ. Թապագեանի երախտագիտական ու շնորհակալական խօսքերուն մէջ յատուկ տեղ գրաւեցին Միացեալ Նահանգներ ապրող հանգուցեալ իր երէց եղբօրª Յովհաննէս Թապագեանի (ՌԱԿ-ի ու ԹՄՄ-ի վաստակաշատ ղեկավար դէմքերէն մին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի երախտաշատ տնօրէն) տիկինըª Սոնա Թապագեանը, եղբօրորդինª Վարանդ Թապագեանը, իր հարազատներըª Մարօ Գույումճեանն ու երկու որդիները: Բաց աստի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանը, Մարաշի հայրենակցական միութեան ատենապետ եւ Պուրճ Համուտի թաղապետ Ժան Մոմճեանը, Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց անդամուհիներ, ՙBehaco՚ ընկերութեան տնօրէն Պրն. Յակոբ Մազլումեանը, տիկին Անի Պասմաճեանը եւ ուրիշներ, որոնք մնայուն կապի մէջ եղան հետը, իր թէ՛ ուրախ եւ թէ՛ անձուկ օրերուն:
Խօսելով գիրքերու հեղինակ Լուսին Թապագեանի մասին, ան հասաւ բծախնդիր աշխատանքով լոյս ընծայելու նախ ՙԱնվերադարձ Ճանապարհ՚ (2004) խորագրեալ իր երախայրիքը, այնուհետեւª ՙԱրմատներուն Ձայնը՚ (2011), ՙՄարաշի Տոհմածառը՚, ՙԽալիլ Պատաուիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Պատմութիւնը՚ (2014)ª եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 80-ամեակին (հիմնուածª 1934-ին) առիթով: Թապագեանին հետ, նշեալ վերջին գիրքին համահեղինակներն ենª եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Լօշխաճեանն ու սոյն տողերը ստորագրողը: Կը յիշեմ, ի՜նչ ոգեւորութեամբ լծուած այն օրերունª Օրդ. Թապագեանը, եկեղեցւոյ հովիւն ու ես իրականացուցինք լոյսի բարիքին բերելու գիրք մը, որ ունենալով հանդերձ որոշ բացթողումներ, այնուամենայնիւ ան կը համարուի կարեւոր ու արժէքաւոր հրատարակութիւն մը, լոյս սփռելով հետաքրքրական դրուագներ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ:
Օրդ. Թապագեանը չէր մոռնար յաճախ խօսելու ՙԱրմատներուն Ձայնը՚ խորագրեալ իր գիրքին մասին, որուն մեկենասութիւնը ատենին ստանձնեց ու լոյս ընծայեց Մարաշի հայրենակցական միութիւնը, այլ երկու գիրքերու առընթեր, 2016-ի Յունիսին, նոյն միութեան նորակառոյց սրահին մէջ, միշտ երախտապարտ մնալով իր հայրենակցական միութեան:
Պիտի ընդգծել, որ մարաշցի ծնողացª Մինաս Թապագեանի եւ Արուսեակ Ագըլեան-Թապագեանի յարկին տակ ծնած ու մեծցած Լուսին Թապագեան կրողն է աւանդապահ անձնաւորութիւններ եղող իր ծնողաց դաստիարակութեան,- հայասիրութիւն, հայրենասիրութիւն, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հանդէպ նուիրաբերում,- որոնք հոսեցան իր երակներէն մինչեւ իր ցաւագին մեկնումը այս աշխարհէն:
Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, Հայ Աւետարանական Գոլէճ, ապաª Հայկազեան Քոլէճ (իմաª Հայկազեան համալսարան) իր ուսումնառութեան ճանապարհինª հայ ժողովուրդի եւ ընդհանրապէս ազգաց պատմութեան մասին հարուստ գիտելիքներ ամբարած, Լուսին Թապագեան եղաւ ամբողջ սրտով ու հոգւով նուիրեալ առաքեալը հայ դպրոցին, հայ աշակերտին, պատրաստելով հոյլ մը մտաւորականներ ու պատուաբեր դիրքերու հասած անձնաւորութիւններª աշխարհի չորս ծագերուն:
Ու կարեւորագոյններէնª Օրդ. Թապագեանն ալ եղաւ թէքէեանապաշտ մը: Նոյն մեր վերջին հանդիպումին, երբ հարցուցի թէ ընդհանրապէս ի՞նչ կը մտածէ պառկելէ առաջª ըսաւ. ՙՎահան Թէքէեանի ՙՀաշուհարդար՚ բանաստեղծութիւնը՚: Ապա կատակելով եւ առինքնող ժպիտով մը աւելցուց. ՙԳիտե՞ս, Թէքէեանը սոյն բանաստեղծութիւնը գրած է յատուկ ինծի համար՚: Ու անգիր արտասանեց քերթուածին առաջին տունը.-
Հաշուեյարդար. ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մընաց.
Ինչ որ տըւի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն.
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց,
Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն…
Ու յուզուեցաւ նորէն…
Միւս կողմէ, տարակոյսէ վեր է, որ ՙԲանաստեղծութեան Իշխան՚ի ՙԵկեղեցին Հայկական՚ բանաստեղծութեամբ սքանչացածª պաշտամունքի հասնող սէրով Օրդ. Թապագեանի սիրտին մէջ միշտ բաբախեց երկնառաք ղօղանջները Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, ըլլալով մեր շարականները քաջ իմացող մը:
Այսպէս, կրկին հանդիպելու յոյսով հրաժեշտ տուի իմ շատ սիրելի ուսուցչուհիիսª Օրդ. Լուսին Թապագեանին, բայց աւա՜ղ, այդ յոյսը փակուեցաւ ՙվերջին մնաք բարովի իրիկուն՚ով, որ եղաւ գրական-մշակութային յուշերով լի ՙանվերադարձ իրիկուն՚…:
Խունկ եւ աղօթք, լո՜յս ու խաղաղութի՜ւն իր Հայու հոգիին:
Հանգիստª իր յոգնաբեկ աճիւններուն:
Իր թողած գործերն ու յիշատակները անմեռ են ու պիտի մնան յաւէտ վառ:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ