Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՄ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ

May 1, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Յօդուածներ
0
ԻՄ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ

 

 

Տասնմէկ տարիներ առաջ, երբ նշանակուեցայ Ռըմէյլի Սբ. Յարութիւն եկեղեցւոյ ծխատէր քահանայ, երկու-երեք օր անցª թաղականութիւն-տիկնանց փոխադարձ ծանօթութեան ընթացքին, ինծի մօտեցաւ բարձրահասակ ու նիհարակազմ, գեղադէմ օրիորդ մը, որ ձեռքին ունէր գրիչ մը եւ թուղթերու ծրար մը: Հարցումներու տարափ մը սկսաւ ուղղել ան ինծիª յայտնելով, որ քառասուն տարիներու ուսուցչուհի, կրթական մշակ Օրդ. Լուսին Թապագեանն է:

Պերճախօս էր ան եւ կը խօսէր ինքնավստահ: Համեստ անձնաւորութիւն մը, որուն արտասանած քաղցրահնչիւն բառերուն, նախադասութիւններուն մէջ կային խորիմաստ միտքեր: Այս ընթացքին է որ իմ մէջ արթնցաւ հետաքրքրութիւն Օրդ. Լուսինին հանդէպ: Ինքզինքս այնքան հանգիստ զգացի, որ առանց պաշտօնականութեան շարունակեցի զրոյցս իր հետ: Այդ օրէն Օրդ. Լուսին Թապագեանը դարձաւ իմ կեանքի ուսուցչուհին, բառին ամբողջական իմաստով:

Այսպէս սկսաւ սերտ ու հարազատ փոխյարաբերութիւնը մեր միջեւ: Իր մէջ մէկտեղուած էին նուիրական երկու առաքելութիւնª ուսուցչութիւն ու եկեղեցւոյ հանդէպ անսակարկ նուիրում:

Աստուածավախ եւ հոգեւոր մօր մը զաւակն ըլլալով, Օրդ. Լուսինը բնականաբար դաստիարակուած էր մօր շունչով եւ սնանած հոգեւոր աղօթքներով: Ան կը հաւատար, որ հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կ’ապրի նուիրումով: Մէկ խօսքովª Հայ առաքելական եկեղեգոյ հարազատ զաւակն էր ան: Քրիստոնէական սկզբունքներուն հաւատարիմª քաջածանօթ էր բոլոր ծէսերուն եւ ազգային աւանդութիւններուն: Լաւապէս իւրացուցած էր սուրբերու կեանքը եւ իւրաքանչիւր տօնի կամ առիթի կ’ընէր հետազօտութիւններª գրառելով կարեւոր կէտեր ու զանոնք փոխանցելով ինծի, որպէսզի ճիշդ պատգամ փոխանցեմ մեր հաւատացեալ հօտին:

Գիրքերու աշխարհը գրաւած էր հոգին Օրդ. Լուսինի, որուն ամէնօրեայ զբաղումն էր ընթերցանութիւնը: Ունէր սուր յիշողութիւն: Լաւ կը յիշէր իր բոլոր աշակերտներն ու աշակերտուհիները:

Եւ այսպէս, Օրդ. Թապագեան բծախնդրօրէն կը հետեւէր իմ հովուական գործունէութիւններուն: Իր կարեկցող, հոգատար ու բարեսիրտ ներկայութիւնը ոչ միայն ապահովութիւն կը ներշնչէր ինծի, այլ ամուր յենարան էր եկեղեցանուէր աշխատանքներուս համար: Շատ զգայուն սիրտ մըն էր ան ու չէր սիրեր միջամտել խօսակցութիւններու: Համբերատար հոգիով մտիկ կ’ընէր եւ յարմար մէկ պահին կը փոխանցէր իր կարծիքը: Մեծահոգի այս օրիորդը կ’ընդունէր բոլորը, կը ջանար սփոփել տանջուած սիրտերը ու լուծում գտնել մեծ սիրով եւ ազնուութեամբ:

Օրդ. Լուսինը մեզի տուաւ անշահախնդրօրէն, անսակարկ նուիրումով, ոչինչ խնայելով իր ժամանակէն: Մէկ խօսքովª բոլորանուէր դաստիարակի հոգի ունեցող անձնաւորութիւն մըն էր ան: Վերջապէս դառն ժպիտը դէմքին եւ Վահան Թէքէեանի ՙՀաշուեյարդար՚ը շուրթերունª հեռացաւ ան մեր աշխարհէն:

Սիրելի Օրդ. Լուսին, կը յիշեմ առաւօտեան մեր նախաճաշի շուրջ քաղցր զրոյցները: Սուրճի սեղանի շուրջ նստած կը խօսէինք թանկագին մօրդª Արուսեակ Ագըլեան-Թապագեանի գործերուն եւ հոգեւոր կեանքին մասին: Կը յիշեմ մեր հետաքրքրական զրոյցները ձեր եղբօրª տնօրէն Յովհաննէս Թապագեանի մասին, որ շրջանաւարտներէն էր Անթիլիասի Դպրեվանքին ու շարականագէտ մըն էր, նաեւ կրտսեր եղբայրդª Անդրանիկը, որ շապկագործ էր:

Մեծ խանդավառութեամբ կը պատմէիր պատմական Հայաստան կատարած այցելութիւնդª արկածախնդրութիւններով լի: Յուզումով կը յիշեմ հայոց պատմութեան, եկեղեցական շարականներու եւ այլ նիւթերը…

Ցտեսութիւն կ’ըսեմ քեզի, իմ կեանքի ուսուցիչ, աղօթքս բարձրացնելով առ Աստուած, որ երկնքի արքայութեան արժանի դարձնէ քու բարեսիրտ ու նուիրական հոգին: Կը խոստանամ հետեւիլ քու տուած խրատներուդ, ուղեցոյց հանդիսացող խորհուրդներուդ:

Այսօր չկաս դուն մեր մէջ եւ քու ֆիզիքական բացակայութիւնդ կը խռովէ սիրտս ու հոգիս, կը յուզէ զիս, սակայն երկնային զօրութիւն մը կը մեղմացնէ խոր կսկիծսª փսփսալով ականջիս. ՙՕրդ. Լուսինին հոգին լոյսերով է ողողուած եւ կը հանգչի խաղաղ, կ’ապրի անսահման ուրախութիւնª դրախտին մէջ յաւերժական՚:

 

 

 

Տ. ՂԵՒՈՆԴ ՔՀՆՅ. ԼՕՇԽԱՃԵԱՆ

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԵՌԱԿՈՂՄ ԺՈՂՈՎ

Next Post

ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ

Next Post
ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ

ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.