Ապրիլ 20-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է եռակողմ ժողով Հայաստանի, Հնդկաստանի եւ Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւններուն միջեւ:
Պատուիրակութիւնները գլխաւորած են Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանը, Իրանի ԱԳՆ Հարաւային Ասիոյ գլխաւոր վարչութեան պետ Սեյէտ Ռասուլ Մուսավին եւ Հնդկաստանի ԱԳՆ տարածքային գլխավոր վարչութեան պետ Ճիտենտէրր Պալ Սինկհը:
Ժողովին քննարկուած են քաղաքական, տնտեսական, տարածաշրջանային հաղորդակցային ուղիներու առնչուող հարցեր, նախանշուած են մշակութային եւ միջմարդկային կապերու խորացումին եւ տարբեր մարզերու եռակողմ համագործակցութեան հեռանկարները:
Կողմերը վստահեցուցած են, որ պիտի շարունակեն համագործակցութիւնը: