Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 53 ԱՆՁ Կ՛ԱՆՑՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՎ՚ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

April 19, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՙԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 53 ԱՆՁ Կ՛ԱՆՑՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՎ՚  ՓԱՇԻՆԵԱՆ

 

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ աւելի քան 53 անձ, այդ շարքին` բարձրաստիճան սպաներ, կ՛անցնին պետական դաւաճանութեան քրէական գործերով:

Վարչապետը այս մասին ըսաւ Ազգային ժողովին մէջ ՙՀայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագրի (2021-2026 թթ.) 2022 թուականի կատարման ընթացքի եւ արդիւնքներու մասին՚ զեկոյցի քննարկման ընթացքին` անդրադառնալով ՙՔաղաքացիական Պայմանագիր՚ խմբակցութեան պատգամաւոր Սոնա Ղազարեանի հարցումին:

Անդրադառնալով պատգամաւորին` ՙ5-րդ շարասիւպ՚ի վերաբերեալ հարցումին` Փաշինեան յայտնեց. ՙԱյս պահի դրութեամբ աւելի քան 53 անձ` մեծ մասը զինուորականներ, սպաներ, բարձրաստիճան սպաներ պետական դաւաճանութեան գործերով կ՛անցնին: Ին՞չ է պետական դաւաճանութիւնը: Այն է, որ մարդիկ իրենց դիրքերուն տեղերը գումարի դիմաց փոխանցած են հակառակորդին՚:

Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ պատերազմի ժամանակ իր ազգականներէն մէկը եկած է իր աշխատասենեակ ու ըսած, որ բարձրաստիճան սպաներէն մէկը զօրքին մէջ խուճապ կը տարածէ` ըսելով, որ վարչապետը ՙհողերը տուած է, անիմաստ է կռուիլը՚:

ՙՎերջերս ալ լրիւ պատահաբար կ՛իմանամ, որ ինչ-որ առիթով քրէական գործ յարուցուած է, ու այդ դրուագը հիմնաւորուելու շատ մեծ հնարաւորութիւն ունի՚, նշեց ան:

Այս իրավիճակով պայմանաւորուած` վարչապետին խօսքով` դատաիրաւական համակարգին մէջ գործընթացները դանդաղ, բայց ընթացքի մէջ են:

ՙՄեր նպատակը իրօք անկախ դատական համակարգ ունենալն է: Ասոր մէջ բացարձակ ձեւ, կեղծաւորութիւն չկայ: Իմ գնահատականս այն է, որ մենք կը շարժինք դէպի այդ, ընդ որում` ցաւոտ կերպով, որովհետեւ շատ պարագաներու հանրութիւնն ալ մեզ չի հասկնար, կ՛ըսէ` փոխանակ թոշակ բարձրացնենք, դատաւորին աշխատավա՞րձը կը բարձրացնէք՚: Բայց իմ համոզմունքս եղած է ու կը շարունակէ մնալ հետեւեալը` մենք դատաւորներուն, իրաւապահ համակարգին աշխատավարձը կը բարձրացնենք առաջին հերթին յանուն քաղաքացիներուն՚, ըսաւ վարչապետը:

Փաշինեան նաեւ վստահեցուց, որ անկեղծ կերպով կը շարունակեն պայքարը փտածութեան դէմ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆ ՈՒ ԱՄՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՓՈԽՏԵՂԱԿԱԼԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԽԱՆԻԶՄԻ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Next Post

ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ

Next Post

ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.